ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԷ ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ՈՃՈՎ ԽՕՍԻԼ՝ ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՇՈՒՐՋ
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի հաւանական իրադարձութիւններուն վերաբերեալ չի՛ շտապեր կանխատեսումներ ընելու։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Ռուբէն Ռուբինեան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Խորհրդարանի փոխ-նախագահը լրագրողներու նկատառման յանձնեց, որ հաւանական իրադարձութիւններու վերաբերեալ կը նախընտրէ ոչինչ ըսել։ Արդարեւ, փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ աւելի լաւ է սպասել իրադարձութիւններուն եւ որեւէ բանի մասին յայտարարել, երբ արդէն այդ մէկը տեղի կ՚ունենայ։ «Ինչ կը վերաբերի ապագայ զարգացումներուն, թոյլ տուէք, հիմա բան մը չըսեմ, երբ որ ժամանակը գայ, պատշաճ ձեւով կը տեղեկացնեմ։ Թոյլ տուէք հիմա բան մը չըսել, որովհետեւ ես կ՚ուզեմ յայտնել որեւէ բան, երբ որ սա տեղի կ՚ունենայ», ըսաւ ան։
Ռուբէն Ռուբինեան անդրադարձաւ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անձնագիր կրող անձերու համար բանալու գործընթացի դիւրացման։ Ան յիշեցուց, որ այս մասին պայմանաւորուածութիւն գոյութիւն ունի տակաւին 2022 թուականէն ի վեր։ «Միայն կրնամ ըսել այն, որ հրապարակային է եւ Թուրքիան կը վերականգնէ Ալիճանի անցակէտը», ըսաւ Ռուբինեան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Ռուբինեան անդրադարձաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերջին յայտարարութեան, ըստ որու՝ Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացէն ներս ներկայ տարեսկիզբին խորհրդանշական քայլեր պիտի ըլլան։ «Չեմ ուզեր այս նիւթով շատ բան ըսել ո՛չ թէ որովհետեւ ինչ որ թաքցնելու բան կայ կամ չեմ ուզեր ձեզի տեղեկատուութիւն տալ, այլ Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացին մէջ իմ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ աւելի լաւ է սպասել ինչ որ բանի մը ըլլալուն, այդ ժամանակ յայտարարել։ Ես չեմ ուզեր որեւէ կերպով գործընթացներուն վնաս հասցնել», ըսաւ Ռուբինեան եւ աւելցուց, որ հայկական կողմի դիրքորոշումը մշտապէս եղած է յստակ։ Երեւան կ՚ուզէ ունենալ ամբողջապէս բաց սահմաններ եւ վաղն իսկ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել։ «Եւ այս առումով այդ դիրքորոշման մէջ բան մը չէ փոխուած», ըսաւ ան։
Ի լրումն այս բոլորին, Ռուբէն Ռուբինեան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջընթացին ո՛չ միայն չի վնասեր, այլ նաեւ կը նպաստէ Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացին: Այսպէս, Երեւան-Անգարա առանցքի զարգացումները կրնան նոր ազդակ հաղորդել Երեւան-Պաքու գործընթացներուն: Ռուբէն Ռուբինեան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ այժմու գործընթացը սկսած է Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացին հետ: «Մեր դիրքորոշման մէջ բան մը չէ փոխուած Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացը տարբեր են, բայց, քանի որ նոյն տարածաշրջանին մէջ ենք, կրնան իրարու վրայ փոխադարձ ազդեցութիւն գործեն: Մենք կը կարծենք, թէ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացը ո՛չ միայն չի վնասեր Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացին, այլեւ կը նպաստէ եւ նոր ազդակ կը հաղորդէ անոր», ըսաւ ան:
Ռուբինեան դիտել տուաւ, որ անկարելի է չնկատել, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացէն ներս ահռելի յառաջընթաց մը կայ՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովէն ի վեր: «Ընդհանուր առմամբ, կը կարծեմ՝ գործընթացները դրական ուղղութեամբ կ՚ընթանան եւ որոշ արդիւնքներ արդէն կը տեսնենք, իսկ որոշ արդիւնքներ ալ պիտի տեսնենք», եզրափակեց ան:
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ապագայ յառաջմղման ուղղեալ վստահութեան ամրապնդման քայլերուն։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մարքօ Ռուպիօ գոհունակութիւն արտայայտեց նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան վառելիքի մատակարարումներուն կապակցութեամբ։ Ան համոզուած է, թէ սա կարեւոր քայլ մըն է երկու երկիրներու միջեւ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովի ժամանակ, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ յառաջ քշուած պատմական խաղաղութեան համաձայնագրին տեսակէտէ։