ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Կեանքն ունի իր խաղերը, որոնք երբեմն կը գերեվարեն մարդը։ Յաճախ, մարդ հանգիստ կը զգայ՝ սեփական կեանքը իր իսկ կամքով յառաջ տանելու տպաւորութեամբ։ Ինչպէս ամէն գործի, այնպէս ալ սեփական կեանքի կառավարման պարագային, յանկարծ, իրադարձութիւնները կրնան հունէ դուրս գալ: Իր ամբողջին մէջ, կեանքը կարծես հաւասարակշռութիւններու յարատեւ վերաձեւաւորման ընթացք մը եղած ըլլար։

«Կեանքի մէջ ամենավիրաւորականն է՝ անդրադառնալ, որ բանի մը համար ի զուր վաստակ տուած ես», կ՚ըսէ Սապահատտին Ալի։

Տարբեր հարց, որ շատեր նոյն հեռաւորութեան վրայ չեն՝ այդ վաստակ ըսուածին նկատմամբ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 21, 2026