ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԵՑԱՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍՏՈՐԱԳՐԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

Երէկ, Տաւոսի մէջ, Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ միջազգային կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած՝ Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութեան ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը արժանացաւ միջազգային անմիջական ուշադրութեան։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրով՝ այդ կանոնադրութիւնը ստորագրուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Այս վերջինը ԱՄՆ-ի նախագահէն առաջարկ ստացած էր՝ որպէս հիմնադիր անդամ միանալու համար Խաղաղութեան խորհուրդին։ Ի թիւս այլ երկիրներու ղեկավարներու՝ Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութեան ստորագրման արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Յանուն Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի՝ գագաթաժողովին մասնակցեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ 

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ ստորագրուած կանոնադրութիւնը կցուած է տասնեակ համաշխարհային առաջնորդներուն ուղղեալ հրաւէրներուն։ Անոնց առաջարկուած էր միանալ պատերազմէն յետոյ Կազզէի կառավարումը վերահսկելիք Խաղաղութեան խորհուրդին, որու գլուխը պիտի գտնուի Թրամփ։ Կանոնադրութեան մէջ Կազզէն մասնաւորապէս չէ նշուած, ինչ որ կը հաստատէ, թէ ԱՄՆ կը փափաքի, որպէսզի Խաղաղութեան խորհուրդը նպաստէ նաեւ աշխարհի այլ հակամարտութիւններու լուծման։

Կանոնադրութեան մէջ նշուած է, որ երկարատեւ խաղաղութիւնը կը պահանջէ շահապաշտ դատողութիւն, ողջամիտ լուծումներ եւ քաջութիւն՝ հեռանալու համար այնպիսի մօտեցումներէ ու կառոյցներէ, որոնք չափազանց յաճախ ձախողուած են։ 

Նշուած է, որ միայն կայուն, արդիւնքներու վրայ կեդրոնացած գործընկերութիւնը կրնայ ապահովել խաղաղութիւնը այն վայերու մէջ, ուր չափազանց երկար ժամանակէ ի վեր խաղաղութիւն չէ տիրած։ «Խաղաղութեան խորհուրդը միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, որ կը ձգտի խթանել կայունութիւնը, վերականգնելու յուսալի եւ օրինական կառավարումը եւ ապահովել երկարատեւ խաղաղութիւն հակամարտութիւններէ տուժած կամ սպառնալիքի տակ գտնուող տարածքներէ ներս», ըսուած է կանոնադրութեան մէջ։

Ուրբաթ, Յունուար 23, 2026