ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ
Ամենաքիչը երեսունհինգ տարի զիս կը բաժնէ Դամասկոսի հետ առաջին հանդիպումէս։ Շրջան մը, երբ Սուրիան մեծ ազդեցութիւն ունէր Լիբանանի ներքին իրադարձութիւններուն վրայ։ Աւարտած էր Իրաքի կողմէ Քուէյթ ներխուժումը, որմէ անմիջապէս ետք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կը յաջողուէր կազմել «Միջազգային դաշինք» մը, այս անգամ ներխուժելու համար Իրաք, Պաղտատ եւ տապալելու Սատտամ Հիւսէյինի բռնապետական իշխանութիւնը։
Եւ իրօք, յար եւ նման Սատտամ Հիւսէյինի, իմ սերունդիս վաղ երիտասարդութեան տարիները երանգ ստացան շարք մը արաբ բռնատէրերու տապալումով։ Եթէ նոյնիսկ արաբական միջավայրին մէջ ցայսօր ալ կը խօսուի ԱՄՆ-ի անարդարութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի նաւթով հարուստ երկիրներուն ներքին գործերուն խառնուելու մասին, հարկ է վկայել, որ Սատտամ Հիւսէյինէն սկսեալ, մինչեւ Լիպիոյ Մուամմէր Քատտաֆին, Թունուսի Զէյնէլ Ապիտին պին Ալին եւ Սուրիոյ Հաֆըզ Էսատը, բոլորն ալ մեծ ճնշումներով յաջողած էին պահել իրենց իշխանութիւնները։ Մինչեւ այդ բռնակալներուն հեռացուիլը, ԱՄՆ-ի հետ կար որոշակի ներքին համաձայնութիւն մը, որուն շնորհիւ ալ արեւմուտքը աչք կը խփէր գործուող ամէն տեսակի ճնշումներուն։
Մարդկային, խօսքի, քաղաքացիական եւ նոյնիսկ կրօնական բռնաճնշումներու միջոցաւ բռնատէրերու կեանքը երկարած էր, ինչպէս Իրաքի պարագային, նոյնն ալ Թունուսի եւ յատկապէս Սուրիոյ առաջնորդները իրենք զիրենք կարգած էին՝ որպէս մէկական չաստուածներ։
Անշուշտ, ճիշդ էր այն վարկածը, թէ վերոնշեալ անուններուն մէջ ամենէն առաձգականը կը համարուէր Հաֆըզ Էսատ, որ շնորհիւ իր ճարտար քաղաքականութեան կարողացաւ ո՛չ միայն յարաբերութիւններ պահպանել արեւմուտքի ու ի մասնաւորի ԱՄՆ-ի հետ, որու հետ կնքեց կարեւոր գործարքներ։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Դամասկոս ռազմական մասնակցութիւն կ՚ունենար Քուէյթի ազատագրման գործողութեան մէջ, որուն փոխարէն ալ Լիբանանը որպէս նուէր կը տրուէր Հաֆըզ Էսատի իշխանութեան։
Լիբանանի հասարակութեան ազատատենչ մասը ընկճուած էր։ Երկրի քրիստոնեայ ուժերուն առաջնորդները կա՛մ բանտարկուած կամ ալ աքսորուած էին ու այդ ժամանակներուն պատեհ առիթ մը ստեղծուեցաւ ինծի այցելելու Լիբանանի խնամատար երկրի մայրաքաղաքը՝ Դամասկոս։
Քաղաք մը, որ բացի սովորական մայրաքաղաք ըլլալէ, էր նաեւ շրջանի խռովքային քաղաքականութիւններու իրական տարրալուծարան։
Իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար Դամասկոս այցելելը կը խօսէր վախով ճամբորդութիւն մը կատարելու մասին։
Ամէնուրէք ակներեւ էին Հաֆըզ Էսատի կիսանդրիները, նաեւ Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան միաւորներու շեշտակի ներկայութիւնը։ Ու այս մեծ համայնապատկերին դիմաց իմ եւ շարք մը ընկերներու, ճանապարհակից բարեկամներու կացութիւնը կը փրկուէր հայ ըլլալու գրաւով։
