Տ. ՊԱՐԹԵՒ ԵՊՍԿ. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդ նշանակուեցաւ Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան։ Այս վերջինը, որ Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդն էր, այդ պաշտօնէն ազատուելով՝ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ գործուղղուեցաւ Զուիցերիա։ Այս նշանակման զուգահեռ՝ Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Ծայրագոյն Վարդապետ Ալճանեան ազատուեցաւ իր պաշտօնէն՝ նոյն հայրապետական տնօրինութեան հիման վրայ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նոյն տնօրինութեան շրջանակներէն ներս, Հայաստանի քրէակատարողական հիմնարկներու հոգեւոր տեսուչ Տ. Իսահակ Վրդ. Պօղոսեան համատեղութեան կարգով նշանակուեցաւ նաեւ Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդական տեղապահ։
Հարկ է նշել, որ Տ. Գուսան Ծայրագոյն Վարդապետ Ալճանեան Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն է։ Երբ իր Զուիցերիոյ պաշտօնավարութիւնը հասած է իր աւարտին, ապա ան արդէն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի հոգեւոր իշխանութեան եւ տնօրինութեան համապատասխան ձեւով պիտի շարունակէ իր յառաջիկայ գործունէութիւնը։ Հարկ է նշել նաեւ, որ Հայաստանէ ներս յառաջացած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Տ. Գուսան Ծայրագոյն Վարդապետ Ալճանեան վերջերս հանդէս եկած էր տխուր քայլով մը։ Ան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուցած էր, թէ կը միանար Վեհափառ Հայրապետին դաւաճանած տասն եպիսկոպոսներու համատեղ յայտարարութեան։