ԽՈՆԱՐՀ ԽԱՒԵՐՈՒ ՄԷՋ ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ ՏԻՊԱՐՆԵՐ
Խոնարհ եւ համեստ խաւերու մէջ երբեմն մարդ կրնայ հանդիպիլ այն տեսակ պատուական-ազնիւ տիպարներու՝ որոնց նմանը շատ անգամ չի յաջողիր գտնել ընկերային աւելի բարձր խաւերու մէջ։ Աշխարհի զարգացման, բարձրացման եւ բարօրութեան համար հարկ եղած ազդակները այնքան վարժուած ենք սպասել. եւ իրաւամբ անշուշտ՝ միտքով, սիրտով եւ կարողութիւններով մե՛ծ մարդերէ, որ յաճախ կը մոռնանք, թէ մեր շուրջը, անմիջապէս մեր մօտիկը կայ ուրիշ «դասակարգ» մըն ալ, խոնարհ դասակարգը՝ որ երբեմն, եթէ ոչ տաղանդ եւ զարգացում, գոնէ սրտի ազնիւ տրամադրութիւններ եւ պատուական յատկութիւններ կը ցուցադրէ իր կենցաղին մէջ։ Եւ սակայն իրողութիւնը այն է, որ այն «նուաստ» նկատուած դասակարգին պատկանող անհատներուն մէջ ալ երբեմն, թէ ո՛չ յաճախ՝ կարելի է հանդիպիլ միտքի եւ հոգիի անանկ չքնաղ զարդերու, որոնց նման ամէն շրջանակի եւ ամէն վիճակի մէջ չի տեսնուիր։ Եւ հաճելիօրէն յուսախաբ կ՚ըլլանք, երբ գրեթէ «ցեղին մէջ ադամանդ մը կը գտնենք»։
Խոնարհ եւ համեստ խաւերուն մէջէն ելած, աճած եւ ծաղկած նկարագրի ազնուութիւնը կարծես, թէ մարդուն վրայ այն ազդեցութիւնը եւ տպաւորութինը կ՚ունենայ, ինչ տպաւորութիւն որ կը թողու շնորհափայլ, փափկագեղ եւ անուշաբոյր ընտանի ծաղիկի մը յանկարծական երեւումը լերան մը ամայի մէկ կողին վրայ, ճահիճներու եզերքը կամ աղտեղի փոսերուն մէջ կամ մօտը, ուր այդ ծաղիկը, զոր շքեղօրէն մշակուած եւ խնամուած պարտէզի մը մէջ փնտռեր էիք, եւ չէիք գտեր, հոն այդ անյարմար միջավայրին եւ տեղերուն վրայ կարծես աւելի հմայքոտ եւ հրապուրիչ կը թուի, շրջավայրին հետ ունեցած աչքառու հակադրութեան պատճառով։
Եւ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին այս եւ այս կարգի մտածումներ ունեցած ենք յաճախ, երբ խոնարհ եւ համեստ անձերու հետ ծանօթացած ենք։ Անոնք, զոր օրինակ, եղած են համեստ գիտութեան տէր, բայց իմաստուն եւ ազնիւ անձեր, եւ կամ աղքատ բայց հոգիով հարուստ անհատներ, չքաւոր բայց փառաւոր մարդիկ, երբեմն պարզ բեռնակիր մը՝ հեռու տեղէ մը գաղթած եւ ինքզինք օտարութեան գիրկը նետած, ուր տուն տեղ, ընտանիքի տէր եղած, զաւակներու հայր՝ ըստ երեւոյթին գոհ եւ երջանիկ կեանք մը ապրած…
Եւ այսպիսի խոնարհ եւ համեստ, անշուք բայց փառաւոր մարդիկ, վկայած ենք, թէ՝ առտու եւ իրիկուն, ամառ եւ ձմեռ, ուրախ ըլլայ թէ ցաւառիթ մտածում մը իրենց միտքը պաշարէ եւ մտահոգուին, իրենց պատասխանատուութեան գիտակցութեանը տէր՝ իրենց ընտանիքի օրապահիկը հայթայթելու համար կը տքնին, կ՚աշխատին եւ քրտինք կը թափեն։ Իրենց այս աշխատանքը՝ քրտինքը իրենց կեանքին անբաժան ընկերը, ուղեկիցը եղած է եւ տարիներ միասին ապրած են։ Եւ այդ արդար քրտինքը եղած է իրենց բովանդակ «դրամագլուխ»ը, իրենց ուժը, իրենց խելքը, իրենց դրամը, իրենց դաստիարակութիւնը, իրենց պատիւը եւ ի՛նչ որ մարդու մը ապրուստը հայթայթելու միջոցն է, անոնց համար քրտինքին մէջ նոյնացած է։
Այդ արդար քրտինքը իրենց կեանքին անբաժան եւ սիրելի ընկերը, իրենց ամէն բանը՝ մութ եւ խաւար օրերուն մէջ իրենց համար տեսակ մը լոյս։ Անել ճամբաներու մէջ տեսակ մը ուղեցոյց դարձած էին։ Զարմանալի չէ ուրեմն, որ տեսակ մը գուրգուրոտ վերաբերում մը ունենան անոնք իրենց քրտինքին համար, եւ հեգնական ակնարկութեան մը առթիւ պարծանքով եւ իրենց անսովոր խրոխտութեան արտայայտութեամբ մը երեսիդ կը նետեն իրենց իմաստալից խօսքը։
Անոնք, իրենց դրսերեւոյթով շատ պարզ են։
Անոնք դրական առաքինութիւնները որքա՜ն ունին։ Ուրիշ կարգ մը վատ ունակութիւններու եւ մոլութիւններու բացակայութիւնը այդ պարզ, համեստ հոգիէն անոնց մէկ ուրիշ պատուական կողմը կը ցուցադրէ։ Եւ երբ կը տեսնենք խոնարհ եւ համեստ խաւերուն այս պատուական տիպարը՝ որ իրենց ունեցած լոյսին համեմատ ուղղամիտ, հաւատարիմ, աշխատասէր եւ գոհունակ կեանքով մը կ՚ապրին, որ իրենց անբաժանելի քրտինքը, իրենց կեա՛նքը եղած է, եւ մեծապատիւներու, ազնուաշուքներու եւ նազելափայլներու նկատմամբ այդ կեանքերը որքա՜ն աւելի դիւթագեղ եւ ճաճանչաւէտ պիտի շողան, եւ աշխարհ որքա՜ն պիտի նպաստաւորուի այդ պարզ-պատուական կեանքերուն արդիւնարար շողերէն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 21, 2026, Իսթանպուլ