ՀԱՐՍՏԱՆԱԼՈՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

Այսօր կը տեսնենք, որ որոշ անձեր կը խօսին, թէ ամենէն շատ եկամտաբեր ոլորտը ո՞րն է, սակայն, «Հարստանալու գիտութիւնը» խորագրեալ գիրքին հեղինակը կը հաւատայ, որ նման ոլորտ գոյութիւն չունի։ Մարդ ամէ՛ն ոլորտի մէջ կրնայ յաջողութիւն ձեռք ձգել՝ եթէ ունի իմաստութիւնն ու ունակութիւնը այդ ոլորտին մէջ զարգանալու. օրինակի համար, շատեր կը կարծեն, որ յաջողելու համար մարդուն տաղանդ պէտք է, մինչ գրողը կը հաւատայ, որ տաղանդը առանց ճիշդ գործելաձեւի մարդը յաջողութեան չ՚առաջնորդեր։ Այսօր աշխարհի վրայ կան բազմաթի՜ւ տաղանդներ, որոնք հեռու են ուշադրութենէն, հեռու են յաջողութենէն՝ պարզապէս որովհետեւ ունին տաղանդը, սակայն չեն գիտեր ինչպէս գործել: Այս մէկը կը նմանի հետեւեալին. պատկերացուցէք մարդ մը՝ որ լաւ սեղան շինել գիտէ, սակայն, չունի անհրաժեշտ գործիքները։ Միւս կողմէ, պատկերացուցէք նաեւ անձ մը, որ գործիքները ունի՝ սակայն սեղան շինել չի գիտեր։ Այս պարագային յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար անհրաժեշտ են թէ՛ գործիքները եւ թէ տաղանդը: 

Շատերու անյաջողութեան պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ կը կարծեն, որ տաղանդ չունին. տաղանդ ըսուածը առաջին օրէն իր կատարեալ վիճակին մէջ չի տրուիր մարդուն։ Ամէն մարդ իր մէջ ունի տաղանդի մը սերմը եւ այնպէս ինչպէս ծաղիկը խնամելով, ջրելով կեանքի կու գայ, նոյնպէս տաղանդը կը կարօտի յատուկ ուշադրութեան։ Անտաղանդ մարդ գոյութիւն չունի աշխարհի վրայ. գոյութիւն ունի աւելին սորվիլ չուզող, իր սեփական զարգացումին վրայ չաշխատող մարդ: Ի դէպ, կը հաւատանք, որ մարդու տաղանդները զարգացնելու եւ անոր դիմաց նոր հնարաւորութիւններ բանալու առիթը ունին ծնողներն ու ուսուցիչները, որովհետեւ մանուկը շատ աւելի ատակ է իր տաղանդները զարգացնել քան մեծահասակը (թէեւ կամքի ուժով ամէն բան կարելի է, հնարաւոր է)։ Այս մէկը կարեւոր է, որովհետեւ մարդ աւելիով յաջողութիւն կը գտնէ այն ոլորտին մէջ, որուն կը տիրապետէ, որուն հանդէպ սէր ու տաղանդ ունի։ Եթէ մարդ այս կամ այն բանը ընելու ցանկութիւնը կը զգայ իր մէջ, կը նշանակէ անոր կարողութիւնը ունի, որովհետեւ ցանկութիւնը անզսպելի ուժ մըն է մարդուն մէջ, որուն իրագործումը ջանք եւ աշխատանք կը պահանջէ: 

