ԿԱՐՕՏԻ ՀԱՄՆ ՈՒ ԵՐԱԶԻ ԳՈՅՆԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՄԻՋԵՒ ՄԵՆՔ
Մեծ փնտռուքով մը կ՚անցնինք տեղերէ, թաղերէ ու քաղաքներէ, որոնց անունը չենք գիտեր, բայց տեւաբար կ՚ուզենք անուանել: Անուանել ամէն ինչ, ամէն վայրկեան, կարծես լծուած ենք ինքնակոչման։ Անուանել պահը, անուանել ապրումը, անուանել ու կոչել մենք մեզ, կոչել ժամանակը մեր ու ուիրշին եւ ի վերջոյ նոյնիսկ կոչել մեր կոչումը: Այս բոլորին մէջ կը յառնի մեր անձը իբրեւ անհատական կերպար, յետոյ իբրեւ հաւաքական բնորդ, յետոյ ազգային մասնիկ, յետոյ իբրեւ համամարդկային էոյթ եւ ի վերջոյ իբրեւ տիեզերական բաժին՝ մեր աչքերով մեզ գծող, մեր տեսակով մեզ չափող: Բայց այս բոլորին մէջ տեղ մըն ալ ըլլալով չկանք կամ ինչքան ալ տանջապէս կամ հաճոյագին ձեւով ուզենք մեր ըլլալը համադրել ինքնընկալումով, ամբողջով ու մենք մեզմով, տակաւին կը մնանք անհաս բացայայտուածին դիմաց ու կը շառագունի վերջնական ըլլալ մը զուտ ու մինակ մեզմով կամ ամենակալութեամբ կամ մեզ որակացուցած դիտումով (հոգ չէ, թէ այդ դիտումը աստուածային է կամ ոչ, տիեզերական է կամ ոչ, մեթաֆիզիքական է կամ ոչ):
«Մեր ըլլալը չըլլալուն մէջ է». այդ է կարծես մեր ապրելու ուժն ու շաղումը։ Պիտի ըլլանք աւելին ու պիտի թողունք տեղ մը այդ աւելին, որ եղած ենք, քանի կայ ժամանակը մեր կերտումներով, քանի կայ նուաճումը մեր թաւալումով: Կ՚անցնին մեր տարիները ու գերագոյնութիւնը կը մնայ մեր լինելութեան յարափոխումը, ձեւակերտումները եւ մեր մարմային-ոգեղէն զեղումը: Այո՛, կարօտը հիմնք է մեր տեղագործման, մեր էութենացման ու կատարման, կարօտը մեր ըրածին ու եղածին, կարօտը մեր ապրողականութեան գտման ու կատարման, կարօտը մեր նախագոյութեան պատգամին, մեր տեսանելիութեան։ Բայց նոյն այդ կարօտը շղթայած է յաւերժ մեր սլացիկութեան թիրախը եւ հաւանաբար ճիշդ է այդպէս մնանք անկատար կարօտ փայփայող ու յոյս-երազ գունաւորող:
2026-ին, նոյնպէս 1026-ին ու 3026-ին կ՚երկարինք մենք կարօտի ու երազի միջեւ, իբրեւ կատարուող՝ բայց չհասնող ներկայութիւն, իբրեւ տոգորուած՝ բայց չշօշափուող ապրուստի վարոյթ, իբրեւ կենսակերտում մեր պատկերացուցածին, որ չենք գիտեր զայն մինչեւ չհամակէ մեզ մեզմով ու մեզմէ դուրս։ Այդ մէկը կոչելով յաճախ ճակատագիր, աստուածապատկանում, ՏՆԱ-ի կամ մարդկային առաքելութիւն ներկայի մէջ յաւերժապէս հոսող ու մարմնաւորուած:
