ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Նոյեմբերի 1-ին կայանալիք խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններուն ընդառաջ, բովանդակ Թուրքիոյ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է ներքին քաղաքական կեանքի իրադարձութիւններուն վրայ։ Երկրէն ներս կ՚ապրուի ուժերու վերադասաւորման գործընթաց մը։ Քաղաքական հաւասարակշռութիւններու վերաձեւաւորումը փոփոխութիւններ կը մտցնէ զանազան կուսակցութիւններու եւ հասարակութեան զանազան խաւերու յարաբերութիւններու դրուածքին մէջ։ Միջկուսակցական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ եւս կը յառաջանան նոր խմորումներ, ի վերջոյ նաեւ համապատասխան վերաբանաձեւում կ՚ունենան քաղաքական շրջանակներուն կողմէ հանրային կարծիքին փոխանցուած պատգամները։ Այս մթնոլորտէն բաժին դուրս կու գայ նաեւ թրքահայ համայնքին համար։ Ընտրութեան արդիւնքը այնքան նուրբ գործօններէ կախում ունի, որ կուսակցութիւնները չեն փափաքիր անտեսել հասարակութեան նոյնիսկ ամենահամեստ ներուժով, սահմանափակ հնարաւորութիւններով շերտերը։ Այս երեւոյթը պատճառ կը դառնայ, որ մեր համայնքին ուղղեալ պատգամներն ալ ուղղակիօրէն հաղորդուին կուսակցութիւններուն կողմէ։
Երէկ յետմիջօրէին, յառաջիկայ վաղահաս ընտրութիւններու նախօրեակին խմբագրատունս այցելեց ընդդիմադիր ՃՀՓ-ին կողմէ խումբ մը։ Անցեալ ընտրութիւններուն յաջորդած քաղաքական իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, ըստ զանազան հարցախոյզներու տուեալներուն, ընդդիմադիր այս կուսակցութիւնը ապահոված է որոշ վերելք մը։ Այժմու կանխատեսումներով՝ ՃՀՓ լուրջ յենարան մը չունի միահեծան կառավարութիւն մը կազմելու առումով, սակայն հաւանական համախոհութեան մը ձեւաւորման պարագային կրնայ մաս կազմել իշխանութեան։ Հետեւաբար, թէ՛ հանրային կարծիքը սկսած է աւելի ուշադրութեամբ հետեւիլ այս կուսակցութեան կողմէ փոխանցուած ազդանշաններուն եւ թէ ՃՀՓ սկսած է շատ աւելի չափուած-կշռուած, համապարփակ մօտեցումներով հանդէս գալ հանրութեան առջեւ։
ՃՀՓ-ականները խմբագրատունս այցելեցին փոխ-կուսակցապետ Սեզկին Թանրըքուլուի առաջնորդութեամբ։ Խումբին մաս կը կազմէին նաեւ Իսթանպուլի երկրորդ ընտրաշրջանէն երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Սելինա Տողան եւ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն։ Հարկ է յիշեցնել, որ Սելինա Տողան թեկնածութեան ցուցակին վրայ կը պահէ իր առաջնահերթ դիրքը եւ որեւէ ռիսք չունի՝ խորհրդարան մուտք գործելու, երեսփոխան վերընտրուելու առումով։
Զրոյցի ընթացքին Սեզկին Թանրըքուլու ընդգծեց, թէ ՃՀՓ ոստումի շրջան մը թեւակոխած է եւ արդիւնքին կրնայ իշխանութեան գլուխ գալ մօտալուտ ընտրութիւններէն վերջ, համախոհութեան մը ձեւաչափին մէջ։ Հաշուի առնելով, որ ընտրապայքարի շրջագծով նոյնիսկ մէկ քուէն չափազանց կարեւոր է, ՃՀՓ-ականները կոչ ուղղեցին՝ որպէսզի մեր համայնքն ալ այս ճակատագրական հանգրուանին զօրակցի այս կուսակցութեան, որ կը ձգտի աւելի կատարեալ ժողովրդավարութեան եւ երկրէն ներս հիմնարար ազատութիւններու ամրապնդման։ Փոխ-կուսակցապետ Թանրըքուլու ընդգծեց, թէ ՃՀՓ ներքին բարեփոխումներու եւ վերակառուցման, վերակազմակերպման շրջանէ մը անցած է եւ այս հիման վրայ այժմ շատ աւելի մեծ եռանդով հետամուտ է այն առաջնահերթութիւններուն, որոնք պէտք է տեղ զբաղեցնեն սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութեան մը ծրագրին վրայ, անոր գործունէութեան ամբողջին մէջ։ Այս հսկայածաւալ աշխատանքը, բնականաբար, ՃՀՓ-ի տեսանկիւնէն ունեցած է, նաեւ ունի դժուարութիւններ, որովհետեւ այս կուսակցութիւնը կանգնած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետականութեան ակունքներուն եւ անցեալ իննսուն տարիներուն ընթացքին ապրուած բոլոր ձախողումներուն համար պատասխանատուութիւն մը կը վերագրուի անոր։ Մնաց, որ ՃՀՓ այսօր պատրաստակամ է անցեալի մէջ ապրուած ցաւերը բաժնելու, անոնց բոլոր հետեւանքներով հանդերձ։ Ըստ Թանրըքուլուի, կուսակցութիւնը կը նախատեսէ այս ամբողջ աշխատանքին հիման վրայ ապահովել աւելի լայն հասարակական զօրակցութիւն մը եւ մասնակցիլ մեր երկրի ապագայի կերտման ջանքերուն։
Իր կարգին, Սելինա Տողանն ալ շեշտեց, որ յարատեւ աշխատանք կը տանի, որպէսզի հասարակութեան անտեսուած բոլոր խաւերուն խնդիրները ունենան հնչողութիւն եւ այդպէսով յաղթահարուի անոնց նկատմամբ անտարբերութիւնը եւ անոնք մտնեն լուծման հունի մէջ։ Ան աւելցուց, որ Շիշլիի շրջակայքին կը շարունակուի կուսակցութեան աշխոյժ նախընտրական քարոզարշաւը եւ այդ մէկը դրական արձագանգ կ՚ունենայ նաեւ հայ համայնքի ընտրողներուն մօտ։ Ըստ Սելինա Տողանի, ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կ՚իրականանան նաեւ վերջին շրջաններու հանդիպումները՝ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի եւ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն միջեւ։
Ի լրումն այս բոլորին, Սելինա Տողան անդրադարձաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի արխիւներու թուայնացման վերաբերեալ՝ Ազգային մեծ ժողովի նախագահութեան ներկայացուած, կառավարութեան ուղղեալ իր կողմէ պատրաստուած հարցման առաջարկին։ Ան յայտնեց, որ միջանկեալ շրջանին հնարաւոր չէր եղած այս նիւթին շուրջ հասնիլ շօշափելի զարգացումի մը եւ խոստացաւ նոր շրջանին եւս հետապնդել այս հարցը։
Այցելութեան աւարտին ՃՀՓ-ականները խմբագրատանս մէջ նկարահանուեցան՝ հրաժեշտ առնելէ առաջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024