ԵՐԳԵՐԸ, ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ
Անցնող օրերուն հայաշխարհի համար կարեւորագոյն համերգ մը տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: 22 Հոկտեմբերին Լոս-Անճելըսի լաւագոյն սրահներէն մէկուն երդիքին տակ՝ Նորթրիճի համալսարանի Valley Performing Arts Center-ին մէջ տեղի ունեցաւ նշանաւոր հայ երգչուհի, գանատահայ հռչակաւոր սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեանի համերգը: Համերգը կը կրէր «Իմ երգերը, իմ ժառանգութիւնը» խորագիրը: Ասիկա ծրագիր մըն է, որ երգչուհին վերջին շրջանին կը ներկայացնէ օտար հանդիսականներուն: «Իմ երգերը, իմ ժառանգութիւնը» ծրագրի ժամանակ կը հնչեն հայկական դասական, հոգեւոր երգեր, հայկական շարականներ, ժողովրդական երգեր, սենեկային երաժշտութիւն եւ 20-րդ դարու երգեր՝ անգլերէն ենթագիրերով:
Այս տարուան Մարտին Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն նահանգի Տերպոռն քաղաքի Ֆորտ համայնքային եւ կատարողական արուեստներու կեդրոնին մէջ Իզապէլ Պայրաքտարեան կրկին ներկայացուցած է սոյն համերգային ծրագիրը՝ արժանանալով հիացմունքի եւ մեծ գնահատանքի:
Իզապէլ Պայրաքտարեան. Իմ երգերը, իմ ժառանգութիւնը
Անցնող օրերուն հայաշխարհի համար կարեւորագոյն համերգ մը տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: 22 Հոկտեմբերին Լոս-Անճելըսի լաւագոյն սրահներէն մէկուն երդիքին տակ՝ Նորթրիճի համալսարանի Valley Performing Arts Center-ին մէջ տեղի ունեցաւ նշանաւոր հայ երգչուհի, գանատահայ հռչակաւոր սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեանի համերգը: Համերգը կը կրէր «Իմ երգերը, իմ ժառանգութիւնը» խորագիրը: Ասիկա ծրագիր մըն է, որ երգչուհին վերջին շրջանին կը ներկայացնէ օտար հանդիսականներուն: «Իմ երգերը, իմ ժառանգութիւնը» ծրագրի ժամանակ կը հնչեն հայկական դասական, հոգեւոր երգեր, հայկական շարականներ, ժողովրդական երգեր, սենեկային երաժշտութիւն եւ 20-րդ դարու երգեր՝ անգլերէն ենթագիրերով:
Այս տարուան Մարտին Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն նահանգի Տերպոռն քաղաքի Ֆորտ համայնքային եւ կատարողական արուեստներու կեդրոնին մէջ Իզապէլ Պայրաքտարեան կրկին ներկայացուցած է սոյն համերգային ծրագիրը՝ արժանանալով հիացմունքի եւ մեծ գնահատանքի:
Իզապէլ Պայրաքտարեան, որ իր համերգներուն սովորաբար բեմ կը բարձրանայ իր ամուսնին՝ հանրածանօթ երաժիշտ, յօրինող ու դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանի ուղեկցութեամբ, իր այս վերջին համերգին դար
ձեալ երգեց անոր նուագակցութեամբ:
Նորթրիճի համալսարանի Valley Performing Arts Center-ի համերգին առթիւ հայ երգչուհիի մասին մեծածաւալ անդրադարձ պատրաստած է Los Angeles Times-ը, գրելով, որ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին երգչուհին կրցած է նուաճել մեծ բեմերը եւ գրաւել արուեստաբանական յօդուածագիրներու ուշադրութիւնը:
Իզապէլ Պայրաքտարեան Գանատայի ամենէն նշանաւոր օփերային անուններէն մին է, ու անոր հռչակը միայն Գանատայով չի վերջանար:
Բացի բեմական կատարումներէն, ան երգած է նաեւ «Մատանիներու տիրակալը. երկու աշտարակ» (The Lord of the Rings) շարժանկարին համար: Իզապէլ Պայրաքտարեանի ձայնը կը հնչէ նաեւ Ատոմ Էգոյեանի «Արարատ» շարժապատկերին մէջ, ուր երգչուհին կը կատարէ Կոմիտասի երգերէն:
