ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ

Յայտնի փիլիսոփայ Պղատոն իր աշխատութիւններուն մէջ տոկոսով գումարը կը ներկայացնէ որպէս հասարակական համերաշխութիւնը քայքայող երեւոյթ, որովհետեւ այդ մէկը հասարակութիւնը երկուքի կը բաժնէ՝ հարուստի եւ աղքատի, պարտատէրի եւ պարտականի միջեւ: Փիլիսոփայ Սենեկան տոկոսով գումար տալը կը նկարագրէ որպէս մարդու դժբախտութենէն օգտուելու երեւոյթ: 

Թէեւ մեր օրերուն տոկոսը դարձած է մարդկային կեանքի բնական մէկ մասը, սակայն, վտանգ դառնալէ չէ դադրած։ Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, տարեկան դրութեամբ մի քանի տասնեակ հազարաւոր մարդիկ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով ինքնասպանութիւն կը գործեն. տակաւին մի քանի ամիսներ առաջ Հայաստանի մէջ երկու եղբայրներ տոկոսներու ծանրութեան պատճառով որոշեցին վերջ տալ իրենց կեանքին եւ իրենց խանութի առաստաղէն իրենք զիրենք կախելով ինքնասպան եղան. տարեկան դրութեամբ բազմաթի՜ւ երիտասարդներ նոյն քայլին կը դիմեն՝ ազատելու համար այն ծանր պարտաւորութիւններէն, որոնց տակէն դուրս չեն կրնար գալ: 

Ցաւ ի սիրտ, Հայաստանի մէջ դրամատուները իրե՛նք մարդոց զանգելով տոկոսով պարտքի գումար կ՚առաջարկեն եւ շա՜տ դիւրութեամբ կը տրամադրեն պարտքը՝ առանց լաւապէս ուսումնասիրելու, թէ մարդը իրապէս ատա՞կ է այդ պարտքը վճարելու, թէ ոչ: Պետութեան կողմէ յաճախ պարտքն ու տոկոսը կը ներկայացուի որպէս հնարաւորութիւն, սակայն, իրականութեան մէջ, այդ բոլորը միջոց են մարդը կախուածութեան մէջ ձգելու եւ անոր նիւթական գրեթէ բոլոր ընթացքը ստուգելու եւ քննելու: Պարտքն ու տոկոսը դրական կը ներկայացուին, սակայն, ունին բացասական ազդեցութիւններ. 

Ա.- Պարտքի տակ մտնելով մարդ վաճառած կ՚ըլլայ իր ապագայ աշխատանքը. այսինքն յետ այսու համաձայն կ՚ըլլայ իր յառաջիկայ աշխատանքին որոշ մասը տրամադրել տոկոսներուն: Մարդը երբեք ապահով չէ, թէ վաղը պիտի կարենա՞յ աշխատիլ, պիտի կարենա՞յ գործը շարունակել. գուցէ հիւանդանայ կամ գործէն դուրս դրուի, սակայն, պարտքի համաձայնութիւնը այդ դժբախտ պատահարները չի ճանչնար. մարդ պարտաւոր է օրը օրին իր պարտաւորութիւնը կատարել՝ նոյնիսկ եթէ մարդկային-բնական աղէտի զոհ դառնայ: Անշուշտ, պարտքն ու տոկոսը միայն նիւթական բեռ չէ, որ կը դառնան մարդուն համար. այդտեղ կայ նաեւ հոգեբանական բաժինը, որ իր մէջ կը ներառէ վախ, անհանգստութիւն եւ հոգեկան լուրջ ճնշումներ: 

Բ.- Տոկոսն ու պարտքը միջոց է, որպէսզի արդէն իսկ հարուստ մարդը աւելիով հարստանայ եւ առանց յոգնութեան իր գումարին վրայ գումար աւելցնէ. աղքատը՝ որ պարտք կը վերցնէ, ձեւով մը ինքզինք կը դարձնէ վարկատուին ստրուկը։ Խօսքը կ՚ըսէ. «Կարկառուն վարկատուի ստրուկն է». այդ մէկը հասարակական ստրկութիւն է: Օրինակի համար, կայ մարդ, որ իր պարտքերու վճարումները ուշ կը կատարէ՝ նիւթապէս անյարմար վիճակի մէջ յայտնուած ըլլալու պատճառով, վարկատուն այդ թշուառութեան վրայ կու գայ աւելցնելու տուգանքը, որովհետեւ իր պարտքը ուշ վճարող ամէն անհատ այդ գումարին կողքին պարտի նաեւ տուժ մը վճարել: 

