ԽՈՐ ՄՈՒԹԻՆ ՄԷՋ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Չոր­րորդ Լե­ւեն­տի «Karanlık İşler» հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մերգ մը, որ ձօ­նուած էր Մեծն Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի վախ­ճան­ման 80-րդ տա­րե­լի­ցին։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ Փա­րի­զի մէջ վախ­ճա­նած է 22 Հոկ­տեմ­բեր 1935 թուա­կա­նին, ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը փա­փա­քած էին, որ հա­մեր­գը զու­գա­դի­պէր նոյն օ­րուան։ «Karanlık İşler»ի տէր եւ տնօ­րէն Նու­րի Քա­յա եւ մեր հա­մայն­քէն Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեան հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քով կազ­մա­կեր­պած էին այս ե­րե­կոյ­թը։ Հարկ է նշել, որ ե­րէ­կուա­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն վե­րո­յի­շեալ հա­մա­լի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած Կո­մի­տա­սի վե­րա­բե­րեալ հին­գե­րորդ ձեռ­նարկն էր։

«Խոր մթու­թեան մէջ» գոր­ծադ­րուե­ցաւ այս ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գի­րը, ո­րու ըն­թաց­քին մե­ներգ­նե­րով հան­դէս ե­կան Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեան եւ Դա­լար Շի­լէ­լեան-Պաղ­տա­սա­րեան։ Մե­ներ­գիչ­նե­րուն եր­գակ­ցե­ցան՝ Սա­յաթ Պե­տի­կեան, Սե­ւան Պե­տի­կեան եւ Մա­սիս Ա­րամ Կէօզ­պէք։ Ե­րե­կոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ «Հո­րի­զոն», «Նառ» եւ «Սի­րե­նէ» խում­բե­րը, ինչ­պէս նաեւ Պո­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նի ճա­զի երգ­չա­խում­բը։

Ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ լե­ցու­ցած էին դահ­լի­ճը, ուր աչ­քի կը զար­նէին նաեւ մեր հա­մայն­քէն բազ­մա­թիւ ե­րաժշ­տա­սէր­ներ։ Ձեռ­նար­կի խորհր­դա­ւոր մթնո­լոր­տին մէջ, ե­րե­կոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րը Բագ­րատ Էս­դու­գեա­նի ձայ­նագ­րու­թեան հի­ման վրայ ի­րենց մա­տու­ցուած տուեալ­նե­րով հա­ղորդ դար­ձան Կո­մի­տա­սի կեն­սագ­րու­թեան տուեալ­նե­րուն, կեան­քի ա­ռանց­քա­յին դրուագ­նե­րուն եւ յու­շե­րուն։ Իսկ Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեան մե­ներգ­նե­րուն զու­գա­հեռ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դեց օ­րուան եր­գա­ցան­կին մաս կազ­մած գոր­ծե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն շուրջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս կեդ­րո­նա­նա­լով այդ բո­լո­րին Կո­մի­տա­սի կող­մէ ինչ­պէս հա­ւա­քուած ըլ­լա­լուն վրայ։ Այդ տե­ղե­կու­թիւն­ներն ալ լուրջ նպաստ մը բե­րին ունկն­դիր­նե­րու ա­ւե­լի ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մե­լուն։

Հա­մեր­գէն վերջ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը ար­ձա­կուե­ցան խո­րա­պէս տպա­ւո­րուած ձե­ւով եւ հրա­ժեշ­տի պա­հուն ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րե­ցին կազ­մա­կեր­պիչ­ներն ու ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2015