ՍԱՀԱԿԵԱՆՑԻՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ BAUMUN՚25 ՀԱՒԱՔԻՆ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի սաները վերջերս մասնակցեցան BAUMUN՚25 հաւաքին, որ կազմակերպուած էր «Պահչէշէհիր» համալսարանի հիւրընկալմամբ։ Սահակեանցիները առաջնորդեցին դպրոցի ուսուցչուհիներէն Նաիրա Տէյիրմենճի եւ Նատին Մազմանօղլու։ Եռօրեայ աշխատանքին ընդգրկուած էր 700 աշակերտ։ ՄԱԿ-ի ձեւաչափին եւ ընթացակարգերուն նմանութեամբ նախատեսուած եւ վերջին շրջանին արդէն բաւական ընդհանրացած այս կարծիքի փոխանակումներու հարթակին վրայ դափնեկիրներու շարքին դասուեցաւ դպրոցի աշակերտներէն՝ Տարէն Գազարեան, որ անգլերէն իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ կանանց իրաւունքներուն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2025