ԿԱՊԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՈՒՂԻ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռատմիլա Շեքերինսքայան, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-ՆԱԹՕ գործընկերութեան ու համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։
Փաշինեան նշեց, որ Երեւան կը կարեւորէ միջազգային գործընկերներու հետ՝ ներառեալ ՆԱԹՕ-ն, համագործակցութիւնը, որպէսզի տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան օրակարգը յառաջ մղուի։ Շեքերինսքայա բարձր գնահատեց Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը եւ վարչապետին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ նախորդիւ ՆԱԹՕ-ի մօտ հաւատարմագրուած դաշնակից երկիրներու դեսպանները ընդունելու եւ անոնց հետ հետաքրքրական եւ արդիւնաւէտ զրոյց մը ծաւալած ըլլալուն համար։
Անդրադարձ կատարուեցաւ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան երդիքին տակ, Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ Երեւանի եւ Պաքուի մասնակցութեամբ կազմակերպուած գագաթաժողովին եւ յաջորդած իրադարձութիւններուն։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղեալ քայլերուն՝ մասնաւորապէս TRIPP եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծերուն։
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ երկուստեք հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցեր։