Չորեքշաբթի 10, Դեկտեմբեր 2025
Ս. ՄԻՆԱՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՏՕՆԸ
Երէկ, Ս. Մինասի յիշատակման տօնին առթիւ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համանուն մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Զօհրապ Աւ. Քհնյ. Ճիվանեան եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ՝ երանաշնորհ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի շիրմին շուրջ։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2025