ԱԿՆԱՐԿ - 152 - ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՆԴԱՍՏԱՆԻՆ ՄԷՋ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Կոմիտաս Վարդապետէն գրութիւն մը, որ որպէս դասախօսութիւն կարդացած է 1912 թուականի ամրան, Էսաեան վարժարանէն ներս՝ «Պարն ու մանուկը» նիւթին շուրջ: Ապա, մտածումներ պիտի ներկայացնենք վարդապետէն երգ ու պարի մասին: Այսպէս.

* Ի՞նչ է կրթութեան, դպրոցին նպատակը: Մանուկը բարոյական կեանքի փիլիսոփայութիւնը, կեանքի հասկացողութիւնը չունի: Պէտք է անոր հոգեկան զգացումներուն հաւասարակշիռ դաստիարակութիւն մը տալ: Որպէսզի երգեցողութիւնը դնդերներու միջոցաւ անոր ուղեղին վրայ բարերար ազդեցութիւն մը ունենայ, պէտք է գիտակցական ըլլայ: Երգը կը սորվին իբրեւ հաճոյքի առարկայ, եւ երբ մեծնան, որեւէ ազդեցութիւն չեն կրեր անկէ: Դատարկ հնչումէն դատարկ զգացում կ՚առաջանայ: Զգացումները կանոնաւորելու, ուղղելու, զարգացնելու համար հարկ է երգեցողութեան աւանդումէն նպատակայարմար ուղղութիւն մը տալ:

Մեր մէջ փոքրիկ մանուկներու կը սկսին սորվեցնել բարոյախօսական, խրատական, փիլիսոփայական երգեր, որոնց իմաստը ան չի հասկնար ու չ՚ազդուիր ինչպէս պէտք է: Մենք մանուկներու հոգեկան պահանջներուն յարմարցուած դասագիրքեր չունինք. մեր դասագիրքերը լեցուն են փիլիսոփայական, բայց ոչ ճիշդ մանկական նիւթերով: Մանուկը չ՚ըսեր «Յակոբ», այլ կ՚ըսէ «Ակօ»:

Անոնց, որ տակաւին կեանքին հասկացողութիւնը չունին, դուք տուած էք կեանքի փիլիսոփայութեան դասեր, ասիկա իր մտաւոր ստամոքսը չի կրնար մարսել, ծուռ-ծուռ դաստիարակութիւն է, իսկական վարժապետներ չկան։ Եթէ մանուկը չի հասկնար ձեր դասաւանդութիւնը՝ յանցանքը ձերն է, որովհետեւ չէք կրցած հասկնալ անոր հոգին, պէտք է վար իջնել մինչեւ անոր հոգեկան աստիճանը, եւ զայն առնելով ձեզի հետ բարձրացնել:

Սխալ դաստիարակութեան արդիւնք է, որ շատեր, որոնք հանճար պիտի ըլլային, եղած են գող եւ արդէն երեւելի աւազակները հանճարներ են, սուր, թուր գործածելը տեսակ մը ուժ է, փախչելու՝ պատիժէ. կախաղանէ ազատելու միջոցներ խորհիլը հանճարամտութիւն կը պահանջէ. տեսնուած են աւազակներ, որոնք բանտէն ելլելէ ետք զգաստ հանճարներ դարձած են:

Մանուկը բնախօսական պակաս չունի, եթէ օժտուած է, ընտանիքը որքան զարգացած ըլլայ, մանուկն ալ այնքան մտքի առաւելութիւններով երեւան կու գայ: Շատ վատ է, ընդհակառակն, անոր տպաւորութեան յանձնել գէշ վիճակներ, որոնցմէ մին է երես տալ. պէտք է անոր կարողութիւնները չափաւորել, կոկել, կանոնաւոր զարգացում մը ապահովել: Թէ ինչպէ՞ս մանուկները պէտք է դաստիարակել՝ ո՛չ անհատականութեանը վնասելով եւ ո՛չ ալ կիրքերը, ձգտումները սանձարձակ թող տալով, ասոր միջոց ցոյց կու տանք մանուկները դասաւորել ձայնի կարգով, որովհետեւ ձայնը արտայայտիչն է անոր հոգեկան կարողութիւններուն, հետեւաբար, երբ դասարանի մէջ նստեցնենք ձայնի կարգաւ, անոնք ոչ մէկ վիրաւորանք կը զգան եւ զիրար հաւասար նկատելով՝ չգիտցող մը գիտցողէն կը սորվի: Առաջնորդելու է բնութեան համաձայն։ Պէտք է տխուր երգ չտալ երբեք, այլ ամէն ինչ աշխոյժ, եռանդ ներմուծէ անոնց հոգիներուն մէջ:

