ՉԻՆԱՍՏԱՆ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ԱՐԵՒԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՅԱՆԸ

Չինաստան կը պատրաստուի կառուցել աշխարհի ամենամեծ արեւային ելեկտրակայանը, որ պիտի տեղակայուի Թիպեթի սարահարթին մէջ։ Այդ մէկը պիտի զբաղեցնէ 610 քառակուսի քիլօմեթր տարածք, ինչ որ համարժէք է Շիքակոյի չափին։

«Euronews»ի հաղորդումներով՝ Չինաստան արեւային վահանակներ կը տեղադրէ աշխարհի որեւէ երկրէն շատ աւելի արագ եւ ներդրումները կը սկսին արդիւնք տալ։ Հրապարակուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ երկրի ածխածնի արտանետումները 2025 թուականի առաջին վեց ամիսներուն նուազած են մէկ տոկոսով՝ նախորդ տարուան բաղդատմամբ։

Չինաստան աշխարհի վրայ ջերմոցային կազերու ամենամեծ արտանետողն է։ Ամենայն հաւանականութեամբ ան ստիպուած կ՚ըլլայ շատ աւելի կրճատել այդ արտանետումները՝ կլիմայի կլոպալ փոփոխութեան դանդաղեցման գործին մէջ իր դերը խաղալու համար։

Հինգշաբթի, Յունուար 22, 2026