ՎԷՐՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ» ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԷՊԻ 185-ԱՄԵԱԿԸ - ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐԱԾ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

Այս տարի հայ մշակութային եւ ազգային ինքնագիտակցութեան օրացոյցին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն երկու կարեւոր տարեդարձներ․ կը լրանայ հայ մեծ լուսաւորիչ, գրող Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպի ստեղծման 185-ամեակը եւ անոր՝ Էսթոնիոյ պատմական Թորպատի (այժմ՝ Թարթու) համալսարանը աւարտելու 190-ամեակը։ 

Խաչատուր Աբովեան առաջին հայն է, որ ուսում ստացած է Թարթուի համալսարանը։ 1830-1835 թուականներուն պետական կրթաթոշակով ան ուսանած է այդ համալսարանը, յատուկ ծրագրով մը հոն նախապատրաստուած է ուսուցչական գործունէութեան։ Համալսարանին մէջ ուսումնասիրած է բնական եւ հասարակական գիտութիւններ, լեզուներ (գերմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, լատիներէն), եւրոպական գրականութիւն ու փիլիսոփայութիւն, երաժշտութիւն, արհեստներ։ Աբովեան այդ ժամանակ նաեւ այդ քաղաքի միակ հայն էր, եւ երբ ան կը զբօսնէր քաղաքը, մարդիկ կը շշնջային՝ «Lieber Armenier», ըսել է թէ՝ սիրելի հայ:

Հայաստանի մշակութային ասպարէզին, մանաւանդ Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանին մէջ կը պատրաստուին նշել այս երկու կարեւոր իրադարձութիւնները՝ ազգային վէպ նկատուող «Վէրք Հայաստանի» ստեղծագործութեան 185 եւ պատմական համալսարանը աւարտելու 190-ամեակները եւ այս յիշատակումով անգամ մը եւս նոր սերունդին կը խօսուի ազգային ոգիի մասին, որ արտացոլուած է Աբովեանի գաղափարներուն մէջ։ 

«Վերք Հայաստանի»ի 185-ամեակը հայ գրականութեան, պատմական միտքի եւ հայրենասիրութեան տօնակատարութեան մը կրնայ վերածուիլ եւ առիթ մը կրնայ դառնալ նոր սերունդին համար՝ վերադառնալու դէպի ազգային արմատները եւ մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը։

Պատահական չէ, որ «Վէրք Հայաստանի»ն մեր պատմութեան մէջ դասուած է այնպիսի յուշարձանային գործերու կողքին, ինչպիսիք են՝ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւնը» եւ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»ը։ 

Եթէ Խորենացին մեզ տուաւ պատմական յիշողութեան ողնաշարը, Նարեկացին՝ հոգեւոր խորհուրդը, ապա Աբովեանը հայ մարդուն վերադարձուց կենդանի խօսքը, ապրող լեզուն եւ ժամանակակից աշխարհին մէջ ինքզինք տեսնելու կարողութիւնը։

ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐԸ՝ ՈՐՊԷՍ ԿԵՆԴԱՆԻ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ 

Աբովեանի տուն-թանգարանը այս կրկնակի յոբելեաններուն առիթով մշակած է միջոցառումներու հարուստ ծրագիր մը։ Վէպի յոբելեանը կը նշուի հանրապետական բաց մրցոյթով, որուն կրնան մասնակցիլ զանազան տարիքներու եւ մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ՝ աշակերտներէն մինչեւ գիտնականներ։ 