Ինչպէ՞ս ուսուցանել. նախ վարժապետը ինք սորվելու է, ինչ որ պարտի դասախօսել: Չորս տեսակ ձայն կայ. ձայն, կիսաձայն, բաղաձայն, անձայն: Մանուկին սկսել տալու է այս կարգով.- ա, ա, ա, այ, վերջը՝ այ, այ, ի ու վերջ ի վերջոյ երգել եւ քալել կամ պարել տալու է: Երգեցողութիւնը սրտին հետ կապ ունի, որ ուղղակի հոգիին կ՚երթայ:

Ուսուցիչ պարոններ ու քոյրեր, զգուշութեամբ ու երկիւղածութեամբ մօտեցէք դաստիարակութեան գործին. խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը. դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է. սխալ ուղղութեամբ ազգ մը կը խորտակէք վերջը: Որքան ուրախալի է ինծի տեսնել հոս համախմբուած ուսուցչական դասը, որ եկած է մանկավարժական դրութիւններ ուսանելու: Ռուսահայաստանի մէջ ուսուցչական խումբը քիչ մըն ալ տարբեր ուղղութիւն ունի: Հոն ամէն մէկը իր փորձառութիւններուն արդիւնքը, տեղեկագիրը կը բերէ ժողովին, ու այդ արդիւնքներէն ընդհանուր եզրակացութիւններ կը հանեն ու կը ներմուծեն վարժարաններու մէջ, որոնց ամէնուն ծրագիրը մէկ է եւ այդ ուղղութեամբ կը քալէ: Մէկէն եկած աշակերտը միւսին մէջ շատ հեշտիւ կը շարունակէ իր ընդհատած տեղը:

Երանի թէ օգտակար ըլլայի (ԺԱՄԱՆԱԿ, 61-րդ տարի, Աւագ ուրբաթ, 4 ապրիլ 1969, թիւ 91, էջ 2): 

* Ժողովուրդը արուեստական երգեցողութիւն ըսուած բանը չի գիտեր. իւրաքանչիւր երգ իր տեղին, իր ժամանակին կը ստեղծուի կամ կը սորվըուի՝ գործի ժամին՝ գործի երգ, տանը՝ տան երգ միայն կ՚ըսեն: Ոչ մէկ գիւղացի, տանը նստած, կալի երգ չ՚ըսեր, որովհետեւ կալերգը ստեղծելու եւ ըսելու տեղը կալն է, ուստի շատ օտարոտի կ՚երեւի, թէ ինչու կը հետաքրքրուին մէկ երգով, երբ անտեղի եւ անյարմար ժամանակ է: Իւրաքանչիւր երգ կապուած է գիւղական կեանքի մեկ րոպէի հետ եւ կու տայ միայն այդ րոպէի հաշիւը: Ժողովուրդը ժամանակէն եւ տեղէն բաժան երգ չի հասկնար, չի ստեղծեր եւ չի ալ գործածեր:

* Երգաստեղծութեան շնորհը գեղջուկի համար բնատուր պարգեւ մըն է. ամէնքն ալ, լաւ կամ վատ, խաղ կապել եւ երգել գիտեն: …Ժողովուրդի երգեցողութիւնը ունի ինքնուրոյն դպրոց, ուր դաս կ՚առնեն ամէնքը, ամէն ժամանակ, երբ կարիք կը զգան: Գեղջուկի դպրոցը, ուսուցիչը եւ առարկան՝ բնութիւնն է: Ան ձեռք բերած է ամէն տեսակ փորձառութիւն, հմտութիւն եւ բազմակողմանի ու կենդանի երգերով իր եւ բովանդակ բնութեան զուարթ ու մռայլ սրտի յուզումները պայծառ նկարելու կարողութիւն: Իւրաքանչիւր գիւղացի քաջ գիտէ տեղական եղանակներն ու երգերը այնպէս, ինչպէս բարբառը: Շատ զարգացած է բնազդաբար յարմարելու երգական կարողութիւնը, որ ձեռք բերած է կամաց-կամաց, դարերու ընթացքին, մշտական փորձերով եւ սուր յիշողութիւնով, որոնց առաջնորդն է զգոյշ լսողութիւնը:

