Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ԹՈՒՐՔԻԱ-ՍՈՒՐԻԱ ՍԱՀՄԱՆԻ ՄԵՐՁԱԿԱՅՔԻՆ ԶՈՀՈՒԵՑԱՒ 14-ԱՄԵԱՅ ԱՐՄԷՆ ԺԻՐԱՅՐ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
Թուրքիա-Սուրիա սահմանի մերձակայքին զոհուեցաւ հայ պատանի մը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ սահմանամերձ Գամըշլը քաղաքէն դէպի Թուրքիա ճանապարհին վրայ զոհուեցաւ 14-ամեայ Արմէն Ժիրայր Աւետիսեան։ «Բերիոյ լուրեր»ու հաղորդումներով, ան կը փորձէր ցամաքային ճանապարհով իր ծնողներուն հետ մուտք գործել Թուրքիա։ Դժբախտաբար Արմէն Ժիրայր Աւետիսեան զոհուեցաւ կրակոցի հետեւանքով։
Այս ողբերգական պատահարէն վերջ վաղամեռիկ Արմէն Ժիրայր Աւետիսեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը այսօր իսկ տեղի կ՚ունենայ Գամըշլըի Ս. Յակոբ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2015