Մենք ներկան՝ հիման կ՚ուզենք, բայց կարօտացած երազով ու միաժամանակ երազացուած կարօտով. ներկայ մը՝ որ ես եմ, դուն ես, մենք ու անոնք, նաեւ բոլոր եղած ու գացածները եւ եկողները նոյնպէս: Հոս է մեր փրկութիւնը՝ այս հիմային, այս օրուան մէջ, այս հանգամանքով, ուր կը տեսնուինք իբրեւ կեանքը քամող ու առաւելագոյնը ծծող անաւարտ, բայց վերջացնող տենդով-գործով մը: Մենք հոս ենք, ուր չկան բոլոր ուրիշները առանց մեզի, ուր միաժամանակ չկանք մենք առանց ուրիշներու պրիսմակով:
Կարօտցած եմ քեզ իմ բարձրեալ ու ամենամեծ երազ, նոյն ամենայորդուն ու կատարուող ըլլալով մը, որ վառ է եւ կարօտի աւիշն ու նեկտարը կը հիւսէ իմ մէջ ու ինձմով եւ որուն հաւատացած եմ ծնածս օրէն ու նոյնիսկ չըլլալուս ալ շրջանէն։ Քանի չհաւատալ չըլլալուն կը նշանակէր ենթադրել չգալ՝ գալարուն ու անվախ յանձնուիլ ոչնչութեան մը, որ տակաւին չէ բջիջացած տիեզերքէն անդին կամ առանց անոր իմացութեան:
Այո՛, կամ հոս եւ հիմայով մը, որ անգին է ու ամենազօր ինձ եղածիս պէս կարօտցնելու-երազելու կամ նոյնիսկ կարօտի-երազի վերածելու:
Արթնցայ այսօր ալ ու ինչպէս միշտ, կեանքը զգալ ուզեցի, զայն վերացնել մարմնովս ամենաչնչին ու հեշտագին ցաւ զգալու հրճուալից ապրուածութեամբ, առօրեան քալեցնելով տուայտացումով մը առաքելական, որ կ՚ուզէ դառնալ ամենայիշարժան՝ ամէն մէկ անհատ-հոգիի մարմնաւորման հետ: Կ՚ըլլամ ու չեմ ըլլար, կ՚ուզեմ ու չեմ ուզեր, կը դաջուի մէջս Ամենակալ Աստուծոյ հեւքին պէս բան մը, որպէսզի մնայ գոյութենականութիւնը իբրեւ նուէր/պատուէր ինձ ու բոլորին: Այս կանչը կարօտածին, այս խինդը կրքաշող կը բանայ միջուկը արարման ալ, որպէսզի հանդիպի երազին ու զուգակցի անոր գունաւորման հետ, տեւաբար ճեղքող ներկան անցեալա-ապագայով կամ ապագայա-անցեալով մը:
Կարօտի համն ու երազի բոյրը կը միանան ինձմով ու իմ կամագործմամբ ալ հոս ու ամէն տեղ, կը միանան ինծի ու կը կարծեմ, որ անդրմարդկային իրականութիւնը նոյնպէս հիւսելի է հոգիով մը, որ տակաւին չէ գտած ու կարծես բնաւ ալ պիտի չգտնէ կամ չկազմէ ինքնզինք:
Հոս է ընդհանուր չկազմուածութեան լոյսը, որ կուրացնելու չափ կը շլացնէ ամէն ինչ ու ճամբան ցոյց կու տայ դէպի կատարելագործութիւն:
Կարօտ ու կարօտներ
գերերջանիկ ու հիւսող,
երազ ու երազներ
վերբարի ու գեղեցիկ,
դուք կաք մեզի հետ ու մեր միջով
մեզ հիւսող ու մեզ ջնջող:
Դեռ պիտի հասնիմ ամէն գնով
մանկութեան ու պատանեկութեան ու ծերութեան
անվերջ լաւայի վերաթափման,
իմ ձուլումիս,
իմ ըլլալուս/չըլլալուս,
իմ մարդապայթմանս ու տիեզերակայծման վրայ։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան