ԻՍԿԷՆՏԷՐ ՇԱՀԻՆԿԷՕԶ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵՑ ԿԻՐԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԷՃԸ

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ Կի­րա­կի, Ֆէ­րի­գիւ­ղի սի­րոյ սե­ղա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին ապ­րուած վէ­ճը՝ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօ­զի մի­ջեւ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով հար­ցին այժ­մէա­կան բնոյ­թը՝ ե­րէկ հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը հե­տաքրք­րուե­ցան այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօ­զի մօ­տե­ցում­նե­րով։ Իբր այդ, ան հան­դէս ե­կաւ շարք մը մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով։

Շա­հին­կէօզ նախ ցաւ յայտ­նեց, թէ Ֆէ­րի­գիւ­ղի մէջ ապ­րուած էր այս­պի­սի ի­րա­դար­ձու­թիւն մը եւ ընդգ­ծեց տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դին նկատ­մամբ իր ան­կեղծ տրա­մադ­րու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի վերջ ան մեծ վրդով­մուն­քով փո­խա­դար­ձեց Օր­թա­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին վե­րագ­րուած պնդում­նե­րուն, ըստ ո­րոնց Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նը ա­շա­կերտ կը գող­նայ ու­րիշ թա­ղե­րէ։ Տա­րի­նե­րէ ի վեր այս խօս­քե­րը Օր­թա­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին յու­զում կը պատ­ճա­ռեն, բայց եւ այն­պէս Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօ­զի տե­սա­կէ­տէ շատ ցա­ւա­լի ե­ղած է մա­նա­ւանդ Կի­րա­կի օ­րուան քա­րո­զին ըն­թաց­քին, խո­րա­նին վրա­յէն Ա­րամ Սրբա­զա­նի բեր­նէն նման ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն հնչե­լը։ Սրբա­զա­նը ակ­նար­կած է լո­ղա­ւա­զան կա­ռու­ցած վար­ժա­րա­նի մը, իսկ այդ ակ­նար­կու­թիւ­նը չի կրնար Օր­թա­գիւ­ղէն զատ հաս­ցէ մը ու­նե­նալ։

«Մե­զի հարց կու տայ, թէ մեր հօ՞ր գու­մար­նե­րը կը ծախ­սենք։ Բնա­կա­նա­բար ոչ, սա­կայն ինք որ­պէս մեր հայ­րը կը խան­գա­րէ մեր ե­ռան­դը։ Մենք այս հա­մայն­քին մէջ ոե­ւէ մէ­կուն կող­մէ չենք ար­դա­րա­ցուիր, ո­րով­հե­տեւ սկսած են մեզ վա­նել։ Իսկ այս ան­գամ մեզ կը վա­նէ այն ան­ձը, որ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ պէտք է միաց­նէ այս հա­մայն­քը։ Ես ալ կ՚ըն­դու­նիմ, որ մեր վար­ժա­րան­նե­րը կ՚ապ­րին ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն մը, սա­կայն Օր­թա­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նը անվ­ճար չէ բո­լո­րին հա­մար։ Մենք նուի­րա­տուու­թիւն­ներ կը ստա­նանք այն ծնող­նե­րէն, ո­րոնք ու­նին կա­րո­ղու­թիւն։ Մեր տե­սան­կիւ­նէն վի­րա­ւո­րա­կան դառ­նալ սկսած է Օր­թա­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի ձրի ըլ­լա­լուն վե­րա­բե­րեալ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Կ՚ը­սուի, թէ մեր դպրո­ցը ծնող­նե­րուն կող­մէ կը նա­խընտ­րուի անվ­ճար ըլ­լա­լուն հա­մար։ Իսկ ե­թէ վար­ժա­րա­նը ո­րոշ ո­րակ մը չու­նե­նայ, ա­պա ծնող մը իր զա­ւա­կը կը վտան­գէ՞ այն­տեղ ու­ղար­կե­լով՝ զուտ վճա­րու­մէ մը խու­սա­փե­լու մտադ­րու­թեամբ։ Սրբա­զա­նը ի­րա­ւունք չու­նի հա­մայն­քին առ­ջեւ այս­պէս վար­կա­բե­կե­լու հաս­տա­տու­թիւն մը։ Քե­զի թող մնայ քու բաժ­նե­լիք ար­դա­րու­թիւնդ։ Ցայ­սօր 2 մի­լիոն 450 հա­զար լի­րա բաժ­նած ենք մեր հա­մայն­քին։ Ար­դեօք ինք կը գի­տակ­ցի՞ հա­մայն­քին առ­ջեւ ու­նե­ցած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ Օր­թա­գիւ­ղի պա­րա­գա­յին բար­դոյ­թա­ւո­րուած մթնո­լորտ մը կը հրահ­րուի այս հա­մայն­քէն ներս։ Սրբա­զա­նը ի՞նչ շա­հե­ցաւ այն­տեղ զիս վար­կա­բե­կե­լով։ Զի­րար վա­նե­լով ի՞նչ հարց պի­տի լու­ծենք։ Կրկնա­կի չա­փա­նիշ­նե­րը այս հա­մայն­քէն ներս կը կան­խեն միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Օր­թա­գիւ­ղի շի­նա­րա­րու­թե­նէն վերջ յար­կա­բա­ժին մը յա­տակ­ցու­ցինք Պատ­րիար­քա­րա­նին։ Ի՞նչ ը­րին մին­չեւ այ­սօր այդ տե­ղը։ Ո­չինչ. բար­ձի­թո­ղի վի­ճա­կի մէջ է, լրիւ ա­նար­դիւ­նա­ւէտ։ Չեն ար­ժե­ւո­րած եւ այդ­պէ­սով հա­մայն­քը կը զրկեն հա­սոյ­թէն։ Յե­տոյ ալ կու գան մեզ կ՚ամ­բաս­տա­նեն ա­շա­կերտ գող­նա­լով», ը­սաւ Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօզ։

Ժո­ղո­վա­կան­նե­րէն ո­մանք փոր­ձե­ցին Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօ­զը հա­մո­զել, թէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ակ­նար­կու­թիւն­նե­րը ո­րե­ւէ յստակ հաս­ցէ չու­նէին, մա­նա­ւանդ որ ան բա­ցար­ձա­կա­պէս խու­սա­փած էր ա­նուն­ներ ար­տա­սա­նե­լէ։ Իր կար­գին, Յա­րու­թիւն Շան­լըն ալ մատ­նան­շեց, թէ Ֆէ­րի­գիւ­ղի սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­թաց­քին Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօ­զի պոռթ­կու­մին բո՛ւն պատ­ճա­ռը ե­ղած էր ո՛չ թէ վար­ժա­րա­նին վե­րա­բե­րեալ ակ­նար­կու­թիւն­նե­րը, այլ՝ ե­րաժշ­տա­պե­տի խնդի­րը։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2015