ԱՆՄԱՐ ԿԱՐՕՏ ԵՒ ՅԱՄԱՌ ԴԱՏ…

Այսօր դարձեալ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի ոգեկոչման օրն է։ Անմար կարօտի զգացումը դարձեալ համակած է բոլոր անոնք, որոնք Հրանդը կը վերյիշեն բիւր յարգանքով եւ կը ջանան հաւատարիմ մնալ իր յամառ դատին։ Լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի նահատակութեան տարելիցը կը բնորոշուի իր տեսած մեծ գործի արժեւորումով՝ յարափոփոխ ժամանակներու մէջ յարատեւ վերարժեւորուած մեծ պայքարի բովով։

Այս տարի եւս Հրանդ Տինքի մեծ դիմանկարը ցոլացուեցաւ իր նահատակման իսկ վայրին՝ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատան շէնքի ճակատին։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացը երէկ երեկոյեան ալ գտաւ իր շարունակութիւնը։ Հրանդ Տինքի դէմքը ո՛չ միայն գիշերուան ժամերու խորհրդաւոր պայմաններուն ներքեւ ցոլացաւ շէնքին վրայ, այլ անոր նկատմամբ ջերմեռանդութիւնը թարմացաւ սրտերու մէջ, իր պատկերը վերակենդանացաւ բոլորի հայեացքին առջեւ եւ ամենակարեւորը՝ հազարաւորներու, միլիոնաւորներու մտքին մէջ Հրանդի պատկերը հերթական անգամ ուրուագծուեցաւ՝ որպէս խաղաղութեան, համակեցութեան եւ հաւասարութեան գաղափարներու առաջամարտիկ։

Արդէն 19-ը տարիէ ի վեր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձը մեծ զանգուածներու խիղճը կ՚արիւնէ։ Երկարատեւ դատավարութիւնները բաւարար չեն եղած, որպէսզի դէպքը վերջնականօրէն բացայայտուած համարուի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ համատարած պահանջի վերածուած է, որպէսզի այս սպանութեան դէպքին կապակցութեամբ որեւէ կասկած գոյութիւն չունենայ մտքերու մէջ, որպէսզի Հրանդ Տինքի յաւիտենական նենջն ալ կարելի ըլլայ վերջնականապէս դարձնել խաղաղ։

Տարելիցի օրով հերթական անգամ բի՜ւր յարգանքով կը խոնարհինք անմոռանալի եւ այնքան սիրելի հոգելոյս Հրանդ Տինքի բարի յիշատակին առջեւ։

Երկուշաբթի, Յունուար 19, 2026