ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ… ՆԵՐՍԷՆ

Իրօք ի՞նչ է հայութեան համար ամենէն առաջնայինը այսօր։ 2020 թուականի պատերազմէն ետք ականատեսը դարձանք համահայական իրականութեան մէջ ընկճուածութեան հասնող հոգեվիճակներու։ Այդ մէկը երեւելի էր ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ սփիւռքի մէջ։

Մարդիկ, որոնք մեծ զոհողութիւններ կատարեցին ու իրենց կարեւոր օժանդակութիւնը ցոյց տուին Հայաստանին, դէմ յանդիման մնացին մեծ հիասթափութեան, որ տակաւին կը շարունակուի։ 

Բազմաթիւներ արտայայտուած են տագնապի կամ տագնապներու դիմակայելու մասին։ Ի՞նչ ընել պատերազմներէն անմիջապէս ետք, ինչպէ՞ս շարժիլ եւ ի վերջոյ ինչպէ՞ս շարադրել կամ շարել առաջնահերթութիւնները՝ առանց ներքին հակակրանքները վերածելու խորունկ ատելութեան, ոխակալութեան եւ ամէն գնով դիմացինը տապալելու մեկնակէտի։

Ատելութիւնը, անշուշտ, միշտ ալ եղած է։ Հայութեան ոչ-բոլոր շերտերը համաձայն գտնուած են այս կամ այն իշխանութեան կատարած քայլերուն, գործերուն կամ նոյնիսկ աշխատանքի եղանակին։

Այդ չէ խնդիրը. խնդիրը համահայկական անկեղծ ու անաղարտ պատուհան մը ունենալու առաջնահերթութիւնն է, որ այսօր եւս կը շարունակէ բացակայիլ։ Այս գլխաւոր արժէքին մէջ, որն է ստեղծել համահայկական մաքուր եւ անաղարտ հարթակ մը, հիմնական սիւնաքարը պիտի ըլլային, պէտք էր, որ ըլլային այն մարդիկ, որոնց խօսքը յարգելի պիտի ըլլար բոլորին կողմէ։ Այդ մարդիկ (եկէք կոչենք զիրենք այդ հայրերը)՝ հայրերը պիտի չունենային մանր շահեր, պիտի չհետապնդէին իրենց եսին, շահուն, ընտրական հաշիւին համար ծառայեցուող մօտեցումներ ու այդ պատճառով ալ պիտի մնային բարձրութեան մը վրայ։ Ու ճիշդ ատոր համար ալ անոնք պիտի կոչուէին հայրեր, որոնք կրնան պարզ խօսքով մը միացնել իրարու դէմ պայքարի ելած բոլոր կողմերը։ 

Ճիշդ է, կողմ ու դէմ ըլլալը բնական երեւոյթներ են, ժողովրդավարութեան հիմնական բաղադրիչներն են, բայց, այդ բոլորը բաւարար չեն այսքան ծանր վիճակի մը մէջ յայտնուած Հայաստանն ու հայութիւնը դուրս բերել իր ներկայ տարբաղադրուած, իրարու դէմ թոյն շնչող ու այդքան մըն ալ ճահիճի մէջ ինկած իրադրութենէն։

Կայի՞ն մարդիկ, որոնք պիտի կարողանային այդ հայրութիւնը կատարել։ Այո՛, կային ու հիմա ալ կան, սակայն, որոշած են լռել։ 

Հայրութիւնը ի վերջոյ կը պահանջէ քաջութիւն, նուիրում եւ յանձնառութիւն։ Որովհետեւ այսօրուայ դրութեան մէջ իւրաքանչիւր ոք ու անհատ, երբ կը փորձէ լռութեան պատին մէջ ծակ մը փորել, որպէսզի կողմերէն որեւէ մէկուն մօտ գտնուող լոյսի մը շերտը թափանցէ դէպի միւս կողմը, այդ անձը պիտի համարուի դաւաճան, ծախուած ու ժողովուրդի թշնամին։ Բնականաբար, այս բոլորէն մեկնելով շատ-շատեր հաշուի առին այս բարդութիւնները ու ատոր համար ալ լռեցին ու պիտի շարունակեն մնալ իրենց տաքուկ բազկաթոռներուն վրայ… ու հանգստանան։

