ՄՈՌՑԱ՞ՆՔ, ՈՐ ՅԻՇԵՆՔ

Ի՞նչ պիտի ընէք վաղը՝ յունուարի 27-ին։ 

Եթէ մասնաւոր եւ շատ կարեւոր բան մը չունիք ընելիք, ո՛ւր որ էք, ո՛ւր որ ըլլաք, կրնաք նշել հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուածներուն յիշատակի օրը։

Եթէ զարմացաք, ուրեմն տեղեակ չէք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յունուարի 20-ի նիստին ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուեցաւ այն նախագիծը, որուն հիման վրայ սահմանուեցաւ հետեւեալ օրէնքը. յունուարի 27-ը աշխատանքային օր մը չէ այլեւս, քանի որ հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուածներուն յիշատակի օրն է։ 

Ի ցնծութիւն զոհուածներուն, յիշատակի օր մը ունին՝ արդէն։ 

Ինչո՞ւ յունուարի 27-ը, եթէ հարցնելու ըլլաք, պիտի ըսեմ, որ նախագիծին հեղինակը հետեւեալ բացատրութիւնը տուած է. «Նպատակը ռազմական ո՛րեւէ գործողութեան հետ կապ չունեցող, բայց խորհրդանշական ամսաթիւ մը գտնելն էր։

Մենք ընտրեցինք յունուարի 27-ը, որովհետեւ անիկա իր մէջ խորհուրդ ունի. յունուարի 28-ը Բանակի օրն է, իսկ 27-ը անոր նախորդող օրն է»։ 

Բաւարարուեցա՞ք, գո՞հ էք այս բացատրութեամբ։

Պէտք է ըլլաք, ըլլանք։ 

Ի՛նչ նրբանկատութիւն է, գիտէ՞ք, որ որոշ պատերազմի (հեղինակին բացատրութեամբ՝ ռազմական գործողութեան) մը զոհերը չէ, այլ՝ մեր բոլոր, բոլո՜ր զոհերը յիշատակելէն ետք, ցաւ ու տխրութենէն ետք պիտի գայ մեր բանակին՝ յաղթանակի ու հպարտութեան օրը։ 

Այսպիսի օրի մը պէտք ունէի՞նք, պէտք ունի՞նք մենք։ 

Ի՞նչ է նպատակը այս յիշատակութեան։ 

Մեր պատմութենէն գիտենք բոլորս. շա՜տ յստակ են մեր պատերազմները, անոնց օրերը, վայրերը, նոյնիսկ կողքի գետերը, անոնց՝ պատերազմներուն հետեւանքները, հոն զոհուածները, կորսուածներն ու պատերազմէն մնացած առասպելները…

Չեմ մոռցած, որ 2001-ին, երբ Շուշի գացած էինք, դաշտերուն մէջ խանդավառութեամբ մեզ դիմաւորող մանուկները առաջարկած էին փամփուշտներ գտնել գետնին տակէն։ Մենք զարմանալով հարցուցած էինք, թէ ո՛ւր կրնան գտնել… ամէն տեղ կայ, ըսած ու իրօք մեր շուրջը հոս-հոն փորփրելով քանի հատ փամփուշտ գտած էին անոնք։ 

Ասանկ բան մըն է պատերազմը եւ անկէ յառաջացած յիշողութիւնը. չի՛ փոխուիր, չի՛ մոլորուիր, ուրիշ վայր ու ժամանակ չի՛ կրնար տեղափոխուիլ։ 

Իմ ու ձեր լեզուով՝ ինկած տեղը կ՚այրէ կրակը եւ այդ այրուածքէն վնասուողը կը յիշէ, մի՛շտ կը յիշէ։ 

Հիմա՛, ըստ այս օրէնքը սահմանող «հայրենասէրներուն», ապրիլեան քառօրեային, թէ 44-օրեայ պատերազմներուն զոհուածներուն մայրերը վաղը՝ յունուարի 27-ին իրենց որդիները՞ պէտք է յիշատակեն։ Հոգեհանգի՞ստ պէտք է կարդացնեն անոնց հոգիներուն խաղաղութեան, թէ սուղնոց ինքնաշարժներով եւ վերարկուներով Եռաբլուր գացող իշխանութեան բարձրակարգ պաշտօնեաներուն խոշոր ծաղկեպսակի զետեղման արարողութեան պէտք է միանան։ 

Ի՞նչու է այս օրը։ 

Եւ ինչո՞ւ յունուարի 27-ը։

Բազում մեր կորսնցուցածներուն հետ՝ մեր յիշողութի՞ւնն ալ կորսնցուցինք։

Գետին ինկած ծառի տերեւնե՞ր եղանք, անճիւղ, անարմատ։ 

Այս յիշեցումին պէտք ունի՞նք մենք։ 

Արդեօք միայն ապրիլին կամ սեպտեմբերին կը տխրին մեր զոհերուն մայրերը։ Մայիսին, հոկտեմբերին, փետրուարին կամ դեկտեմբերին չե՞ն տխրիր։ 