Երգչուհիի ինքնատիպ հնչերանգի, հարուստ ձայնածաւալի, ձայնի, գեղեցկութեան, հմայքի, առանձնայատուկ ոճի շնորհիւ զինք կոչած են «թաւիշ գեղեցկուհի»:
Լիբանանի գեղատեսիլ քաղաքներէն մէկուն՝ Զահլէի մէջ ծնած է Իզապէլ Պայրաքտարեան, 1974 թուականին: Մեծցած է հայկական միջավայրի մէջ՝ հայկական աւանդոյթներով եւ անցեալի մասին մեծ հայրերու եւ մեծմայրերու մատուցած պատմութիւններով: Այդ պատմութիւնները կ՚առըչնուէին անոնց հայրենի Սեբաստիայէն, Ատանայէն եւ Տէօրթեոլէն տեղահանութիւններուն եւ երկար ճամբով մը Լիբանան հասնելուն: Իզապէլ Պայրաքտարեան կը կրէ իր մէկ մեծմօրը՝ Զապէլ Սերայտարեանի անունը, որու պատմութիւնն ու դժուարին ճակատագրի վիշտը միշտ ուղեկցած է երգչուհիին, եւ ան վճռած է կերտել արժանապատիւ ապագայ, լոյս սփռել անցեալի տխուր պատմութիւններուն վրայ՝ իր յաղթական ճանապարհով: Այդպէս ալ եղած է: Երաժշտութեան ասպարէզը երբեք պատահական չէր կրնար ըլլալ իր կեանքին մէջ, որովհետեւ տակաւին պզտիկ տարիքէն Իզապէլ Պայրաքտարեան իր հայրենիքը ճանչցած է հայկական երգի եւ երաժշտութեան հմայող ելեւէջներու միջոցաւ: Զինք դիւթած են հինգերորդ դարու հայկական եկեղեցական երաժշտութենէն մինչեւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած ժողովրդական երգերը:
Վեց տարեկանին Իզապէլ Պայրաքտարեան երգած է Զահլէի հայկական եկեղեցիին մէջ: Իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ան ըսած է. «Երբ կը յիշեմ Լիբանանի Զահլէ քաղաքի իմ մանկութեան եկեղեցին, կը պատկերացնեմ այդ կիսախաւար եկեղեցին, որ կը լուսաւորուէր մոմերու առկայծումով, կը զգամ խունկի եւ մոմակալներու բոյրը եւ կը վերյիշեմ ինքզինքս՝ վեց-եօթ տարեկան հասակին, կեցած երգչախումբի մէջ, իմ մօրս առջեւ: Կը զգամ, որ պաշտպանուած եմ անոր կողմէ եւ շրջապատուած՝ Աստուծոյ սիրով, մեր եկեղեցւոյ անհամեմատ գեղեցիկ օրհներգերն ու միջնադարեան շարականները երգելու ընթացքին, որոնք դէպի Աստուած տանող ամենէն ուղիղ ճանապարհն են…»:
Տասնչորս տարեկանին իր ընտանիքին հետ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն խոյս տալով, տեղափոխուած ենք Գանատա: Ան գերազանցութեան վկայականով աւարտած է Թորոնթոյի համալսարանի կե
նսաբժշկական ճարտարագիտութեան բաժինը, բայց երաժշտութեան հմայող աշխարհը հանգիստ չէ ձգած զինք, եւ օփերային երգչուհիի ապագայի մասին Իզապէլ Պայրաքտարեան սկսած է լրջօրէն մտածել օփերայի միջազգային մրցոյթի մը դափնեկիր դառնալէ յետոյ: Ան յաղթանակ շահած է «Մեթրոփոլիթըն» օփերայի ազգային խորհուրդի լսումներու ժամանակ եւ այդ մէկը ուղենիշ դարձած է այսօր արդէն բեմեր նուաճած հայուհիի համար:
Կարծես ճարտարագիտութիւնը առաւել անվտանգ ուղի էր: Սակայն հոգիով ազատ մարդոց զաւակ ըլլալով, ան համարձակութեան դիմած եւ փորձած է երաժշտութեան ուղին: Իզապէլ Պայրաքտարեան միշտ կ՚ըսէ, թէ մինչ օրս երբեւէ չէ զղջացած իր այդ որոշման համար: 2004 թուականին Իզապէլ Պայրաքտարեան ամուսնացած է ծագումով Մերձաւոր Արեւելքէն հայ երաժշտի մը՝ դաշնակահար, յօրինող Սերուժ Գրաճեանի հետ։ Անոնք ամուսնացած են Հայաստան, Գեղարդի վանքը: Ունին երկու զաւակ: Միջազգային ճանաչումը ապահոված ամոլը բազմաթիւ համատեղ համերգներ սարքած է:
