ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԱՇԽԱՐՀՆ ՈՒ ՄԱՐԴԸ
Աշխարհ այսօր արագ կ՚անցնի մեր աչքերուն առջեւէն։ Ամէն օր նոր ձայն մը, նոր աղմուկ մը, նոր վէրք մը կը բացուի մարդկային հոգիին մէջ։ Մենք կ՚ապրինք ժամանակի մը մէջ, ուր բառերը շատ են, բայց, լռութիւնը աւելի խոր։ Մարդը կը խօսի անդադար, բայց, քիչ կը լսէ։ Կը վազէ, բայց չի գիտեր, թէ ո՛ւր կ՚երթայ…
Ընկերային ցանցերը մեզ իրարու աւելի մօտ բերած են, բայց, միեւնոյն ժամանակ՝ աւելի հեռացուցած։ Մենք կը տեսնենք իրարու դէմքերը պաստառներու մէջ, բայց չենք զգար իրարու շունչը։ Ցաւը դարձած է պատկեր, պատերազմը՝ վերնագիր, գաղթը՝ վիճակագրութիւն։ Բայց այդ պատկերներուն ետեւը մարդ կայ, մայր կայ, մանուկ կայ, անլռելի աղաղակ մը կայ։
Մշակոյթը, որ ժամանակ մը մեր հաւաքական յիշողութեան տունն էր, այսօր վտանգի տակ է։ Լեզուները կը լռեն, երգերը կը մոռցուին, պատմութիւնները կը կտրուին իրենց արմատներէն։ Մենք կը փորձենք արդիական ըլլալ, բայց երբեմն կը մոռնանք, թէ ո՛վ ենք։ Արագ աշխարհը տեղ չի տար դանդաղ յիշողութեան։ Բայց, առանց յիշողութեան, մարդը կը դառնայ դատարկ։
Քաղաքականութիւնը այսօր գրեթէ երբեք կը խօսի արդարութեան լեզուով։ Աւելի շատ կը խօսի ուժի, շահի եւ լռութեան լեզուն։ Փոքր ժողովուրդները կը մոռցուին մեծ սեղաններու շուրջը, ճշմարտութիւնը կը փոխանակուի ժամանակաւոր հանգստութեան հետ։ Բայց, անարդարութիւնը երբեք լուռ չի մնար. ան կը կուտակուի, կը ծանրանայ ու օր մը կը պայթի։
Մեր օրերուն քաղաքականութիւնը շատ անգամ մարդը մոռցած է։ Թիւերը, շահերը, ռազմավարութիւնները առաջնահերթ դարձած են, իսկ մարդուն արժանապատուութիւնը՝ երկրորդական։ Փոքր ժողովուրդներու ձայնը հազիւ լսելի է մեծ տէրութիւններու աղմուկին մէջ։ Անոնք կը խօսին խաղաղութեան մասին, բայց զէնքեր կը վաճառեն, կը խոստանան կայունութիւն, բայց անկայունութիւն կը սերմանեն։ Այս կեղծ լեզուն յոգնեցուցած է մարդոց հոգիները։
Աշխարհը այսօր կը թուի շնչահեղձ ըլլալու աստիճան ծանրացած։ Ամէն կողմէ կը հասնին պատերազմի լուրեր, տեղահանութիւններու աղաղակներ, անարդարութեան հանդէպ քարացած լռութիւններ։ Մարդը, որ երբեմն կը կարծէր, թէ պատմութենէն դասեր քաղած է, դարձեալ նոյն սխալներուն մէջ կը խարխափի՝ նոր անուններով, նոր քարտէսներով, բայց նոյն ցաւով։
Արտագաղթը, տեղահանութիւնը, ինքնութեան կորուստի վախը միլիոնաւոր մարդոց առօրեան են։ Մարդիկ կը թողուն իրենց տուները ո՛չ թէ երազներու ետեւէն երթալու համար, որովհետեւ այլ ընտրութիւն չունին։ Անոնք իրենց հետ կը տանին լեզուներ, յիշողութիւններ, գերեզմաններու պատկերներ եւ օտար երկիրներու մէջ կը փորձեն գոյատեւել՝ յաճախ արժանապատուութեան գինը վճարելով։
Եւ այս բոլորին մէջ նոյն հարցումը կը մնայ բաց․ ո՞ւր է մարդասիրութիւնը։ Ո՞ւր է խիղճը, որ սահմաններ չի ճանչնար։ Գուցէ ան լուռ է, բայց չէ մեռած։ Ան կը գոյատեւէ այն փոքր քայլերուն մէջ, երբ մարդ մը կը համարձակի դիմադրել անարդարութեան, երբ կը խօսի, նոյնիսկ եթէ իր ձայնը դողայ, երբ կը պաշտպանէ ուրիշին արժանապատուութիւնը՝ նոյնիսկ եթէ քաղաքականօրէն «անյարմար» ըլլայ։
Մենք՝ որպէս ժողովուրդներ, որպէս անհատներ, կը գտնուինք խաչմերուկի մը վրայ։ Կա՛մ կը յանձնուինք անտարբերութեան եւ կամ կը վերագտնենք մեր ձայնը. ձայն մը, որ գոչում չէ միայն, այլեւ աղօթք, յիշողութիւն եւ յանձնառութիւն։ Ձայն մը, որ կը պահանջէ մարդ մնալ աշխարհի մը մէջ, որ մեզ կը մղէ մեքենայ ըլլալու։
Հաւատալը դժուար է, բայց անհրաժեշտ։ Հաւատալ, թէ մարդը կրնայ աւելի լաւը ընտրել, լռութիւնը կարելի է կոտրել, արդարութիւնը, որքան ալ ուշանայ, դեռ կ՚արժէ սպասել։ Այս հաւատքով միայն կարելի է դիմանալ մեր օրերու խաւարին եւ փոքր լոյս մը վառ պահել ապագային համար։
Յոյսը այսօր դիւրին չէ պահել։ Բայց ան միշտ ալ դիւրին չէ եղած։ Ան ծնունդ կ՚առնէ ո՛չ թէ խաղաղ ժամանակներու մէջ, այլ՝ մութի խորքէն։ Երբ մէկը կը շարունակէ խօսիլ իր լեզուով, երբ մէկը կը շարունակէ գրել, երգել, սիրել՝ հակառակ ամէն ինչի, սա կը նշանակէ, թէ այնտեղ յոյս կայ։
Եւ գուցէ մեր ամենամեծ պատասխանատուութիւնը այսօր այն է՝ չմոռնալ։ Չմոռնալ մարդը, չմոռնալ մշակոյթը, չմոռնալ ճշմարտութիւնը։ Որովհետեւ յիշողութիւնը դիմադրութիւն է։ Իսկ դիմադրութիւնը՝ կեանք։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