Ծրագրին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Աբովեանի «Ուղեգրութիւններ»ու հրատարակութիւնը՝ եօթանասուն տարուայ դադարէն յետոյ։ Անոնք կը բացայայտեն մեծ լուսաւորիչի մտաւոր հորիզոնը եւ ժամանակին հետ ունեցած իր կենդանի երկխօսութիւնը։ Առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի Թարթուի համալսարանին հետ համատեղ կազմակերպուելիք միջազգային գիտաժողովը։ Թարթուի մէջ այսօր ալ վառ կը պահեն Աբովեանի յիշատակը․ անոր անունով լսարան կայ, իսկ համալսարանի տարածքին դրուած է յուշաքանդակը։ Այս փաստերը կը վկայեն, որ Աբովեան ո՛չ միայն հայոց, այլեւ համաեւրոպական լուսաւորութեան շրջանակին մէջ արժեւորուած մտածող մըն է։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԻ «ՎԷՐՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»ԻՆ

1841 թուականին գրուած պատմական վէպը՝ ամբողջական խորագրով՝ «Վէրք Հայաստանի», «Ողբ հայրենասիրի», ունի նշանակալից յառաջաբան մը, որուն մէջ հեղինակը յստակ կերպով կը ձեւակերպէ իր առաջադրած հիմնախնդիրները։ Անոնք երեքն են եւ կը կազմեն ամբողջ գործին գաղափարական հենքը։

Առաջինը՝ լեզուն է, որպէս ազգային արթնացումի միջոց։ 

Աբովեանի համար լեզուն «ամէն ինչի սկիզբն» է։ Ան կը ճանչնայ գրաբարի կատարելութիւնը, բայց, միաժամանակ կը մատնանշէ անոր «մեռեալ» վիճակը՝ ժողովուրդէն կտրուած ըլլալու պատճառով։ «Վէրք Հայաստանի»ն աշխարհաբարով գրելով՝ Աբովեանը ո՛չ միայն գրական նոր ձեւ կ՚առաջարկէ, այլ կը կատարէ իսկական յեղաշրջում մը՝ հայ մշակոյթին մէջ։ Գրականութիւնը կը դառնայ ընթերցելի, զգալի եւ կենդանի, իսկ ժողովուրդը՝ իր սեփական պատմութեան ու ճակատագրին գիտակից եւ նաեւ՝ մասնակից։

Երկրորդ խնդիրը, որ լուծած կ՚ուզէր ըլլալ Աբովեան, գրականութեան բովանդակութիւնը եւ նոր հերոսն է։ 

Իր ուսուցչական փորձառութենէն ելլելով՝ Աբովեան նկատած էր, որ հայ երեխաները աւելի մեծ հաճոյքով կը կարդան օտար հեղինակներու գիրքեր, որովհետեւ այնտեղ կը տեսնեն կենդանի գործողութիւն, մարդկային ապրումներ եւ ժամանակակից խնդիրներ։ «Վէրք Հայաստանի»ով ան փորձեց լեցնել այդ բացը՝ նկարագրելով մարդու աշխարհիկ կեանքի ամբողջ բովանդակութիւնը։

Հերոսի ընտրութեան մէջ եւս Աբովեան կը խզէ անցեալի գրականութեան աւանդոյթը։ Ան չի դիմեր առասպելական կամ հին պատմական դէմքերու, այլ կը կերտէ Աղասիի կերպարը՝ գիւղացի ծագումով, իրական անձնաւորութիւն մը, որ կը դառնայ ամբողջ ազգի բարոյական ու ֆիզիքական ուժերու խտացումը։

Եւ երրորդ ամենակարեւոր հարցը, որ Աբովեան դրած է այս վէպի հիմքին մէջ՝ ազգային գաղափարն ու պատմական առաքելութիւնն է։

Վէպին հիմնական գաղափարը այն է, որ ազգի կենսունակութիւնը կ՚որոշուի երեք յատկանիշներով՝ ֆիզիքական ուժ, հոգեւոր կարողութիւն եւ բարոյական միասնութիւն։ Աբովեան վստահաբար կը պնդէ, որ հայ ժողովուրդը ունի՛ այս երեքը։ Ան յատուկ տեղ կու տայ հոգեւոր հարստութեան, կրօնին եւ լեզուին՝ որպէս ազգային գոյութեան անփոխարինելի հիմքեր։

Վէպի էջերուն մէջ հեղինակը կը միացնէ անցեալն ու ներկան․ կը յիշատակէ հայոց թագաւորները, հերոսները, բերդերն ու աւերակները, օտար նուաճողներուն դէմ մղուած պայքարները։ Այս բոլորը նպատակ ունին ապացուցելու, որ ազգին ֆիզիքական ու հոգեւոր ջիղը չէ մարած․ ան կը շարունակէ բաբախել Աղասիի եւ իր ընկերներուն, քաջազուն հերոսներուն երակներուն մէջ։ Ապարանցի պատանի Վարդանի նահատակութիւնը կը դառնայ այդ ոգիին գեղեցիկ ու ցնցիչ խորհրդանիշը։ 

Աղասին «Վէրք Հայաստանի»ի հոգին է։ Ժողովուրդը պատահական չէ վէպը երկար ժամանակ կոչած «Աղասիի պատմութիւն»։ Աղասին օժտուած է ժողովրդական վիպերգերու հերոսներուն յատուկ չափազանցուած յատկանիշներով՝ ահռելի ֆիզիքական ուժ, գեղեցկութիւն, անսահման հայրենասիրութիւն եւ ազատատենչ ոգի։ Սակայն, ան միաժամանակ խորհող, որոնող եւ զգայուն անհատականութիւն մըն է, որ բնութիւնը եւ աշխարհը կ՚ընկալէ գեղջկական անմիջականութեամբ։

Անժխտելի է, որ Աղասին հաւաքական կերպար մըն է․ անոր մէջ Աբովեանը խտացուցած է հայ ժողովուրդին բարոյական բարձր նկարագիրը՝ անձնական խոհերը եւ կարողութիւնները ուղղելով հայրենական սիրոյ պաշտամունքին։

Միաժամանակ, վէպը կը պարունակէ յստակ քաղաքական կոչ․ Աբովեան կը հրաւիրէ հայ ժողովուրդը՝ գործի դնել իր ուժերը, ապստամբիլ ճնշումին դէմ եւ օգտուիլ պատմական պահերէն։ Ռուսական զօրքերու մուտքը՝ հայկական հողեր, կը ներկայացուի որպէս օգնութեան ձեռք մը անօգնական ժողովուրդին։ Շատ քննադատներ համոզուած են, որ այս գաղափարական դիրքորոշումներն իսկ դարձան Աբովեանի խորհրդաւոր անհետացման հիմնական պատճառը։

Խաչատուր Աբովեան անհետացած է 1843 թուականին՝ առեղծուածային պայմաններու ներքոյ: Եւ թէ անհետացումէն քանի՛ տարի յետոյ եւ ո՛ւր ան մահացած է՝ յայտնի չէ: 

Վէպին մէջ գրողը հրաշալի նկարագրած է նաեւ Հայաստանի բնաշխարհը. մասնագէտներ այս վէպը կը նկատեն հայրենի բնաշխարհին գեղարուեստական յայտնագործութիւնը։

185 տարի անց «Վէրք Հայաստանի»ն կը մնայ ո՛չ միայն գրական յուշարձան, այլեւ ապրող թեքստ, որ կը խօսի մեր օրերուն։ 

Ան կը յիշեցնէ, որ լեզուն, գրականութիւնը եւ պատմական յիշողութիւնը պէտք է շարունակուին՝ որպէս գործող ուժեր։ Աբովեանի վէրքը միայն անցեալի ցաւ չէ․ ան մշտարթուն հրաւէր է՝ ըլլալու գիտակից, արժանապատիւ եւ պատասխանատու սեփական պատմութեան առջեւ։

ԱԲՈՎԵԱՆԻ ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ

Խաչատուր Աբովեանը մենք կը ճանչնանք միայն մէկ դիմանկարով, որուն հիման վրայ ալ յետագային ուրիշ գեղանկարներ եւ նկարներ կատարուած են։ Այդ միակ դիմանկարի պատմութիւնը հետեւեալն է, զոր կը ներկայացնէ թանգարանը։ 

