ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԹԱՐՄԱՑԵԱԼ ԿՈՉԸ

Երէկ, «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր ողբացեալ Հրանդ Տինք ոգեկոչուեցաւ իր նահատակման 19-րդ տարելիցին առթիւ։ Աննպաստ եղանակի պայմաններով հանդերձ համախմբուած հոծ բազմութիւնը արդէն խորհրդաւոր մթնոլորտ մը ստեղծեց այս տարի եւս ճիշդ այն կէտին վրայ, ուր անիծեալ փամփուշտը արհեստականօրէն կեանքէն խլած էր Հրանդ Տինքը։ Հանգուցեալ լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինքն ու հարազատները այս տարի եւս ոգեկոչման արարողութեան մասնակիցներու առաջատարներու շարքին էին։

Հոգելոյս Հրանդ Տինքի նահատակութեան ոգեկոչումը առիթ դարձաւ, որպէսզի արդարութեան կոչն ու կանչը թարմանան հերթական անգամ։ «19 յունուար, 19-րդ տարի» կարգախօսով կազմակերպուեցան ոգեկոչումները, որոնք զուգադիպեցան «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 30-ամեակի յոբելենական շրջանին։

«Ակօս»ի նախկին խմբագրատան պատուհանէն այս տարի ելոյթ ունեցաւ շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագրի տեղակալ Լետա Էօզպէր։

Հոգելոյս Հրանդ Տինքի ոգեկոչման արարողութիւնները զանազան լեզուներով ուղիղ եթերով սփռուեցան առցանց։

Երեքշաբթի, Յունուար 20, 2026