ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ռուսաստան միջկառավարական տնտեսական խորհուրդի հերթական նիստը։ Սա յիշեալ յանձնաժողովի 24-րդ նիստն էր։ Այս առթիւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք այցելեց Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ։ Այս ժողովէն առաջ Օվերչուք յայտարարած էր, որ պիտի գայ պահ մը, երբ Հայաստան պիտի պարտաւորուի ընտրութիւն կատարել Եւրոմիութեան եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջեւ, որովհետեւ անհնար է նոյնաժամանակ մնալ այդ երկուքին մէջ։

Վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին վերլուծուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամբողջ համալիրը։ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան՝ ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան, փոխադրութեան, գիւղատնտեսութեան, թուայնացման, առողջապահութեան, մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտերը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2025