ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓԻ ՀԵՏ ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ՄԸ

Այսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Զուիցերիոյ մէջ։ Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաուէրին ընդառաջ, Նիկոլ Փաշինեան մասնակցութիւն կը բերէ «Խաղաղութեան խորհուրդի» կանոնադրութեան ստորագրման հանդիսաւոր արարողութեան՝ որպէս հիմնադիր անդամ։ Փաշինեան Տաւոս ժամանելէն առաջ, երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի հետ ուժանիւթի համակարգերը իրարու պիտի միացուին։ 

«Միանշանակ եւ աներկբայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ուժանիւթի համակարգերը իրարու պիտի միանան եւ փոխադարձաբար, նոյն պայմաններով պիտի օգտուին եւ արտահանման եւ ներածման հնարաւոր պայմաններէն», ըսաւ ան։

Վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները ուսումնասիրած են Երասխ-Սատարակ հատուածէն ներս գտնուող երկաթուղիի կացութիւնը՝ այդ մէկը վերաբանալու նպատակով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ TRIPP նախաձեռնութեան։ Ըստ իրեն՝ TRIPP-ի զարգացման ընկերութեան շուրջ շրջանառութեան մէջ մտած քննադատութիւնները եւ անոնց վերաբերեալ մտահոգութիւնները կը կարեւորուին նաեւ կառավարութեան կողմէ։ Այդպիսի մեկնաբանութիւնները կը դիտարկուին՝ որպէս վերստուգման միջոց։ «Մենք կ՚ուսումնասիրենք այդ մեկնաբանութիւնները, կը վերստուգենք՝ ճիշդ են կամ սխալ եւ կրնամ միանշանակ ըսել, որ բոլոր այդ մտահոգութիւնները մենք ալ ունինք։ Այդ է պատճառը, որ ստորագրուած է օգոստոսի 8-ի փաստաթուղթը եւ յունուարի 14-ին երկու կառավարութիւններու անունով հրապարակուած է շրջանակը, ուր բազմիցս շեշտուած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», ընդգծեց վարչապետը։

Բաց աստի, Փաշինեան դիտել տուաւ, որ TRIPP-ը թէեւ քաղաքական բարձր հեղինակութիւն ունի, սակայն, առաջին հերթին ներդրումային ծրագիր մըն է։ «Սա նախ եւ առաջ տնտեսական ծրագիր մըն է։ Եթէ հետեւիք փաստաթուղթերու թափին, ապա կը տեսնէք, որ քաղաքական բաղադրիչը աստիճանաբար երկրորդ գծի վրայ կը մղուի, իսկ առաջին գիծ կը մղուի ներդրումային եւ տնտեսական տրամաբանութիւնը», շարունակեց վարչապետը՝ յիշեցնելով, որ նախորդ շաբաթ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները այցելած են Երասխ-Սատարակ հատուած եւ ուսումնասիրած են երկաթուղիի թեքնիք վիճակը։ «Եթէ երկաթուղիի վերաբացման նպատակ չըլլար, ապա այդպիսի ուսումնասիրութիւն պարզապէս չէր իրականացուեր», ընդգծեց ան։ Երեսփոխաններուն առջեւ վարչապետը բացատրեց, որ ընդդիմադիր շրջանակներու կողմէ հնչեցուած պնդումները, թէ ծրագիրը չի նպաստեր Հայաստանի ապաշրջափակման կամ կը վտանգէ իշխանութիւնը, որեւէ հիմնաւորում չունին։ «Անոնք այն նոյն մտահոգութիւններն են, որոնք մենք ալ ունեցած ենք գործընթացի սկիզբին եւ այդ իսկ մտահոգութիւնները հասցէագրելու համար սկսած ենք այս գործընթացը։ Այսօր կրնամ արձանագրել, որ այդ մտահոգութիւնները արդէն հասցէագրուած են», ընդգծեց վարչապետը։ 

Տաւոս մեկնելու ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն դիտել տուաւ նաեւ, որ Հայաստանի աշխատանքը ուղղուած է խաղաղութեան ամրապնդման, սակայն, երբեւէ, որեւէ մէկ վայրկեան չէ կորսնցուցած իր զգօնութիւնը։ 2026 թուականի յունուարի 21-ի դրութեամբ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով կատարեալ խաղաղութիւն կը տիրէ։ «Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տարեկան զեկոյցին մէջ ընդգծուած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական մագլցումը կը գնահատուի գրեթէ անհաւանական, ինչ որ արձանագրուած է երկու երկիրներու միջեւ հաստատուած խաղաղութեան հիմնաւորումով», ըսաւ վարչապետը։ 