Հաֆըզ Էսատի ժամանակներուն (հաւանաբար անոր որդիին՝ Պեշար Էսատի իշխանութեան օրերուն) հայերը ո՛չ մէկ անգամ համարուած էին հակառակորդներ, ի տարբերութիւն Լիբանանի շատ ու շատ համայնքներու անդամ ներկայացուցիչներուն, որոնք այս կամ այն կերպով նախ դժգոհած էին Լիբանանի սուրիական ուժերուն ներկայութենէն ու տարբեր առիթներով ալ կրակ բացած՝ անոնց դէմ։
Ու հոս էր նաեւ, որ կը բացուէր իրական ընտրանքներու եւ քաղաքացիական կեցուածքներու փակ փանտորայի տուփը։ Այն իմաստով, որ Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա ապրող հայերը յայտնուեցան լրջագոյն ընտրանքներու բարդութեան առջեւ։
Հեռանա՞լ արեան մէջ թաթխուած Սուրիայէն, մնա՞լ այնտեղ ու շարունակել իրենց կեանքը… իսկ հեռանալու պարագային ի՞նչ խօսիլ, կամ ինչպէ՞ս արտայայտուիլ Էսատներու իշխանութեան մասին, որուն փայլուն օրերը օրհնութիւն եղած էին Սուրիոյ հայագաղութի գրեթէ բոլոր անդամներուն համար։
Սուրիոյ մէջ կարեկցանքի կարիք ունեցող հայեր գրեթէ չկային, կային կարիքաւոր հայորդիներ, բայց, հայկական գաղութը այդքան ամուր եւ կազմակերպուած էր, որ բոլորին կարիքները հոգալու, թշուառութեան սահմաններուն ապրողներուն խնդիրները կը լուծուէին շատ հեշտօրէն։
Սակայն, այս բոլորին դիմաց հայութեան համար կը ստեղծուէր լուրջ խնդիր մը, որովհետեւ բնաւ «խելքի պառկելիք» բան մը պիտի չհամարուէր շարունակել գովաբանել Էսատներու իշխանութիւնը այն պարագային, երբ ամբողջ աշխարհը (միջազգային հանրութեան ազդեցիկ ուժերու մեծամասնութիւնը այդ «Միջազգային հանրութիւն» կոչուածին իրական ճարտարապետներն էին) Էսատ որդին սկսած էր համարել արիւնարբու բռնակալ մը, որ բացի պատիժներու ենթարկուելէ, պէտք է լքէր իր իշխանութիւնը։
Այս իրավիճակը նկարագրելով ուզեցի հասնիլ այն կարեւոր կէտին, որ առաւելաբար կը խօսի ու կը պատմէ հայերու հաւատարմութեան եւ երախտագէտ ըլլալու իրականութեան մասին, որ ուսանելի է ազնիւ միտումներով իւրաքանչիւր հասարակութեան համար։
Եւ իրաւամբ, հակառակ ամէն տեսակի զրկանքներու, ունեկորուստի, գաղթականութեան եւ թշուառութեան՝ սուրիայահութիւնը նոյնիսկ զոհեց իր ողջախոհութիւնը, սակայն, մաս չկազմեց երկիրը ներսէն բզիկ-բզիկ ընողներու խմբակներուն, չդատապարտեց Էսատի կատարած ամեհի սխալները ու մասնակից չդարձաւ Սուրիան քանդումի տարած գործընթացներուն։
Քաղաքացի, հաւատարիմ քաղացիներ, ահա՛, այս որակումները մնացին հայերուն համար որպէս ներկայացուցչական «պիտակ», ինչ որ առաւելաբար կ՚ունենար «մակնիշ»ի մը ազդեցութիւն։
