ԳԻՆԻԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒՄԸ
Քրիստոսի Մարմինին եւ Արեան «հաց»ի եւ «գինի»ի փոխակերպումով է, որ Քրիստոս ներկա՛յ կ՚ըլլայ Ս. Պատարագի սուրբ խորհուրդին մէջ։ Եկեղեցւոյ հայրերը ամուր կերպով դաւանած ե, թէ Եկեղեցին կը հաւատայ Քրիստոսի Խօսքին արդիւնաւորութեան եւ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան՝ այս փոխակերպումը կատարելու մէջ։
«Մարդը չէ՛ որ մատուցուածները կը դարձնէ Մարմին եւ Արիւն Քրիստոսի, այլ նոյն Ինքն Քրիստոս, որ խաչուեցաւ մեզի համար։ Քահանան՝ պատկեր Քրիստոսի. կ՚արտասանէ այս խօսքերը, բայց անոնց արդիւնաւորութիւնը եւ շնորհքը Աստուծմէ կու գան.- Ասիկա Իմ Մարմինս է, կ՚ըսէ Աստուած։ Այս խօսքն է, որ կը փոխակերպէ մատուցուածները», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան։
Իսկ այս փոխակերպումին մասին Սուրբ Ամբրոսիոս կ՚աւելցնէ. «Լաւ համոզուինք, թէ ասիկա բնութեան կազմածը չէ, այլ օրհնութեան նուիրագործածն է եւ թէ օրհնութեան ուժը գերիվեր է քան բնութեան ուժը, որովհետեւ օրհնութեամբ՝ բնութիւնը կը փոխակերպուի…։ Քրիստոսի խօսքը, որ ոչինչէն գոյ դարձուց ի՛նչ որ անգոյ էր, պիտի չկարենա՞յ գոն՝ ուրիշ գոյի փոխել։ Իրերուն իրենց առաջին բնութիւնը տալը՝ անոնց բնութիւնը փոխակերպելէն նուազ չէ՛»։
Աւետարանը պատմական կարգ մը դէպքերուն ժամանակագրական ներկայացումը չէ։ Աւետարանը սպասումներու ամփոփումն է։ Ան երկրէն դէպի երկինք ճանապարհ մը՝ ընթացք մըն է. ան կ՚առաջնորդէ դէպի Աստուած։ Ճանապարհ մը՝ որուն վրայ Յովհաննէս Մկրտիչէն դէպի Յիսուս լուսաշող ընթացք մը կը ներկայացնէ։
Պատրաստել եւ մատնանշել՝ նպատակի մը հասնելու միջոցներն են, մեր հաւատքի ամբողջութիւնը կը կայանայ ահաւասիկ այս ճանապարհին վրայ։ Արդարեւ, մարդուս համար կարելի չէ հասկնալ, ըմբռնել ամէն ինչ. մարդ՝ որ կարող չէ երկրի վրայ գիտնալ եւ հասկնալ ամէն ինչ, այս մասին ունի թերութիւններ, այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է սպասել, որ ան կարենայ հասկնալ երկնային ճշմարտութիւնները ամբողջովին։ Պէտք է միշտ նկատի ունենալ Յիսուսի Խօսքը. «Եկէ՛ք եւ տեսէ՛ք»։
«Եկէ՛ք եւ տեսէ՛ք». ահաւասիկ տեսաբանական խորհուրդ մը կը պարունակէ իր մէջ այս խօսքը եւ աւելին՝ պատուէրը։ Ուստի, մարդկային կեանքի համար ուղեցոյց մըն է՝ Անոր երթալ եւ ճշմարտութիւնը տեսնել։ Արդարեւ, ճշմարտութեան հասնելու համար պէտք է ուղիղ ճամբայով ընթանալ եւ շիտակ նպատակը ընտրել։ Մարդ պէտք է գիտնայ, թէ որո՞ւ հետ, ո՞ւր պէտք է երթալ։ Երկրէն երկինք երթալու, բարձրանալու ճամբան է ասիկա։ Ուստի, Ս. Պատարագը մեզ կ՚առաջնորդէ երկինք՝ ուր երկիր եւ երկինք կը միանան։
Գինին ուրախութեան խորհրդանիշն է. երբ գինին պակսի՝ ուրախութիւնն ալ կը պակսի։ «Կանայի հարսանիք»ի հատուածին մէջ. (ՅՈՎՀ. Բ 1-11) կին-մարդը՝ որպէս մայր, Ուխտին լծակի՛ցն է։ Յիսուս Քրիստոսի առաքելութիւնը ստեղծագործութիւն չէ՛, այլ՝ արդէն եղածը բարեփոխել, ինչպէս ջուրը՝ գինիի։ Եւ ինչպէս Կանայի հրաշքին պատահեցաւ. Յիսուս միշտ բարեփոխեց առանց հինը անտեսելու։
Արդարեւ, «գինի»ն եւ «ջուր»ը այն է՝ ի՛նչ որ Խաչին վրայ Յիսուսէն հոսեցաւ՝ ջրախառն արիւն։
Ուստի, Աստուած հեռու չէ մեզմէ, բա՛ւ է որ ընդունինք, հնազանդինք Յիսուսի Խօսքին. «Եկէ՛ք եւ տեսէ՛ք»։ Այս խօսքին հնազանդելով եւ գործադրելով՝ մենք ալ կը մօտենանք Աստուծոյ, որ Ան արդէն միշտ մօտ է մեզի։ Եւ Աստուած կ՚ուզէ, որ մարդը միշտ մօտենայ Իրեն Յիսուս Քրիստոսի ճամբով, որ կ՚ըսէ. «Եկո՛ւր եւ տե՛ս…», եւ որ Ա՛ն է ճանապարհը։
Աստուածաբանական եւ հոգեւոր իմաստով՝ Կանայի հարսանիքը եւ հոն Յիսուսի կատարած հրաշքը խորհրդանիշն է ուրախութեան, քանի որ երբ գինին կը պակսի եւ անշուշտ ուրախութիւնն ալ նոյն համեմատութեամբ կը պակսի, Յիսուս ջուրը գինիի փոխարկելով կատարելագործեց հարսանիքի ուրախութիւնը, որովհետեւ հարսանիքը առանց ուրախութեան անկատար պիտի մնար։
Լսենք, իմանանք Յիսուսի Խօսքը. «Եկէ՛ք եւ տեսէ՛ք», եւ այդ խօսքին հետեւելով մեր ուրախութիւնը կատարելագործենք մեր երկրային կեանքերուն մէջ՝ որ պատրաստութիւնն է երկնային կեանքին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 22, 2026, Իսթանպուլ