ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ՏՆԱՅԻՆ ԿԱԼԱՆՔ
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները շաբաթավերջին վերստին տնային կալանք սահմանեցին՝ յայտնի բարերար ու գործարար Սամուէլ Կարապետեանի համար։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամանորէն անմիջապէս առաջ, ամիսներ անց բանտէն դուրս եկած էր Սամուէլ Կարապետեան, սակայն, դատախազութիւնը բողոքած էր անոր պարագային տնային կալանքի ուղղութեամբ տրուած որոշումը։ Դատախազութեան այդ բողոքի հիման վրայ շաբաթավերջին Սամուէլ Կարապետեան դարձեալ բանտի ճաղերուն ետին յայտնուեցաւ, իսկ աւելի վերջ դատավարութեան ընթացքը այնպէս մը եղաւ, որ Սամուէլ Կարապետեան դարձեալ դուրս եկաւ բանտէն եւ վերստին տնային կալանքի ենթարկուեցաւ։ Այս իրերամերժ տարուբերումներու մթնոլորտին մէջ, դատական իշխանութիւնները ջնջեցին նաեւ Սամուէլ Կարապետեանի դէմ հաստատուած հրապարակային խօսքի սահմանափակումը։
«Տաշիր» հոլտինկի ղեկավար Սամուէլ Կարապետեանի փաստաբաններէն Արամ Վարդեվանեան յայտնեց, որ սա հերթական խտացեալ խափանման միջոցն է՝ իր պաշտպանեալին դէմ։
Սամուէլ Կարապետեան Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը տապալելու փորձերով կը մեղադրուի եւ յամառօրէն կը մերժէ իրեն դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները։ Գործնականօրէն, ան ձերբակալուած է իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Արդարեւ, Սամուէլ Կարապետեան բանտի ճաղերու ետին յայտնուած էր՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին զօրակցութիւն յայտնելէ վերջ։