ԱՌԱՆՁԻՆ ՔԱԼԵԼ ՃԱՄԲԱՆ…
Ծանօթներու մէջ ինքզինք օտար զգալ եւ բազմութեան մէջ առանձին ապրիլ… ցա՜ւ պատճառող այս վիճակը կը զգան մարդիկ՝ որուն վկայած ենք յաճախ, յաճախ կ՚ապրինք այս կացութիւնը, քանի որ ո՜րչափ ալ մարդոցմով, «բարեկամներ»ով շրջապատուած ըլլանք, նոյնքան ծանօթ-անծանօթ, մտերիմ կամ օտար մարդոցմով՝ մենք առանձին կը քալենք կեանքի ճամբան։
Կեանքի ճամբան՝ ելեւէջներ ունի. երբ լուսաւոր է՝ կը ճեղքէ կ՚անցնի, որ լայնատարած հորիզոններ կը դիտէ, իր ամէն կողմը վարդերու պարտէզներ կը պատեն։ Եւ սակայն մութ խաւարի մէջէն՝ բուսած փուշեր յաճախ արիւնելով քայլերը կը ճամբորդեն մարդիկ։
Այս կեանքի սկիզբը միշտ զուարճալի մթնոլորտ մը ունի, քանի որ երբ կը սկսինք՝ կեանքը տակաւին չենք ճանչնար եւ յոյսով լեցուած՝ լուսաւոր հորիզոններ կ՚երեւակայենք։ Բայց ասիկա ժամանակաւոր եւ անկայուն է։ Եւ հետզհետէ մշուշը կը պատէ եւ կը գոցէ ճամբան։ Այդ պահուն, ահաւասիկ, պէտք է կանգ առնենք եւ մտածենք, որ ի՜նչ վտանգ կը սպառնայ մեզի այդ մշուշապատ ճամբան եւ եթէ շարունակենք ճամբան, ո՞ւր պիտի հասնինք։
Բայց պէ՛տք է շարունակենք ճամբան…
Ո՜րչափ ալ անորոշ ըլլայ վախճանը, պէտք է քաջաբար շարունակենք քալել՝ վախճանական նպատակին հասնելու համար։ Գիտե՛նք, թէ մեր ետեւէն ուրիշներ կը քալեն այդ ճամբուն վրայ՝ առանձին կամ հաւաքաբար եւ ընդհանրապէս առանձի՛ն, քանի անոնք որ կը կարծեն, թէ շրջապատուած են բարեկամներով՝ առանձի՛ն են։ Ծանօթ կամ անծանօթ, օտար ուրիշներ՝ որոնք ջանք չեն թափեր մեզի հասնելու, քանի որ այդ քաջութենէն զո՛ւրկ են եւ կամ իմաստ չեն գտներ միասին, հաւաքաբար քալելու մէջ։
Եւ անոնք ալ առանձին կը քալեն ճամբուն վրայ…
Գիտակից, խոհեմ մարդուն կը մնայ ընել՝ հողով լեցնել փոսերը, լուսաւորել մութ խաւարները։ Ճամբուն վրայէն վերցնել ամէն արգելք, պարտականութի՛ւնն է իմաստուն եւ բանականութեամբ օժտուած մարդուն, սակայն խիղճով ներդաշնակելով զայն։ Արդարեւ, այն՝ որ բանականութիւնը կրնայ հակակշռել խիղճով եւ ներդաշնակել զանոնք, կատարելութեան հասած մարդ է։ Ուրեմն, խորտ ու բորտ ճամբան շտկել, մութ խաւար ճամբան լուսաւորել մարդուն առաջնակարգ կոչո՛ւմն է։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկմներ, ձեր մտերմութիւնը եւ անկեղծութիւնը անհրաժեշտ է՝ որպէսզի ոեւէ մէկը՝ ծանօթ կամ օտար, փրկես մութ խաւար ճամբու սպառնացած վտանգներէն։
Եւ մենք բոլորս Յիսուսի մտերմութեանը կը կարօտինք՝ որպէս մէկը Էմմաուսի ճամբորդներէն մէկը. (ՂՈՒԿ. ԻԴ 13)։ Եթէ անոնք չգիտցան Յիսուսի անունը, մենք ճանչնանք զԻնք եւ գիտնանք, թէ ո՞ւրկէ եկաւ Ան եւ ո՞ւր գնաց ամբողջ երեսուներեք տարի յետոյ երբ խաչուեցաւ՝ մեզ բոլորս փրկելէ ետք։
Պիտի քալենք այս անորոշ ճամբուն վրայ՝ երբեմն մութ խաւար, երբեմն լուսաւոր, երբեմն տխուր, նեղութիւններու մէջ, երբեմն ուրախ, զուարթ եւ երջանիկ, բայց Յիսուս մեզի հետ եւ վերջապէս պիտի հասնինք հո՛ն՝ ուր անմահութիւն, երանութիւն եւ յաւիտենական կեանք կայ։
Հոն Յիսուս «հաց» պիտի տայ մեզի եւ պիտի գոհացնէ մեր «անօթի» հոգին։ Այն մեր հոգին՝ որ կեանքի ճամբուն վրայ յաճախ ջանացինք օտար հացերով խաբել՝ մեղքի մէջ եւ որ միա՛յն Ի՛նք՝ Յիսուս պիտի կարենար կեանքի վերադարձնել՝ յաւիտենական կեա՛նքի։ Ո՜վ Տէր Յիսուս, թող ափիս մէջ Քեզ խաչող գամին հետքը դրոշմուի, թող Քու սրտիդ զարկովը քայլերս չափեմ, թող շունչդ տաքցնէ իմ օրերուս ցուրտը։
Հորիզոնի հասնելու յոյսը տո՛ւր մեզի. յոյսի ուրախութի՜ւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 25, 2025, Իսթանպուլ