Մայր եմ, փառք Տիրոջ եւ կրնամ վստահ ըլլալ, որ անոնք ամէ՛ն օր կը հաշուեն իրենց չշտկած անկողինները, չարդուկած շապիկները, չեն կրնար կլլել իրենց զաւակներուն չկերած պատառները, չխմած թէյերը։ 25, 27 չեն գիտեր անոնք՝ կարօտէն կ՚այրին, աչքերը գոց՝ իրենց սրտին ուզածը կը տեսնեն, օդին մէջ չեղած հոտը կ՚առնեն, մազերը կը շոյեն, գիրկը կ՚առնեն… աս բոլոր բայերուն չբաւած, անոնց սրտերը չամոքած պահեր ալ կ՚ըլլան, ամառ, ձմեռ, արեւ, անձրեւ, ձիւն, բուք ու բորան չեն ըսեր, չեն սպասեր, կ՚երթան իրենց որդիները տեսնելու, ձիւներուն տակ անոնց թաղուած շիրիմները շօշափելու, կարծես զանոնք ծածկող այդ ցուրտը թեթեւցնելու։ Հո՛ն, այդ շիրիմներուն քովը, վրան, տակը, շուրջը կը նստին անոնք, կը հարցնեն, ինչե՜ր կը հարցնեն՝ գիտեմ, կու լան, պատմութիւններ կը պատմեն, անոնց չտուած հարցումները կը լսեն, կը պատասխանեն. մեծցող մանուկներուն, եղբօր քննութիւններուն ու գուցէ քրոջ փեսացուին մասին ալ կը խօսին… 

Շատ յաճախ կը մտածեմ. այսօրուան Իրական Հայաստանին մասին ալ կը պատմե՞ն, յանուն հայրենիքի զոհուած իրենց տղոց շիրիմներուն քով նստած մայրերը, թէ կ՚ամչնան, անոնց հոգիներուն ցաւը կը խնայեն։

Ըսի՞ն անոնց, որ Արցախ չկայ այլեւս։ Կրցա՞ն ըսել։ Նկարագրեցի՞ն ինչպէս մէկ օրուայ մէջ հայաթափուեցաւ դարաւոր Արցախը։ 

Դուք ըլլայիք՝ կը պատմէի՞ք, թէ ձեր զաւակին զոհողութեան իմաստը անխախտ կը ձգէիք։ 

Վաղը՝ 27-ին, յիշատակութեան այս օրին, պիտի ըսե՞ն իրենց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան թէ Արցախի (Արցախը Հայաստան էր՝ այն ատեն) պաշտպանութեան համար զոհուածներուն զաւակները անվճար չեն ուսանիր մեր պետութեան մէջ։ 

Վաղը՝ 27-ին պիտի ըսե՞ն իրենց, որ անոնց արեան գինը օգոստոսեան խաղաղութիւն է, նորէ՛ն չթափուելիք արիւնն է, պայծառ նկար մըն է, երկա՜ր միջանցք, վակոններով եկած չեմ գիտեր ինչ ցորեն ու հերթով սպասուած յարմար գինով պենզին…. 

Որո՞ւն օրն է յունուարի 27-ը։ 

Որո՞նց սահմանած նոր յիշողութիւնն է ասիկա։ 

Պէտք ունի՞ն մեր տղաքը շինծու այս յիշողութեան, գրուած այս թատրոնին։

Պէտք ունի՞ն անոնք սուտ այս խոնարհումին։

Հերիք չե՞ն ռիլերը, լայվերը, փոսթերն ու սրտիկները։ Հերիք չե՞ն բոլորիս աչքին մէջ մտցուած՝ պետութեան առաջընթացը փաստող վիճակագրութիւններուն զարմանալի թիւերը, միշտ վերընթաց սլաքները, բացառիկ ճամբաները, պարա՜պ դպրոցները, ֆիզկուլտուրայի պահերը, ուայֆայով հանրաշարժերը, հեծանիւները, բանաստեղծութիւները, երգերն ու թմբուկները…

Աս ալ քարտէս մըն է՝ բարենորոգման. 

Առտու կ՚արթննաս՝ սրտիկ։ Մոռցածդ կը յիշես, յիշելով կը նեղուիս, կը սգաս, մոմ կը վառես, դուն գիտես՝ ձեւերը շատ են տխրելու… յետոյ, գիշերը կը քնանաս, կ՚արթննաս՝ նոյն երէկուան սրտիկը (թերեւս ան ալ մոռնաս), բայց յիշատակի օր չէ արդէն, առանց նեղուելու՝ ցնծալով, հպարտ կը տօնես… 

Երանի՜ անձեռնմխելի արժէք մը ձգէին՝ 

Գորշ այս քաոսէն հեռու, հեռու մնային մեր տղաները…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Յունուար 26, 2026