Իսկ իբրեւ մեներգչուհի, Իզապէլ Պայրաքտարեան, ելոյթներով հանդէս եկած է Փլասիտօ Տոմինկգոյի, Եօ-Եօ Մայի, Փինչաս Զուքերմանի եւ այլ աշխարհահռչակ անուններու հետ։
Երգչուհին կը նկատուի միակ հայը, որ առաջադրուած է «Կրեմմի» մրցանակին։ Ան այս մրցանակին առաջադրուած է «Մատանիներու տիրակալը. երկու աշտարակ» շարժանկարի մէջ երաժշտական մասնակցութեան համար: Բազմաթիւ այլ մրցանակներու դափնեկիր է, ինչպէս՝ Էլիզապէթ թագուհիին կողմէ ան պարգեւատրուած է Ոսկէ մետալով, ստացած է Գանատայի արուեստի խորհուրդի, «Մեթրոփոլիթըն» օփերայի ազգային խորհուրդի, Փլասիտօ Տոմինկոյի մրցոյթի առաջին եւ այլ մրցանակներ, իսկ 2004-2007 թուականներուն չորս տարի անընդմէջ յաղթանակ տարած է Գանատայի արուեստագէտներու երաժշտական փառատօնի Ճունօ մրցանակաբաշխութեան:
Վերջերս երգչուհին նկարահանած է վաւերագրական ժապաւէն մը՝ «Երկար ճանապարհ դէպի տուն» խորագրով: Իր առաջին յուզիչ ուղեւորութեան պատմութիւնն է, որ կը ներկայացուի այս ժապաւէնին մէջ:
Երգչուհիի մասին կ՚ըսեն, որ անոր տաղանդը անսպառ է, եւ ան ամէն անգամ կը զարմացնէ իր կատարողական արուեստով: Իբրեւ օփերային երգչուհի Իզապէլ Պայրաքտարեանի դերերգներէն են՝ Սիւզան (Մոցարթի «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը», Փարիզ), Քեթրին (Ուիլիըմ Պոլքոմի «Տեսարան կամուրջէն», «Մեթրոփոլիթըն» օփերա), Ցերլինա (Մոցարթի «Տոն Ժուան», Սալցպուրկ), Մարիա (Լեոնարտ Պեռնշթայնի «Ուեստ սայթեան պատմութիւն», Լա Սքալա, Միլանօ) եւայլն:
Հայաստանի մէջ Իզապէլ Պայրաքտարեան սիրուած եւ ընդունուած անուն մըն է: Անոր ամէն մէկ այցելութիւնը տօնի կը վերածուի հայ երաժշտասէր հանրութեան համար: Տակաւին արուեստասէրի քով վառ են Իզապէլ Պայրաքտարեանի եւ Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի համերգները: Իզապէլ Պայրաքտարեան ըսած է, որ Հայաստանի մէջ երբեք օտար չի զգար եւ միշտ կ՚այցելէ տիրոջ իրաւունքով եւ հարազատի զգացումներով: Հայաստանի մէջ երգչուհին կ՚այցելէ հին վանքեր, եկեղեցիներ, մատուռներ, հաղորդակից կ՚ըլլայ անցեալէն եկող հոգեւոր խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ կ՚երգէ այդ վայրերուն մէջ՝ ինքնամոռաց նուիրելով հոգեւորին:
«Մայրս հայկական աւանդական երգեր կ՚երգէր մեզի համար, ստիպելով խորին հպարտութեամբ լեցուիլ մեր հայկական արմատներուն նկատմամբ: Ան մեր մէջ սեփական ինքնութիւնը եւ մշակոյթը մեր լեզուի, երգերու, աղօթքներու եւ արարքներու միջոցաւ պաշտպանելու մեծ ցանկութիւն սերմանած է: Կը փափաքիմ, որ իմ երախաներս ալ նոյն կերպ դաստիարակուին: Կ՚ուզեմ անոնք ալ քաջատեղեակ ըլլան մեր ժողովուրդի պատմութեան տխուր էջերուն, սակայն միեւնոյն ժամանակ հպարտանան իրենց ինքնութեամբ, իրենց նախնիներով եւ հայրենիքով», անկեղծութեամբ ըսած է աշխարհահռչակ երգչուհի Իզապէլ Պայրաքտարեան:
Լոս Անճելըսի մէջ անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած անոր ելոյթով անգամ մը եւս հնչեցուց երգչուհին անունը եւ հայկական երգերու իր այդ օրուան կատարումներու միջոցաւ, նաեւ՝ հայ ժողովուրդի անունը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