Ու ինչպէս Լիբանանի մէջ, այդպէս ալ Սուրիոյ պարագային հայութիւնը հեռու մնաց այդ երկրի ներքին խոհանոցներէն, ուր կար դաւ, արիւն, նենգութիւն եւ դաւաճանութիւն… Ու մեծ հաշուով այդ պատճառով էր նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք ալ (որ շատերու համար անսպասելի էր) հայութիւնը արժանի դարձաւ ու դեռ ալ կը դառնայ Սուրիոյ նոր առաջնորդ՝ Ահմէտ Շարայի եւ անոր գաղափարակից ուժերուն յարգանքի առարկան։
Վերադառնալով նիւթի հիմնական առանցքին, հիմա վստահ եմ արդէն, որ դէպի Դամասկոս առաջին այցիս ընթացքին կարելի կ՚ըլլար փրկուիլ վախի, մտահոգութեան զգացումներէն՝ շնորհիւ հայութեան վարած ողջախոհ քաղաքականութեան։
Ու տխուրն այն է, որ հակառակ աշխարհի չորս ծագերուն, ուր հայութիւնը կը մշակէ ու կը վարէ շատ զգօն ու իմաստուն քաղաքականութիւն մը, նոյնը կարելի չէ ըսել Հայաստանի պարագային, ուր չկան հոգատարութիւն, սկզբունքները եւ պետական շահերը առաջնային ու առաջնակարգ համարելու իրական մօտեցումներ կամ առնուազն միտումներ։
Ի վերջոյ, դէպի Դամասկոս կատարած իմ առաջին ճամբորդութիւնը պարզ ուղեւորութիւն մը չէր․ այն եղաւ քննութեան, չափման եւ իրավիճակները հասկնալու փորձառութիւն։ Տարիներ ետք, երբ կը վերագտնեմ այդ ապրումները, աւելի յստակ կը տեսնեմ, թէ ինչի կրցած էր հասնիլ հայութիւնը՝ իր համեստ, բայց հաստատուն քաղաքացիական կեցուածքով։
Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հայութեան վարքագիծը դարեր շարունակ եղած է դասական օրինակ մը, թէ ինչպէս փոքր համայնք մը կը պահպանէ իր ինքնութիւնը՝ առանց խառնուելու ուրիշներու ներքին հակամարտութիւններուն, բայց, միաժամանակ առանց հեռանալու այն հողէն, ուր արմատացած է ու ապրած տասնամեակներով։ Այս հաւատարիմ քաղաքացի ըլլալու կեցուածքը պատահական չէր․ ան ներշնչուած էր շնորհակալութենէ, հաւատարմութենէ եւ ըմբռնումէ, թէ երկիրը, ուր կը բնակիս, նոյնքան պիտի պաշտպանես ու յարգես, որքան ինքդ քեզ։
Այս կէտին հակադրութիւնը կը դառնայ ցցուող․ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութիւնը, որուն ազգային եւ համայնքային ինքնագիտակցութիւնը երբեք չշփոթեցաւ կարճատես քաղաքական շահերու հետ, այսօր ալ կը շարունակէ մնալ այդ երկիրներուն վստահելի գործօնը։ Իսկ Հայաստանի պարագային, դժբախտաբար, նման հաւասարակշռուած, սկզբունքային եւ պետական մտածողութիւնը կը պակսի։ Մենք յաճախ կը խեղդուինք օրուայ տրամադրութեան, պատեհապաշտութեան կամ արտաքին ազդեցութիւններու մէջ, մոռնալով, որ պետութիւն կառուցելը կը պահանջէ նոյն այն սառնասրտութիւնը, զսպուածութիւնը եւ իմաստութիւնը, զորս մեր համայնքները դրսեւորեցին Դամասկոսի կամ Պէյրութի մէջ։
Այս բոլորէն միմիայն մէկ ուսանելի հետեւութիւն կայ․ ժողովուրդ մը, որ օտար հողերու վրայ կարողացած է պահպանել ողջախոհութիւնը, հարկ է, որ այդ նոյն իմաստութիւնը կուտակէ եւ գործադրէ իր իսկ հայրենիքին մէջ։ Ճիշդ այս գիտակցութենէն կախում ունի ո՛չ միայն մեր հաւաքական կեանքը, այլեւ մեր պետականութեան գոյատեւումը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան