ԱՊՐԻԼ ՈՒ ՇՆՉԵԼ…

Բաւական երկար մէջբերումով մը փորձեցի ներկայացնել այն դէպքերն ու զարգացումները, որոնց հիմքով Սուրիոյ բանակը մուտք գործեց Լիբանան, ուր ծառայեց բաւական երկար, մինչեւ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը, 2005 թուականը։

Իրերն այնպէս բերին, որ մենք բոլորս (մեր ծնողները, աւագները եւ անոնց բարեկամները) շատ արագ նկատեցինք, թէ ի՛նչ պատճառներով էր, որ հայր Էսատի ընտրեալ զինուորները այդքան երկար ժամանակով մնացին Լիբանանի մէջ։ Անոնք խորացուցին իրենց ազդեցութիւնը, խառնուեցան գրեթէ ամէն ինչի մէջ, միջամուխ եղան ընտրութիւններուն, հազարաւոր սուրիացի փախստական համարուած զինապարտներու տունը քանդեցին ու զանոնք ձերբակալեցին եւ ուղարկեցին Սուրիոյ ամենագորշ բանտերը… Տակաւին ձեւաւորեցին քաղաքական մեծ շրջանակ ու առաջ տարին հայր Էսատի՝ նախագահ Հաֆըզ Էսատի քաղաքական խօսոյթը, որ կը կրէր ընդհանուր մեծ խորագիր մը՝ «Մեծն Սուրիա»։

Ի դէպ, երբ Էսատի ուժերը առաջին անգամ Լիբանան մուտք գործեցին, անոնց համար հակառակորդ կողմը Պաղեստինի ջոկատներն էին, առաւելաբար՝ Եասէր Արաֆաթի կազմած ՊԱԿ-ը (Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւն)։

Անմիջապէս պէտք է շեշտեմ, որ այդ փուլի զարգացումները շատ լաւ ուսումնասիրած չեմ։ Անշուշտ գիտեմ, որ Լիբանանի քրիստոնեայ ճակատները՝ մասնաւորապէս «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան առաջնորդ Փիէռ Ժըմայէլ, անձամբ մեծ ճիգեր իրականացուցած էր, որպէսզի Հաֆըզ Էսատ յօժարի մտնել լիբանանեան արիւնալի խաղին մէջ։ Քրիստոնեաներու մօտ, որոնք աւելի ուշ ուղղակիօրէն դարձան Էսատի զօրքերու թշնամին ու իսկական թիրախը, կար հիմնաւորուած կարծիք մը, թէ ինչ հիմքերով անոնք վարդերով ու բրինձ թափելով պիտի դիմաւորէին Էսատի զօրքերու մուտքը Պէյրութի տարբեր շրջաններ եւ այդ մէկն ալ, անշուշտ, պայմանաւորուած էր այն սարսափելի ուրուականով, որ կը պտտէր ամբողջ Պէյրութի մէջ։

Խօսքը՝ Պաղեստինի եւ անոնց զօրավիգ ձախակողմեան ուժերու ունեցած առաւելութեան մասին էր կարգ մը ռազմաճակատներու վրայ, որ կու տար հիմք, թէ շուտով այդ ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ պիտի առնեն ամբողջ Պէյրութը, ապա օղակի մէջ պիտի առնեն պէյրութամերձ քրիստոնէական թաղամասերը եւ, անշուշտ, այդ պիտի հանդիսանար «Ազատ Պէյրութ»ի աւարտը։ Հետեւաբար, նաեւ ճամբայ պիտի հարթուէր Արաֆաթի հին գաղափարին, ըստ որու՝ «Երուսաղէմի ճանապարհը կ՚անցնի քրիստոնէական ծովափնեայ Ճիւնի քաղաքէն…»։ Խորքին մէջ, սարսափի եւ մեծ տարակուսանքներու առիթ կը հանդիսանար այդ ծրագիրը, որուն պատճառով ալ Լիբանանի քրիստոնէական ուժերը բաւարար հիմք կ՚ունենային անմիջական գործակցութեան մը սկսելու Էսատի վարչակարգին ու անձամբ նախագահ Հաֆըզ Էսատին հետ։ 

Անշուշտ, այս բոլորին մէջ կար միջազգային հանրութեան դրական մօտեցումը, որովհետեւ ինչ որ տեղի ունեցաւ այդ օրերուն Լիբանանի եւ յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, տեղի կ՚ունենար ընդգծուած ծրագիրներու ճանապարհով։

Միջազգային հանրութիւնը եւ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, կտրականապէս դէմ էին, որ Լիբանանը վերածուի նոր Պաղեստինի մը, որուն ազդեցիկ եւ հիմնական ուժն ու իշխանութիւնը իր ձեռքերուն պիտի վերցնէր Եասէր Արաֆաթը։ Արմատներ ունեցող մօտեցում մըն էր ԱՄՆ-ի տեսակէտը, որովհետեւ մինչ օրս ալ Լիբանանը Արեւմտեան պլոքին համար կը համարուի համակեցութեան երկիր. երկիր, ուր կ՚ապրին քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներ, կ՚ապրին կողք-կողքի, այդպիսով ալ այդ փոքրիկ երկիրը կը վերածեն «Առաքելութիւն երկիր» մը, որուն մասին ալ ակնարկած է երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը։

Ինչքանով լուրջ էր Պաղեստինի վտանգը, չեմ կրնար վճռել, բայց, դէպքերու ընթացքը ցոյց տուաւ, որ եթէ Էսատի վարչակարգի անմիջական միջամտութիւնը չըլլար, ապա քրիստոնեաները պիտի յայտնուէին իրական ծուղակի մը մէջ։