Գ.- Կը հաւատանք, որ հասարակութեան պարտքի տակ գնուիլը տեղ մը իշխանութեան գործին կու գայ, որովհետեւ վարկառու մարդը աւելիով կը կեդրոնանայ գործին եւ իր կատարելիք վճարումներուն եւ հետեւաբար առիթ չ՚ունենար քաղաքականութեամբ զբաղելու: Իւրաքանչիւր վարկի դիմաց պետութիւնը կը ստանայ իր հարկային տոկոսը, այդ իսկ պատճառով այդ մէկը շատ աւելի «հաճելի» կը դարձնէ զայն: Բռնութիւնն ու վերահսկողութիւնը միայն զէնքով ու խստութեամբ տեղի չ՚ունենար. պետութիւնը տարբեր միջոցներով կրնայ իր վերահսկողութեան տակ պահել մարդը եւ այդ միջոցներէն մէկն է պարտքը։ Վարկառու մարդը պարտաւոր է աշխատիլ եւ բացի իր աշխատանքէն նոր առիթներ փնտռել՝ աւելի շուտ վճարելու համար իր պարտքը եւ ինչքան շատ աշխատանք, այդքան շատ եկամուտ է պետութեան համար: 

Հայաստանի ներկայ վարչապետը՝ Նիկոլ Փաշինեան երբ տակաւին իշխանութեան գլուխը չէր, համարձակօրէն կը յայտարարէր, թէ իշխանութեան գլուխ անցնելու պարագային պիտի վերացնէ մարդոց պարտքերը եւ «ազատութիւն» շնորհէ անոնց։ Այսօր Փաշինեանի իշխանութեան 7-րդ տարին է արդէն եւ այդ խոստումը կը մնայ իրականութենէն հեռու, որովհետեւ հիմա վարչապետը շատ աւելի լաւ կը հասկնայ, թէ այդ մէկը ինչքան առաւելութիւն ու շահ կը բերէ պետութեան՝ թէ՛ նիւթական եւ թէ ռազմավարական առումով: 

Կրօնական առումով պարտքն ու տոկոսը մեղք է. այո, կեանքի որոշ պայմաններու մէջ կրնայ մարդուն օգտակար դառնալ՝ մանաւանդ դժուարին պահերուն, սակայն, պէտք է լուրջ ձեւով մտածել պարտքերու եւ տոկոսներու մասին, որովհետեւ դժբախտաբար Հայաստանի մեծամասնութիւնը այդ բեռին տակ կը գտնուին։ Հայկական որոշ կազմակերպութիւններ ամսական դրութեամբ ունին աւելի քան 80 հազար յաճախորդներ: Հայաստանի տնտեսութիւնը պիտի շարունակէ մնալ այսպէս՝ այնքան ժամանակ, որքան պարտքն ու տոկոսը այսքան տարածուած կը մնան եւ պետութիւնը այդ դժբախտ մարդիկը փրկելու ո՛չ մէկ ջանք ու գործ կ՚ընէ:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ կ՚ըլլայ աշխարհը, եթէ պարտքն ու տոկոսը վերանայ: 

Պատասխան. Աշխարհի վրայ եթէ պարտքն ու տոկոսը վերանան, մարդկութիւնը կ՚առաջնորդուի յիմարութեան եւ անարդարութեան հակառակ կողմը: Մարդիկ պարտքի ծանրութեան տակ չէին մնար եւ տնտեսական որոշումները կը կայացնէին շատ աւելի ազատ ու խելամիտ հիմունքներով եւ ո՛չ վախի եւ պարտաւորութեան զգացողութեան ճնշման տակ: Դրամը կը ծառայէր ստեղծագործական աշխատանքներու համար եւ շահարկումի տակ չէր դրուեր: Մարդոց միջեւ համաձայնութիւնն ու իրերօգնութիւնը կը զարգանար: Հիմնական միջոցը կը դառնար համատեղ բարօրութիւնը եւ միայն մի քան անձ հարստանալու փոխարէն բոլորը կը հարստանային: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2025