Խաչատուր Աբովեանի անհետացումէն ետք անձնական իրերուն մէջ կը գտնուի իր միակ դիմանկարը, որ կը մնայ կնոջ՝ Էմիլիէ Լոոզէի մօտ մինչեւ անոր մահը։ Թորպատէն վերադառնալէ վերջ իր որդիին՝ Վարդան Աբովեանին, կը յաջողի գտնել դիմանկարին հետքերը, սակայն ամբողջովին անմխիթար վիճակի մէջ։ Դիմանկարի վերականգնման աշխատանքները Վարդանը կը վստահի յայտնի նկարիչ Գէորգ Բաշինջաղեանին, որ կը կարողանայ վերականգնել եւ վերադաձնել նկարին նախնական տեսքը։

Այսօր արդէն յայտնի է, որ Աբովեանի առաջին եւ միակ այդ դիմանկարը կատարուած է Թորպատի մէջ՝ ուսումնառութեան տարիներուն։ Մերձպալթեան շրջանէն ժամանակի յայտնի նկարիչներէն Լիւտվիկ ֆոն Մայտէլի աչքէն չէ վրիպած Աբովեանի իւրայատուկ արտաքինը, եւ իր վիմագրատան մէջ ալ նկարած է 20-21 տարեկան Աբովեանը, եւ այդ նկարը ճակատագրօրէն կը դառնայ անոր միակը։ Այդ նկարը շատ սիրած է Կոմիտասը եւ այդ մասին ալ Կոմիտասի աշակերտուհի Աղաւնի Մեսրոպեանին յուշը կայ։

ԿՈՄԻՏԱՍԸ ԵՒ ԱԲՈՎԵԱՆԸ

Դաշնակահարուհի Աղաւնի Մեսրոպեանի յուշերէն․

«1907 թուականի գարնան, երբ առաջին անգամ Փարիզի հայոց առաջնորդարանը գացինք, այնտեղ Կոմիտասի առանձնասենեակի պատին տեսանք Խաչատուր Աբովեանի մեծադիր լուսանկարը: Որքան հոգեթով պատկեր մը ստեղծուեցաւ այնտեղ, երբ հայ ժողովուրդի մեծ գուսանը, երգած ատեն, աչքերը յառեց Աբովեանի պատկերին՝ իբրեւ ներշնչման աղբիւրի:

Կոմիտասի սրտաշարժ ելեւէջները կարծես կենդանութիւն կու տային անոր անշունչ լուսանկարին:

Այդ օրերէն մէկ օր, Աբովեանի լուսանկարով հետաքրքրուող հիւրերուն Կոմիտաս հետեւեալը ըսաւ. «Այս Խաչատուր Աբովեանի լուսանկարը իմ ամենասիրած իրն է․ իմ էութեանս հետ մաս կազմող…

Մօտ կամ հեռու՝ ուր որ ճամբորդեմ՝ հետս կը տանեմ զայն: Այս թանկագին նուէր-յիշատակը ինծի տուաւ Խրիմեան Հայրիկը՝ իր կաթողիկոսութեան առաջին օրերուն»:

1911 թուին, աշնան երեկոյ մը, հօրս հետ այցելեցինք Կոմիտասի Բերա-Եալէ փողոցը գտնուող փանսիոնը:

Կոմիտասի սենեակի պատին կրկին անգամ, տեսայ Խաչատուր Աբովեանի՝ Փարիզէն ինծի ծանօթ լուսանկարը… Երբ ուշի ուշով դիտեցի Աբովեանի լուսանկարը, մեծ երգիչը, գովելով իմ հետաքրքրութիւնս, ըսաւ. «Ուրեմն՝ այս օրուընէ վերջ՝ ա՛լ երբեք չմոռնաս, որ մեծանուն Խաչատուր Աբովեանը հայ ժողովրդական երաժշտութիւնը հետազօտող՝ երգիչ-երաժիշտ եղած է…»:

Խօսքը հօրս ուղղելով աւելցուց Կոմիտաս.