Ի հարկէ, մեզմէ շատ-շատեր կը շարունակեն գիտակցիլ, որ այսօր հայութեան համար խնդիրը՝ ապագայի ռազմավարութեան մը կերտումի հարցն է, որ պէտք է կատարուի հաշուի առնելով ո՛չ միայն մեր շուրջի գործընթացները, այլեւ Հայաստանի ու հայութեան իրական ներուժը։ Այս կէտին թաքնուած է «շան գլուխ»ը, որովհետեւ մեր փափաքներու, պահանջներու, մօտեցումներու պատմականութեան երանգներուն շատ շատերը ուղղակիօրէն պիտի հակասեն, կամ նոյնիսկ հերքեն այն բոլոր փաստերը, որոնք այսօր եւս մեր ձեռքին տակ են։

Իբր այդ, սկիզբ կ՚առնէ վէճ-հակադրութեան այնպիսի ճանապարհ մը, որ մեզ աւելիով պիտի օտարէ, հակառակութիւն սերմանէ՝ մեր մէջ ու ընթացքները տանի անդուլ, վնասաբեր եւ խօլ պայքարի… Ու այնքան ատեն, որ այսքան վիրաւոր մեր ազգին ու ժողովուրդին մէջ պայքարի այս որակները կան, իրարու դէմ թշնամութեան ու աւելին՝ զիրար ոչնչացնելու մթնոլորտը կայ, մենք՝ որպէս ազգ ու երկիր պիտի շարունակենք մնալ ու բանտուիլ ո՛չ թէ մեր ձեռքով, այլ մերը դարձած ճահիճներուն մէջ տառապելով։

Չկայ ազգային տեսլական, հետեւաբար, վտանգուած պիտի ըլլայ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ ինքնութեան մաքուր շապիկը, որուն մէջ շատ մը սփիւռքահայեր կը տեսնեն փրկութեան իրական լաստ ու առիթ։

«ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ»

Վերջերս «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը Լոնտոնի մէջ ներկայացուցած է իր նոր ռազմավարական նախաձեռնութիւնը՝ «Սփիւռքեան հեռանկարներ» խորագրեալ, որուն նպատակն է ստեղծել համահայկական մտածումին, ուսումնասիրութեանց եւ քաղաքականութեան ձեւաւորման անկախ ու գիտակ հարթակ մը։ 

Նախաձեռնութիւնը ծնունդ առած է Ղարաբաղի 44-օրեայ (2020-ին) պատերազմէն յետոյ բացայայտուած իրավիճակով, երբ բացուած ճեղքերուն հետեւանքով յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանը եւ սփիւռքը չունին համատեղ, երկարաժամկէտ ռազմավարական ճանապարհագիրք։

Այս լայնածաւալ ծրագիրը երկու հիմնական յենասիւներ ունի՝

ա.- Վիգէն Չթըրեանի խմբագրած ակադեմական հատորները, որոնք կը բացատրեն պատերազմէն յետոյ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական ու ներազգային իրականութիւնը,

բ.- 13 հազարէ աւելի մասնակիցներով իրականացուած համասփիւռքեան հարցախոյզը, որ կը ներկայացնէ սփիւռքի ինքնութեան, կազմակերպական կեանքի եւ նոր միտումներու ճշգրիտ եւ իրական պատկերը։

1. Ինչո՞ւ այս նախաձեռնութիւնը անհրաժեշտ է այսօր

Սփիւռքի համայնքները վերջին տասնամեակին ենթարկուած են խորքային փոփոխութիւններու՝

- Միջին Արեւելքի՝ «Սիրտ-գաղութներ»ու թուլացում,

- Զանգուածային արտագաղթ դէպի Արեւմուտք,

- Նոր սերունդներու ինքնութեան փոփոխութիւն,

- Կազմակերպութիւններու եւ դերակատարներու վերաձեւաւորում։

Այս բոլորը պահանջեցին համակարգուած, գիտական, քաղաքականութենէն անկախ հարթակ մը։ «Սփիւռքեան հեռանկարներ»ը կը փորձէ լրացնել տարիներով գոյութիւն ունեցող ռազմավարական պակասը։