Անդրադառնալով սպառազինութիւններու ձեռքբերման՝ վարչապետը աւելցուց. «Մեր ռազմավարութիւնը հետեւեալն է. մենք մեր երկրի պաշտպանունակութիւնը սիստեմաթիք կերպով կ՚աւելցնենք։ Եւ կրնամ ըսել, որ յաջողութեամբ կ՚իրականացնենք այդ բանը»։ Ինչ կը վերաբերի խաղաղութեան ապագայ ամրապնդման եւ հաստատութենականացման հարցերուն՝ ան վստահեցուց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնը այդ ուղղութեամբ կը շարունակէ իր դիւանագիտական արձագանգը։ «Բայց նաեւ կ՚ուզեմ ըսել, որ բոլորս արձանագրենք այն մթնոլորտի փոփոխութիւնը, որ տեղի ունեցած է այս ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու մէջ՝ սկսած հռետորաբանութենէն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի կողմէ։ Այդ հռետորաբանութիւնը արդէն իսկ որակական փոփոխութեան առաջին նշանները ցոյց կու տայ։ Եւ ես կ՚ուզեմ այդ բանը ողջունել», շարունակեց վարչապետը։

Հայաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան արձանագրած խնդիրներուն շուրջ աշխատանքը, վարչապետի վստահեցմամբ, կը շարունակուի։ «Բայց այդ աշխատանքը ուղղուած պիտի ըլլայ խաղաղութեան ամրապնդման, այս ընթացքին ձեւաւորուած դրական բովանդակութեան ընդգծման, շեշտուելուն, այդ դրական բովանդակութեան վրայ յենուելու։ Ինչ կը վերաբերի անվտանգութեան հաւանական ռիսքերուն եւ սպառնալիքներուն, ապա Հայաստանի պետական համակարգը անընդհատ կը վերլուծէ այդ բոլորը։ Այդ ուղղութեամբ բոլոր ծառայութիւնները՝ առաջին հերթին դիւանագիտական, իրենց աշխատանքը կը կատարեն», ըսաւ ան։ Ուստի, Փաշինեան ուրախութեամբ ընդգծեց օրեր առաջ Ատրպէյճանի կողմէ չորս նոր գերիի Հայաստան վերադարձուիլը։ 

«Մենք այս գործընթացներուն հետ պէտք է հանգիստ, հանդարտ, խաղաղութեան վրայ կեդրոնացած, հաստատուած, խաղաղութեան նկատմամբ խնամքի ցուցաբերմամբ աշխատինք։ Բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք ու ոչ մէկ վայրկեան իր զգօնութիւնը չէ կորսնցուցած եւ չի կորսնցներ։ Այսօր՝ 2026 թուականի յունուարի 21-ի դրութեամբ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով կատարեալ խաղաղութիւն է, կատարեալ խաղաղութիւն», շարունակեց վարչապետը։

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ խորհրդարանի մէջ յայտարարեց, որ առանց Երեւանի համաձայնութեան՝ TRIPP-ի զարգացման ընկերութեան բաժնետոմսերու օտարում, նուիրում կամ վաճառք որեւէ երկրի, որեւէ ընկերութեան, չի կրնար տեղի ունենալ։ Անդրադառնալով Ատրպէյճանի ընկերութիւններու հաւանական մասնակցութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններուն՝ Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթը բոլոր խնդիրները պարզ կը դարձնէ։ «TRIPP-ի զարգացման ընկերութիւնը՝ ԱՄՆ վերահսկիչ բաժնեմասերով եւ սկզբունքային հարցերու մէջ Հայաստանի վերահսկողութեամբ, նպատակ ունի ապահովել ենթակառուցուածքներու զարգացումն ու իրականացումը», ըսաւ նախարարը։

Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանի ամպիոնէն շեշտեց, որ բացառուած է առանց Հայաստանի կառավարութեան հաւանութեան այս համաձայնութիւններու խախտուիլը։ TRIPP-ի զարգացման ընկերութեան 74 տոկոս մասնաբաժինը պիտի պատկանի ԱՄՆ-ին, իսկ 26 տոկոսը պիտի պահպանուի Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։ 

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ընթացքին յայտարարեց, որ լաւատես է Հայաստանի հետ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Տաւոսի մէջ, «Սահմանելով Եւրոասիական տնտեսական ինքնութիւնը» խորագրեալ ասուլիսին մասնակցեցան Իլհամ Ալիեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ։ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան քննարկման ընթացքին անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան գործընթացին։ «Ապագան կախուած է մեզմէ, ես նկատի ունիմ մեր երկիրներու ղեկավարները, իսկ մեր երկիրներու ղեկավարները ցոյց տուած են իրենց պատրաստակամութիւնը, ցուցաբերած են քաղաքական խիզախութիւն եւ կամք, որոնք կը հաստատեն այդ խաղաղութիւնը», ըսաւ ան։ Բաց աստի, Վահագն Խաչատուրեան ընդգծեց, որ խաղաղութեան ճանապարհին յաջողութեան հասնելու գրաւականը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած յստակ պայմանաւորուածութիւններն ու փոխադարձ յարգանքն է՝ իրարու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան նկատմամբ։

Հինգշաբթի, Յունուար 22, 2026