«Վաղ պատանեկան օրերէս մինչեւ այսօր, իմ հոգու հսկիչն է ան եւ իմ ուսուցիչը… Հոգւոյս մէջ ամէնօրեայ արձագանգողը… Աշխատիլ, տքնիլ, պայքարիլ՝ միայն եւ միայն ժողովուրդիս եւ մարդկութեան համար… Ես երբեք չեմ կրնար ապրիլ առանց Աբովեանի… Պատանի տարիքիս, Էջմիածնի ճեմարանը ուսանողութեանս ատեն երբ առաջին անգամ «Վէրք Հայաստանի»ն կարդացի, հոգւոյս մէջ այնպիսի ալեկոծութիւններ զգացի, որ երբեք չեմ մոռնար… Այդ օրերուն, ընկերոջ մը հետ, վաղ արշալոյսին, ճեմարանէն փախչելով եւ սար ու ձոր կտրելով հասանք Քանաքեռ գիւղը՝ Աբովեանի ծնած եւ մեծցած տնակին առջեւ… համատարած լռութիւնը տխրութեամբ համակեց մեզ… քանի մը անգամ անոր տնակին շուրջը պտտեցանք… ոչ ոք տեսանք այնտեղ, բացի քանի մը կտկտացող հաւերէն եւ աքաղաղէ մը, որ իր ընկերները ձգած, իր կանչերով մեզ կը յուզէր… Այդ օրը, մեր վերադարձին, հայաստանեան անծայրածիր դաշտերուն մէջ, մենք քրքրեցինք «Վէրք»էն մեր հոգւոյն մէջ պահուած պատկերներու շարանները… Եւ ուխտեցինք՝ յաւէտ մնալ հայ ժողովուրդի զաւակ…»։ 

ԿՈՄԻՏԱՍ ԵՒ ԱԲՈՎԵԱՆ․ «ՎԱ՜Յ ԷՆ ԱԶԳԻՆ»

Կոմիտաս Վարդապետը, Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպը կարդալէ ետք, ոգեշնչուելով կը գրէ «Վա՜յ էն ազգին» ստեղծագործութեան երաժշտութիւնը: Այս բանաստեղծութիւնը առնուած է «Վէրք Հայաստանի» վէպէն։ 

Երգը կը պատկանի Կոմիտասի վաղ շրջանի մշակումներուն եւ կը համարուի Կոմիտասի՝ հայ աշուղական ոճին դիմելու սակաւաթիւ փորձերէն մէկը։

«Վա՜յ էն ազգին»ը երկձայն է, առանց նուագակցութեան եւ նախատեսուած է բարձր ձայն ունեցող երգիչներու համար։ Բնագիրը պահպանուած է մատիտով գրուած սեւագիր վիճակով։ Բառերը ամբողջութեամբ գրի չեն առնուած, սակայն խօսքային կապերը յստակ նշուած են։

Կոմիտասը «Անուշ» օփերային համար ժողովրդական երաժշտական նիւթեր ընտրելու ժամանակ մտադրած էր օգտագործել նաեւ «Վա՜յ էն ազգին» երգի մեղեդին։ Անոր ձեռագիրներուն մէջ պահպանուած «Անուշ»ի բնագիրներէն մէկուն մէջ նշուած են վերնագիրն ու մեղեդիի սկիզբը, սակայն, մտադրութիւնը իրականութիւն չէ դարձած։ Կոմիտասի երաժշտութեամբ եւ Աբովեանի բառերով այս երգը, սակայն, բաւական յայտնի է, եւ կ՚երգուի շատ մը երգիչներու եւ երաժշտախումբերու կողմէ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 26, 2026