ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ
Ամէն սկիզբ նոր յոյս մըն է, մարդիկ միշտ նորութիւն մը կը սպասեն, երբ սկիզբի մը վրայ կը գտնուին։ Իրականին՝ ամէն նոր օր սկիզբ մըն է, չէ՞ որ երբ ամէն օր կ՚աղօթենք՝ կը խնդրենք Աստուծմէ, որ օրուան «հաց»ը տայ մեզի։ Եւ Յիսուս կը պատուիրէ օրուան հոգով մտահոգուինք, քանի որ յաջորդ օրը ունի իր հոգերը եւ ի՛նք կը հոգայ եւ կը յանձանձէ այդ հոգերը։ Եւ վերջապէս, Աստուածաշունչի մէջ 365 անգամ Աստուած կը պատուիրէ. «Մի՛ վախնար», այսինքն՝ 365 օր վստահիլ եւ ապաւինիլ Աստուծոյ։
Ամէն օր նոր կեանք մըն է, եւ օրը ներկան է՝ որ կը պատրաստէ ապագան, որ է՝ յաջորդ օրը։ Այս պատճառով իւրաքանչիւր օր կարեւոր է, քանի որ ամբողջ ապագան անոր վրայ կը հաստատուի։ Ասոր համար է, որ տարուան առաջին օրուան բացառիկ արժէք եւ կարեւորութիւն կ՚ընծայուի աւանդաբար։
Աւանդութիւն է նաեւ խորհիլ, թէ ինչպէ՛ս կը սկսին գործի մը, այնպէս կը շարունակեն մարդիկ։ Այս պատճառով մարդիկ ուրախութեամբ կը փորձեն դիմաւորել տարուան առաջին օրը։ Արդարեւ, գործնականապէս, ճիշդ է ասիկա. զոր օրինակ, եթէ սխալ ճամբու մը վրայ քալել սկսինք, այդ ճամբան մեզի սխալ տեղ կ՚առաջնորդէ եւ չենք հասնիր մտադրուած նպատակին։ Նաեւ, սովորութիւն եղած է շապիկի կոճակներու օրինակով բացատրել իրողութիւնը. երբ շապիկին առաջին կոճակը սխալ կոճկուի, բոլոր կոճակներն ալ սխալ կը կոճկուին։
Կեանքի մէջ գործնականապէս ճիշդ են այս օրինակները, բայց բարոյական կեանքի մէջ ալ կարելի՞ է նոյն արդիւնքին յանգիլ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ շատ մը բաներ սկսած կերպով չի շարունակիր եւ թէ հակառակ ընթացքով կը վերջանան։
Զոր օրինակ, ամուսնութիւններ սիրով կը սկսին, բայց եւ դժբախտաբար հետզհետէ, ո՛չ բոլորը, կը սկսին ատելութիւններ եւ մինչեւ իսկ թշնամութիւններ եւ կը վերջանան ամուսնալուծումով։ Եթէ սէրը առաջին օրուան չափ ըլլար՝ պիտի շարունակուէր այդ սուրբ միութիւնը…
Առաջին օրուան խոստումին եթէ հաւատարիմ մնային ամուսիններ՝ այր կամ կին երբեք գէշ վերջ մը պիտի չունենար, որովհետեւ «ամուսին» բառը բնիկ հայկական բառ է, որը կամուած է «ամ»՝ «համ» կից, միասին «ուս»՝ սորվիլ, վարժուիլ, «ին» մասնիկով. «ամուսին» բառը կը նշանակէ կին-մարդը կամ այր-մարդը։ (Հր. Աճառեան, Հայերէն արմատական բառարան, 1. հատոր, Երեւան, 1971)։
Ուրիշ օրինակ մը, ընդհանրապէս կ՚ըսուի, թէ լաւ բարեկամութիւններ մեծ կռիւներով սկիզբ կ՚առնեն։ Արդարեւ, շատ յաճախ պատահած է, որ երկու հոգի կռուած, նոյնիսկ ոխերիմ թշնամիներ եղած եւ յետոյ հաշտուած եւ լաւ բարեկամներ դարձած եւ մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնացած են իրենց փոխադարձ բարեկամութեան։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ ամէն ինչ իր սկսած կերպով չի շարունակուիր կեանքի մէջ։ Ուրեմն սխա՞լ պէտք է համարել այն աւանդական կարծիքը, թէ բան մը ինչպէս որ կը սկսի, այնպէս կը շարունակէ։ Ո՛չ անշուշտ, բայց լաւ սկսած բան մը լաւ կարենալ շարունակելու համար միայն համոզում չի բաւեր, այլ նաեւ պէտք է ջանք թափել, աշխատիլ եւ գործել այդ մասին, կարելին ընել եւ հաստատակամ ըլլալ, որպէսզի շարունակէ մտադրուած եւ սկսուած լաւութիւնը։
Շատեր տարուան առաջին օրը եկեղեցի կ՚երթան եւ կ՚ըսեն. «Եկեղեցի երթամ այսօր եւ մոմ մը վառեմ…»։ Եկեղեցի երթալ՝ մոմ վառել է՞. ատիկա ուրիշ հարց, բայց աւանդաբար 365 օրուան մէջ միայն մէկ օր եկեղեցի երթալ եւ մնացած 364 օրը մոռնալ եկեղեցին, նոյնիսկ եւ չյիշել եկեղեցւոյ ճամբան իսկ՝ որքա՞ն բանական կը թուի ձեզի սիրելի՜ բարեկամներ։ Գոնէ եօթն օր անգամ մը՝ կիրակի օր եկեղեցի երթալ, միայն մոմ չվառել, այլ՝ աղօթել, մասնակից ըլլալ Ս. Պատարագին, հաղորդուիլ եւ այդ կերպով «առաջին օրուայ բարութիւն»ը տարածել ամբողջ օրուան՝ աւելի պատշաճ, աւելի տրամաբանական եւ վերջապէս աւելի աստուածահաճոյ չէ՞…
Թող լա՛ւ սկսի առաջին օրը եւ ջանք ընենքն, որ լաւ շարունակէ ճշմարիտ հաւատքով եւ հաւատարմութեամբ սիրելի՜ բարեկամներ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 31, 2025, Իսթանպուլ