ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏ
Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Անգարայի մէջ ժողով մը գումարեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Վեց ժամ տեւեց նիստը, որու ընթացքին քննարկուեցան 1 Նոյեմբերի ընտրութեան անվտանգութեան երաշխիքները։ Ժողովականները բազմակողմանիօրէն նկատի առին Անգարայի մէջ պատահած ահաբեկչական յարձակումը։
Օրակարգի վրայ եկան նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւններն ու օդային մարզի ոտնձգութիւնները։ Հաշուի առնուեցաւ Մոսկուայի եւ Թեհրանի դիրքորոշումը, որ կը պաշտպանէ Սուրիոյ այժմու ղեկավարութիւնը։ Շեշտուեցաւ, որ միջազգային հարթութեան վրայ որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն պէտք է ընկալուի ՓԵՏ-ն, որ ՓՔՔ-ի շարունակութիւնն է։