Հինգշաբթի 22, Յունուար 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻԶՄԻՐԻ ԵՐԷՑԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իզմիրի երէց Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեանը: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Մարիա Հազար, Կարապետ Սունկուրթեքին, Ժոզէֆ Էքինճեան եւ Հիւսէյին Ել:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տէր հայրէն տեղեկութիւններ ստացաւ Իզմիրի փոքրաթիւ համայնքին աշխատութեանց մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ եւ Իզմիրի լատին կաթոլիկ վիճակաւոր Մոնս. Մարթին Քմեթէք եպիսկոպոսի թոյլտուութեամբ, Իզմիրի Կէօզթեփէ թաղի Նոթր Տամ տը Լուրտ լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ հայածէս Ս. Պատարագ կը մատուցուի՝ ձեռամբ Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեանի։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութեամբ լսեց տրուած տեղեկութիւնները եւ օրհնեց կատարուած աշխատանքները, ծառայողներն ու տէր հայրը:
Հինգշաբթի, Յունուար 22, 2026