Այսքանը պատմութեան համար։ Ասկէ անդին սակայն, պէտք չէ ուրանալ կամ մոռացութեան տալ, որ Լիբանանը փրկելու կոչուած Էսատի բանակը ո՛չ միայն մեծ սխալներ գործեց երկրին մէջ, այլ ամէն ճիգ գործադրեց, որպէսզի մայրաքաղաք Պէյրութը մնայ բաժանուած, հասարակութիւնը իրարու դէմ թշնամացած ու քաղաքական դաշտը պառակտուած։

Պառակտում մը, որ միայն ընտրութիւններու ընթացքին երեւելի չէր դառնար (ի դէպ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրէին խորհրդարանական վերջին ընտրութիւնները տեղի ունեցան 1972 թուականին ու անկէ ետք գրեթէ 18 տարի Լիբանան գոյատեւեց բաւական հինցած խորհրդարանով մը), այլ պառակտում մը, որ արդէն վերածուած էր գորշ թշնամութեան, որու հետեւանքով ալ տեղի ունեցան պատերազմ ու արիւնահեղութիւն։

Լիբանանցիք բաժնուած էին երկուքի։ Միջին վիճակագրութեան լիբանանցի շիի, տիւրզի ու մանաւանդ սիւննի քաղաքացին իր մտքին մէջ ունէր ընկալում մը, ըստ որու՝ պաղեստինցի զինեալները պիտի կարողանային ազատել ու ազատագրել երկիրը մարոնի համայնքի լուծէն, իսկ միջին վիճակագրութեան մարոնի, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի, քաղդէացի եւ նոյնիսկ հայ քաղաքացին ունէր այն վախն ու համոզումը, որ պաղեստինցի զինեալները ամբողջ Լիբանանը պիտի գրաւեն ու զայն դարձնեն մահմետական երկիր մը։ Ի հարկէ, ներկայացուած համայնքներու անդամները, տարրերը, կամ կողմերը նոյն մօտեցումն ու ընկալումները չունէին։ Ու շատ յաճախ իրարու դէմ պատերազմող ուժերուն մէջ անգամ կային հակառակորդ համայնքի, հակառակորդ կողմի անդամներ եւ կամ ներկայացուցիչներ։

Վերոյիշեալ նախերգանքը կը բանայ հարցումներու մեծ տուփը, թէ ինչպէ՞ս գործած են Էսատի զինուորները Լիբանանի մէջ, ինչո՞ւ այդքան քամահրանքի եւ ատելութեան պատճառ դարձած է Սուրիան Լիբանանի հասարակութեան ճնշիչ տոկոսին համար, նաեւ կը բանայ այն պատուհանը, որ կը խօսի հարեւան երկիրներու յարաբերութեանց ուղեծիրին մասին, ուր մէկ խօսքով կը գործէ ՝«Մեծ ձուկը կ՚ուտէ փոքր ձուկը» ընկալումը։

Չկերաւ Սուրիան Լիբանանը. հաւանաբար, կուլ տալու պահուն այդ փոքրիկ ձուկին փուշերը խոցեցին անոր կոկորդը, որուն հետեւանքով ալ դուրս նետեց այդ փոքրիկ ձկնիկը՝ ատելութեամբ, թոյնով ու արիւնով։ Դասեր տուաւ այդ պատմութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն եւ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհին, որոնք շատ յաճախ մոռցուեցան ու անտեսուեցան։

Ներկայ Լիբանանը կ՚ապրի ու կը շնչէ բոլորովին այլ տրամաբանութեամբ։ Խաղացողները ուրիշ են, խաղը աւելի խորքային է, վէրքերը՝ խորունկ. տակաւին կ՚աւելնան նոր վէրքեր ու այս վիճակին մէջ ամենավատ կողմը այն է, որ լիբանանցիք յաճախ տեղի կու տան իրենց իրական հաւատամքին առջեւ ու կը գործեն յանուն այն ուժերուն, որոնք վերածուած էին լարուած ուժանակի եւ կը գործեն երկիրը պառակտուած պահելու միտումնաւոր պահուածքով։

Կը յառնէ՞ փոքրիկ Լիբանանը այս բոլորէն, տակաւին հարց է… Այնքան ժամանակ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ամբողջական եւ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւն մը տակաւին չէ հաստատուած, իրապէս դժուար է պատասխանել հարցումին։

Երկիր մը, որ բոլոր հիմքերը ունէր վերածուելու իրական դրախտի մը, այսօր նոր ու ճակատագրական հարցադրումներու մէջ է։ Ու ամենատխուրը այս պատմութեան մէջ այն է, որ մինչեւ այսօր լիբանանցիք չունին այն համոզումը, որ իրենց երկիրը պիտի բարգաւաճի յենլով տեղական ուժերուն։ Անոնք չեն ուզեր սպասել արտաքին աշխարհի ճնշումներուն կամ փրկագործութիւններուն, ո՛չ ալ յուսան, որ Սուրիոյ կամ որեւէ մէկ այլ երկրի ոսկեայ ատամներով զինուած զինուորները Պէյրութ ժամանեն ու իրենց կողմէ ընդգծուած խաղաղութեան օրակարգը պարտադրեն։

Կը յառնէ՞ Լիբանանը այս բոլորէն, լուրջ հարցում մըն է, որուն պատասխանը ամէն առիթի կրնայ ուշանալ… այնքան ատեն, որ լիբանանցիք չեն ուզեր դասեր քաղել մօտիկ անցեալի դառնաղէտ փորձառութիւններէն։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

- վերջ -

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 24, 2026