Շաբաթ 27, Դեկտեմբեր 2025
ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ. «ԾՆՆԴԵԱՆ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ»
Երէկ, Իսթանպուլի ֆիլարմոնիք միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ Սուրբ Ծնունդի երաժշտական փառատօնի շրջանակներէն ներս, Սաքըզաղաճի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ փայլուն երեկոյթ մը։ «Ծննդեան մեղեդիներ» խորագրեալ ձեռնարկին ժամանակ հանդէս եկաւ «Ռէյ» համոյթը, որու կազմին մէջ էին Արթիւր Պաղտասարեան, Պերք Էօզպէք, Շենիզ Քեթրին Էրտինչ եւ Իրէմ Պիւշրա Պայըր, որոնց նուագակցեցաւ դաշնակահար Ալփեր Աքկիւն։
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2025