2. Նպատակը՝ Հայաստան-սփիւռք նոր լեզու եւ նոր կամուրջ

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան եւ ակադեմական տքթ. Վիգէն Չթըրեան կը շեշտեն, որ նախաձեռնութիւնը կը ձգտի՝

- Հասկնալ եւ բացատրել սփիւռքի իրական կարիքները,

- Համադրել աշխարհի տարբեր ծայրերուն ցրուած համայնքներու շահերը,

- Ստեղծել գիտական ու հասարակական ընդհանուր լեզու մը Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ,

- Գծել երկարաժամկէտ ազգային ռազմավարութիւններ՝ առանց կուսակցական կամ պետական միջամտութեան։

Այս մօտեցումը Հայաստանի ու սփիւռքի յարաբերութիւնը կը տեղափոխէ զգացական կամ աւանդական շրջանակներէն դէպի ապացոյցներու, ուսումնասիրութեանց եւ հաւասարկշռուած ու սթափ մտածողութեան հարթակ։

3. Մեթոտաբանութիւնը՝ լսել, ուսումնասիրել, չքաղաքականացնել

Նախագիծը պիտի հիմնուի լայն քննարկումներու, առցանց սեմինարներու, համայնքային զրոյցներու եւ նոր հետազօտութեանց վրայ։ Կարեւորագոյն սկզբունքն է անկախութիւնը։ Հիմնարկը կը գանձատրէ, բայց չի ներգործեր հետեւութիւններուն։ Արձանագրուած է, որ եթէ նոյնիսկ հետազօտութիւնները հակասեն հիմնարկի կարծիքներուն, անոնք պիտի հրապարակուին։

4. Հիմնահարց՝ «խճողում»ի մէջ ճիշդ հարցերը գտնել

Չթըրեան կը նշէ, որ ամենադժուարը ո՛չ թէ պատասխան տալն է, այլ՝ հարցերը ճիշդ ձեւակերպելը։ Հայ իրականութիւնը այսօր բազմաշերտ է, անորոշ եւ քաղաքական ու աշխարհագրական բեւեռացումներով լի։ Նախաձեռնութեան հիմնական խոստումը այս «խճողում»ին մէջ ճիշդ ուղղութիւն մը գտնելն է, ո՛չ թէ նոր անորոշութիւն ստեղծելը։

5. Երկարաժամկէտ ազդեցութիւն

Նախաձեռնութեան արդիւնքները կրնար չերեւիլ արագօրէն։ Պէտք են տարիներ՝ քանի որ նպատակը ո՛չ թէ արագ լուծումներ, այլ՝ համահայկական նոր գաղափարական հարթակ ստեղծելն է։ Սակայն, եթէ յաջողի, այս ծրագիրը կրնայ դառնալ առաջին ամուր մեքանիզմը, որ կը միացնէ Հայաստանն ու սփիւռքը, կը ձեւաւորէ ազգային առաջնահերթութիւններ եւ կը գծէ ապագայի նոր ուղի։

Միւս կողմէ, «Սփիւռքեան հեռանկարներ»ը համադրում մըն է՝ գիտական խորութիւն, քաղաքական չէզոքութիւն եւ համազգային նպատակադրութիւն։ Այս նախաձեռնութիւնը կը ներմուծէ նոր մշակոյթ մը՝ մտածելու, քննարկելու, միասին չափելու իրականութիւնը եւ միասին ձեւաւորելու ապագան։ Հայութիւնը այսօր ունի ճգնաժամեր, որոնք այլեւս չեն կրնար լուծուիլ մասնատուած կամ սփիւռքակեդրոն առանձին նախաձեռնութիւններով։

Եթէ ծրագիրը իրականացուի յստակ, թափանցիկ եւ ներգրաւիչ ձեւով՝ ան կրնայ դառնալ այն երկար սպասուած կամուրջը, որուն բացակայութիւնը միշտ կը զգացուէր Հայաստանի եւ սփիւռքի փոխյարաբերութիւններուն մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 22, 2026