ՆԱՐՏԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Միջմիութենական նարտի մրցաշարքը այս տարի եւս համայնքէն ներս անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Հանգուցեալք Նուրհան Կիւլիստանեանի եւ Ալէն Քալքի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքը արդէն 28-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Այս տարուան մրցաշարքի հիւրընկալն էր Ֆէրիգիւղի սանուց միութիւնը։ Միջմիութենական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքի ախոյեանը հանդիսացաւ Տատեան սանուց միութեան խումբը, որուն հետեւեցան՝ Եշիլգիւղի սանուց միութեան, Պէզճեան սանուց միութեան եւ Գարակէօզեան սանուց միութեան խումբերը։

Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, բոլորը զիրար շնորհաւորեցին եւ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին Ամանորի ընդառաջ։ Յաջորդ տարուան մրցաշարքը պիտի կազմակերպուի այս տարուան ախոյեանին՝ Տատեան սանուց միութեան կողմէ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025