Աշխարհի վրայ այսօր շատ մարդիկ ձախողութեան մէջ են, որովհետեւ կը շարունակեն մնալ այնպիսի աշխատանքներու եւ ոլորտներու մէջ՝ որուն հանդէպ սէր եւ իրագործելու համար տաղանդ չունի։ Նման աշխատանքներ մարդու կեանքին մէջ ժամանակաւոր կամուրջներ են եւ անորմէ դուրս գալու նախապայմանը գիտակցիլն է, որովհետեւ գիտակցելով մարդ իր կեանքին մէջ կը սկսի նպատակներ ստեղծել: Անշուշտ, այս գիտակցութիւնը կը պահանջէ որոշ հոգեկան պատրաստուածութիւն։ Երբ մարդ հոգեպէս խաղաղ է, իր քայլերը լաւապէս մտածուած են ու յուսահատ վիճակի մէջ չէ՝ գիտակցութիւնը արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ, սակայն, երբ մարդ կասկածներու եւ վախերու մէջ է կը շարունակէ բանտուած մնալ այն միջավայրին մէջ, որ ուրախութիւն չի պատճառեր։ Առողջ ձեւով գիտակցութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է հասկնալ, որ մէկու մը դէմ մրցակցութեան մէջ չենք. մրցակցութիւնը մարդը կ՚առաջնորդէ արագ որոշումներ կայացնելու եւ շատերու ձախողութեան պատճառը նոյնինքն այդ մէկն է. պէտք է համոզուիլ, որ խաղաղութիւնը կը ստեղծէ, մինչ աճապարելը կրնայ եղածն ալ քանդել: 

«Զարգացած» երկիրներու մէջ այսօր կան մարդիկ, որոնց գործը մարդը այս մտածումներուն մէջ առաջնորդելն ու ուղղորդելն է. մարդ իրապէս ուրիշի մը օգնութեան կարիք ունի՞ թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն կարիքը ունի հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները գտնել. թող իւրաքանչիւրս այս հարցումը իր անձին ուղղէ. ի՞նչ է ուզածս. ի՞նչ տաղանդներ ունիմ, ի՞նչ պէտք է սորվիմ, ի՞նչ թերութիւններ ու պակասներ ունիմ. իմ ներկաս ի՞նչ ձեւով կ՚օգնէ նպատակներուս հասնելու. աշխատանքէն աւելի այս բոլոր հարցումներուն ճիշդ պատասխաններն են, որ մարդը յաջողութեան կ՚առաջնորդեն: 

Յաջողելու համար պէտք չէ սպասել. ո՛չ ժամանակը եւ ոչ ալ միջավայրի փոփոխութիւնը պէտք է սպասել. մեր ներկայ միջավայրն ու ներկայ աշխատանքը դէպի յաջողութիւն առաջնորդուելու նախաքայլերն են. ներկայի մէջ է, որ մարդ փորձառութիւն ձեռք կը ձգէ եւ այդ փորձառութիւններն են, որ մեզ կ՚առաջնորդեն դէպի յաջողութիւն. իւրաքանչիւր փորձ՝ անկախ անոր տեսակէն ու չափէն, ձեւէն ու որակէն հնարաւորութիւն մըն է սորվելու։ Ներկային մէջ փորձառութիւնը, մարդկային յարաբերութիւնները ապագայ յաջողութեան համար աւելի կարեւոր են, քան աշխատավարձն ու գումարը: Յաջողութիւնը նիւթականով պէտք չէ չափել. երբ մարդ հաւատայ, որ ինք կը յառաջդիմէ, այդ ժամանակ է, որ դէպի յաջողութիւն կ՚առաջնորդուի:

Յաջողութեան մէջ լաւագոյն օրինակը ջուրի կաթիլն է. ան որպէս առանձին կաթիլ՝ ուժ մը չունի, սակայն, երբ նոյն ընթացքով անդադար քարին վրայ իյնայ, քարը նոյնիսկ ճեղքելու ուժը ունի։ Մեր այսօրուան աննշմար, փոքր յաջողութիւնները այդ ջուրի կաթիլներն են. հաստատամութեամբ եւ առանց յուսահատելու եթէ շարունակենք գործել՝ դրական հոգեբանութեամբ, ապա քարը ճեղքելու ընթացքին մէջ կը գտնենք մենք զմեզ:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հանգամանքները մեզ այնպիսի դրութեան մէջ դրած են, որ ուրիշ կերպ չենք կրնար մեր գոյութիւնը պահել. ստիպուած ենք աշխատիլ, վաստակիլ եւ մեր աշխատանքով մեր թշնամին կերակրել: Ուրիշ ճար չի կայ. մենք պէտք է բարեկամութիւն ընենք մեզ կողոպտողներուն հետ:

ՐԱՖՖԻ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 26, 2026