ԱՐԴԷՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները վճիռ արձակեցին՝ արդէն չորրորդ սրբազանը բանտարկելու համար. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան ճաղերու ետին է։ Երէկ, Նորին Սրբազնութիւնը Հայաստանի Քննչական կոմիտէի շէնքէն ներս ձերբակալուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) կողմէ։ Այս գործողութիւնը վրայ հասաւ, երբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գտնուի արտասահմանի մէջ։ ԱԱԾ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեանի ձերբակալումէն վերջ անմիջապէս դատական իշխանութիւններուն դիմում ներկայացուց, որպէսզի ան բանտարկուի։ Դատարանն ալ անմիջապէս ընթացք տուաւ ԱԱԾ-ի պահանջին եւ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան կալանաւորուեցաւ երկու ամսուան ժամկէտով։
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետը բանտարկուած է եօթ տարուայ վաղեմութեամբ կասկածի մը հետքով։ Նորին Սրբազնութեան փաստաբանը տեղեկացուց, որ պատկան իշխանութիւնները այժմ օրակարգի վրայ բերած են՝ 2018 թուականի յունիսին՝ Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականի պահանջով կազմակերպուած ցոյցերու ժամանակ պատահած իրադարձութեան մը վերաբերեալ պնդումներ։ Այսպէս, ցուցարարներէն մէկը վարկաբեկելու նպատակով Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան անոր պայուսակին մէջ թմրանիւթ դրած է։ Այդ պնդումը արդէն եօթ տարի անց ներկայիս կ՚օգտագործուի դիւանապետի ձերբակալման համար՝ երբ Հայաստանի իշխանութիւններու եկեղեցահալած քաղաքականութիւնը օրէ օր կ՚ահագնանայ եւ սիստեմաթիք ձեւով օղակը կը սեղմուի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին շուրջ։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ
Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ կառավարութեան երէկուան հերթական նիստէն վերջ յայտարարութիւններ ըրաւ ստեղծուած տագնապին շուրջ։ Վարչապետը նախօրօք յայտնած էր, որ յաչս իրեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կաթողիկոս չունի։ Ան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ շարունակեց Վեհափառ Հայրապետը ակնարկել անոր աւազանի անունով։
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Փաշինեան դիտել տուաւ, որ վերջին շաբաթներուն ինք կը մասնակցի կիրակնօրեայ պատարագներու, որոնց ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի անունը չի նշուիր։ Ան աւելցուց, որ այս խնդրանքը հոգեւորականներուն կը հասնի տարբեր միջոցներով՝ ներառեալ ԱԱԾ-ի աշխատակիցներ կամ այլ ծանօթներ։ Պատարագներու յիշատակութեան պահուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուան զեղչման պահանջը վարչապետը կը բացատրէ այն պարագայով, թէ ինք չի ճանչնար կաթողիկոսի հանգամանքը։
Փաշինեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ պնդեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծագոյն վնասը կը հասցնէ Վեհափառ Հայրապետի ներկայութիւնը։ Իր խօսքով՝ Նորին Սրբութիւնը կը գործէ եկեղեցւոյ դէմ։ Ստեղծուած է միջավայր մը՝ հակահոգեւոր եւ հակաեկեղեցական տրամաբանութեամբ։
Փաշինեան նախօրէին ալ Ազգային ժողովի ամպիոնէն ըսած էր հետեւեալը՝ պատասխանելով երեսփոխանի մը հարցման. «Ինձ պէտք չէ կաթողիկոս մը, որ ենթարկուի ինձ։ Ես բացարձակապէս նման նկրտումներ չունիմ։ Ինձ պէտք է կաթողիկոս, որ չենթարկուի օտարերկրեայ յատուկ ծառայութեան»։
Վարչապետը պնդեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Վեհափառ Հայրապետի օրօք վերածուած է աւերակներու։
Խօսք ուղղելով ընդդիմութեան՝ ան պնդեց. «Դուք չէք առերսուիր այն վիճակին հետ, երբ նեղ վերնախաւը միլիոնատէր է, այսօր քահանաներու զգալի մասը չքաւորութեան եզրին է»։
Միւս կողմէ, այս կիրակի, Փաշինեան պիտի մեկնի Կիւմրի, ուր Ս. Եօթվէրք Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի մասնակցի արարողութեան։ Այս կիրակի մեծ երկրաշարժի 32-րդ տարելիցն է։ Կիւմրին մաս կը կազմէ Շիրակի թեմին, որու առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը բանտի մէջ է։ Թեմէն ներս քսանչորս քահանայ ծառայութիւն կը մատուցէ եւ հիմա հետաքրքրութեան առարկայ է, թէ անոնցմէ ո՞ր մէկը յանձն պիտի առնէ պատարագել՝ Վեհափառ Հայրապետի անուան զեղչմամբ։