* Մարդկային կեանքի աչքի զարնող երեւոյթներէն մէկն ալ պարն է: Պարը կ՚արտայայտէ իւրաքանչիւր ազգի բնորոշ գծերը, մանաւանդ, բարքն ու քաղաքակրթութեան աստիճանը. որովհետեւ, թէպէտ մարդ կը պարէ ազատ կամքով, բայց մարմնի տեսակ-տեսակ շարժումները ակամայ կը մատնեն ներքինը:

* Հայոց ազգային պարերը խմբական են։ Խմբապարը շատ խորունկ արմատ ձգած է հայ գեղջուկի մէջ, որ հինը կը պահէ եւ նորը կը յօրինէ։ Պարը կը բոլորեն կամ կը բռնեն այսպէս։ Պարողները մէկը կ՚ընտրեն պարագլուխ, որ, սովորաբար, իրենց շրջանի անուանի ձայնեղն ու պարողը կ՚ըլլայ։ Խումբը կրնայ ըլլալ ե՛ւ միասեռ ե՛ւ երկսեռ:

* «Պարի ներքին բովանդակութիւնը ունի անփոփոխ այս երեք տարրը՝ շեշտ, յանգ եւ եղանակ, բոլոր ազգերն ալ ունին, բայց արտայայտութեան աստիճանը կախում ունի ազգային խառնուածքէն եւ քաղաքակրթութենէն. իսկ այդ երկուքը՝ ժողովուրդի ամբողջ ներքին եւ արտաքին վիճակէն: Ուրեմն ազգային պարերու յատկութիւնը սահմանելու համար պէտք է քննել արտաքին պայմանները:

* Պարը ամենահիմնական նշանակութիւն ունեցող երեւոյթ մըն է. ամէն գեղարուեստ պարի մէջ կը պարփակուի: Իբրեւ շարժում՝ պարը շատ կարեւոր դեր ունի ապագայ դպրոցական կեանքի գեղարուեստական շարժումին մէջ, վասնզի պէտք է գիտնալ, թէ ամէն գեղարուեստ, ինչպէս երաժշտութիւն, քանդակագործութիւն, ճարտարապետութիւն եւ այլն շարժում է. ամէն կեանքի մէջ պար կայ. արդէն ամբողջ տիեզերքի կեանքը պար չէ՞:

* Պարերգերը ծագում կ՚առնեն պարի ժամանակ տղայի եւ աղջկայ միջեւ առաջացած զգացմունքներէն, եղանակները կը համապատասխանեն քայլերուն եւ թռիչքներուն եւ կարճ են առհասարակ պարողները չյոգնեցնելու համար: Անոնք կը սկսին ինչպէս պարերը, ծանր հանդիսաւոր եւ ապա կամաց կամաց կը տաքանան եւ կ՚արագանան: Պարագլուխը կ՚երգէ առանձին նախադասութիւնը մինչեւ վերջին բառը, խումբը կ՚առնէ վերջին բառէն եւ կը կրկնէ նոյն նախադասութիւնը, որու վերջին բառէն դարձեալ կը սկսի պարագլուխը եւ կը շարունակէ երկրորդ նախադասութեան մինչեւ վերջին բառը եւ այսպէս յաջորդաբար:

* Մտաւոր զարգացումի աստիճանին վրայ կը գտնուի պարին շարժումն ալ: Ուրեմն ազգի մը քաղաքակրթութեան կապուած է իր պարին շարժումներու զարգացումը: Այն մարդիկ որոնք նստուկ կեանք ունին, թոյլ են՝ ոչի՛նչ կ՚ընեն, ո՛չ մէկ կերպով կը շարժին: Միթէ թուլամորթ մարդը կրնա՞յ արդէն սուր առնել, թուր առնել:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 22, 2026