ՄԱՔՐԱԿՐՕՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Մաքրակրօն գաղափարապաշտի մը եւ աշխարհիկ հաճոյամոլի մը միջեւ ընկերային փափուկ, միանգամայն լուրջ հարցերու շուրջ գաղափարի անհո՜ւն տարբերութիւններ գոյութիւն կ՚ունենայ յաճախ։ Ոմանք ասիկա կ՚ուզեն բացատրել սերունդներու տարբերութեան պատճառով, ոմանք ալ այսպիսի հարց մը չեն ընդունիր եւ կ՚ըսեն. «Դուն ո՞ր դարու մէջ կ՚ապրիս…»։ Բայց կան սկզբունքներ՝ որոնք հիմնական են, եւ չեն փոխուիր սերունդներու եւ դարերու փոփոխութեամբ։ Կարեւորը այդ հիմնական սկզբունքներու գիտակցութեամբ շարժիլն է։ Արդարեւ, գաղափարներ, մտածումներ կրնան փոխուիլ, բայց հիմնական սկզբունքներ կը մնան անփոփոխ, քանի որ անոնք մարդուն մարդկային արժանապատուութիւնը միշտ բարձր կը բռնեն։

Ցաւով պէտք է ընդունիլ, թէ կայ մտայնութիւն մը՝ որուն համեմատ «ապօրէն հաճոյք» չկայ, եւ այս մասին խորհիլն իսկ անհասկնալի է։ Կան նաեւ մտածողներ՝ որոնց սահմանը շատ առաձգական է եւ կը տարբերի մարդէ մարդ՝ անոնց ըմբռնումներուն, սովորութիւններուն եւ հաւատալիքներուն եւ կամ դաստիարակութեան համեմատ։ Այսպէս, միեւնոյն վայելքը կամ զուարճութիւնը եւ կամ կենցաղը, ապրելակերպը կրնայ ոմանց համար օրինաւոր ըլլալ, եւ ուրիշներու համար բացարձակապէս ապօրէ՛ն։

Զոր օրինակ, համակեցութեան, ազատ սիրոյ մոլորած եւ խելագար «քարոզիչներ»ուն եւ լոկ սրտին մէջ առաջ եկած ցանկութիւնն իսկ «շնութիւն» նկատող Մեծ Վարդապետին յայտարարած առողջ եւ հիմնական սկզբունքին միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնն է։ «Թեթեւ բարոյականութեան» մասին գոյութիւն ունեցող թունաւոր մտայնութիւններ նախճիրներ կը գործեն ինչպէս ընտանեկան կեանքին, նոյնպէս աշխարհի ամենէն քաղաքակրթեալ նկատուած ազգերու մէջ։

Հաճոյքներու մասին «կործանարար» գաղափարներով սնած երիտասարդներուն ընտանեկան կամ ընկերային հաւաքոյթներու միջոցին անմեղ նկատուած արարքներ, յաճախ կրնան առաջին քայլը ըլլալ այն ահաւոր վայրէջքին՝ ուր կը գահավիժին յաճախ ամենէն մաքուր եւ անմեղ պատանիներ։

Ընտանիքը ծանր պատասխանատուութիւն մը ունի այս մասին՝ բարիին առաջնորդելու իրենց զաւակները…

Պատուաւոր նկատուած ընտանեկան յարկերու ներքեւ, թէեւ հազուադէպ, ցաւալի կերպով գոյութիւն ունեցող «անհաւատարմութիւն»ներ եւ ասոնց հետեւանքով ընտանեկան սրբութեան, պատիւին, ազնուականութեան եւ երջանկութեան խորտակումը հաճոյքներու մասին վատառողջ մտայնութեան գործադրութեան արդիւնքն է։

Այս մասին գոյութիւն ունեցող վերոյիշեալ հակոտնեայ գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն նկատմամբ եթէ կարելի է վստահելի կնիք մը դնել, պէտք է դիմել խիղճի, սրտի մաքրութեան եւ բարոյականութեան հին, հիմնական եւ բարի սկզբունքներուն՝ որոնք իրենց արթուն եւ առողջ վիճակին մէջ պիտի կրնան ապահով ուղեցոյցը ըլլալ տարակուսելի եւ վնասակար ուղիներու մէջ։

Ասոնք միայն պիտի կատարեն դերը փարոսներու պայծառ լոյսերուն, առանց որոնց շատ կեանքեր պիտի փշրուէին նենգամիտ խարակներուն վրայ։

Խիղճ, սրտի մաքրութիւն եւ բարոյականութիւն… հաւանաբար ոմանք հեգնանքով մօտենան ասոնց, նկատելով զանոնք սնամէջ բառեր միայն, զոր բորբոսած ուղեղներու նախապաշարումը լոկ քանդակեր է կարգ մը միտքերու վրայ, եւ զարգացած եւ լուսաւորուած մէկը չի կրնար որեւէ կարեւորութիւն ընծայել այս տեսակ անդրջրհեղեղեան՝ հինցած բառերու։

Եւ սակայն այն անձը՝ որ նկատի չ՚առներ նորոյթէ ինկած նկատուած բարոյական սկզբունքները, զուրկ է ներքին զօրութենէ մը՝ որ պիտի կրնար դիմադրել վար քաշող ուժերու, եւ անձը՝ որ անկարող է իր կամքին իշխանութեան ներքեւ առնել ինքզինք պզտիկցնող եւ ստորացնող զգացում մը. կիրք մը, խորհուրդ մը եւ արարք մը, եւ իր սրտին եւ հոգիին խորութիւններուն մէջ չզգալ անոնց կործանարար հանգամանքը, այդ տեսակ անձ մը «բարոյական խլեակ» մըն է ընկերութեան համար։ Եւ ինչպէս բնութիւնը անողոք է ֆիզիքական կեանքի դէմ գործուած որեւէ յանցանքի համար, ա՛յսպէս ալ խղճի, բարոյականութեան եւ սրտի մաքրութեան դէմ անպատիժ չի մնար գործուած որեւէ յանցանք՝ մարդու մը պատիւին, արժանապատուութեան եւ յարգանքին եւ մանաւանդ սիրոյն հանդէպ։

Եւ վերջապէս պէտք չէ՛ մոռնալ, թէ «հին»ը եւ «հինցած»ը բոլորովին տարբեր ըմբռնումներ են…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 24, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 26, 2026