ԲՌՆԱՑՈՒՄԻ ՎԷՐՔԸ՝ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ

Փոքրիկ Մակարի պատմութիւնը, որ 1908 թուականի «Ծաղիկ» մանկական հանդէսի էջերէն կը հասնի մեզի (հեղինակ՝ պոլսահայ գրող Գեղամ Բարսեղեան), առաջին հայեացքէն կրնայ թուիլ պարզ մանկական պատմուածք մը՝ բարոյախօսական աւարտով։ Սակայն անոր մէջ ծածկուած է այնպիսի խոր ու ցաւոտ իրականութիւն մը, որ, ցաւօք, մէկ դար անց ո՛չ միայն չէ նահանջած, այլ նոր ձեւեր ստացած է` ներթափանցելով ժամանակակից դպրոցներու առօրեային։ Այդ իրականութիւնը «պուլինկ»ն է՝ բռնացումը։ 

Պատմուածքին մէջ կը տեսնենք, որ Մակարը «այլ» էր։ Իր դէմքը չէր համապատասխաներ գեղեցկութեան ընդունուած չափանիշներուն, իր ձայնը խորթ էր, իր պահուածքը՝ լուռ։ Իսկ դպրոցական միջավայրին մէջ «այլ ըլլալը» շատ յաճախ կը դառնայ դատավճիռ։ Անոր տարեկիցները չեն փորձեր հասկնալ, չեն հարցներ՝ ի՞նչ կը զգայ Մակարը, այլ անմիջապէս կը դատեն, կը ծաղրեն, կը նեղեն։ 

Այստեղ բռնացումը միայն ֆիզիքական կամ բանաւոր յարձակում մը չէ․ այն նախ եւ առաջ հոգեկան ճնշում մըն է, անտեսում, արժանապատուութեան խլում։

Այսօր եւս դպրոցներու մէջ կը հանդիպինք նոյն երեւոյթին։ Երեխաներ կը ծաղրուին իրենց արտաքինին, խօսելու ձեւին, ընկերներ չունենալուն, ուսման մէջ տարբեր ըլլալուն կամ պարզապէս լուռ ըլլալուն համար։ Բռնացում-ծաղրը երբեմն բացայայտ է՝ վիրաւորական բառերով, հրմշտոցներով, իսկ երբեմն ալ անտեսանելի՝ խմբակներէ դուրս ձգելով, լռութեամբ պատժելով, մարդու տեղ չդնելով․․․ Բայց երկու պարագաներուն ալ հետեւանքը նոյնն է՝ ներքին կոտրում։

Մակար «չէր կրնար ներքնապէս անտարբեր մնալ»։ Այս մէկ նախադասութիւնը կ՚ամփոփէ բռնացում-ծաղրի ամբողջ ողբերգութիւնը։ Երեխաները կրնան լուռ մնալ, չպաշտպանուիլ, բայց, անոնց սիրտին մէջ կուտակուող ցաւը կը խորանայ։ Շատերու պարագային այդ ցաւը տարիներ անց կը վերածուի ինքնավստահութեան պակասի, վախի, մեկուսացման, իսկ երբեմն ալ՝ աւելի ծանր հոգեբանական հետեւանքներու։ «Պուլինկ»ը «մանկական խաղ» չէ, կատակ չէ, ինչպէս մեծերը յաճախ կը փորձեն ներկայացնել. զայն հոգեւոր սպի կը ձգէ։

Պատմուածքին մէջ Մակարին հերոսացումը ուշացած արդարութիւն մըն է։ Ան կը դառնայ ընդունելի միայն այն պահուն, երբ վտանգելով իր կեանքը՝ ծառ կը մագլցի եւ կը փրկէ թռուցիկը։ Բայց արդեօք երեխան պարտաւոր է հերոսութի՞ւն ընել, որպէսզի արժանանայ յարգանքի։ Արդեօք մարդուն արժէքը պէտք է չափո՞ւի օգտակարութեան կամ քաջութեան բացառիկ պահերով։ Այս հարցումները ուղիղ կերպով կը վերաբերին մեր կրթական մտածողութեան։

Բռնացումը մէկ ձեւի մէջ չի սահմանափակուիր։ Ան կրնայ դրսեւորուիլ զանազան միջավայրերու մէջ՝ ընտանիքէ ներս, աշխատավայրին մէջ, ընկերային շրջանակներու, նոյնիսկ առցանց տարածքներու մէջ, բայց, այս բոլոր տեսակներուն մէջ ամենէն տարածուածն ու ամենէն վտանգաւորը դպրոցական բռնացումն է։ Դպրոցական բռնացումը առանձնայատուկ վտանգաւոր է նաեւ այն պատճառով, որ ան կը պատահի անձնաւորութեան ձեւաւորման ամենախոցելի շրջանին մէջ։ Երեխան կամ պատանին, որ օրական կ՚ենթարկուի ծաղրի, ահաբեկման կամ ուժի ցուցադրութեան, ո՛չ միայն կը տառապի ներկայ պահուն, այլ կը կրէ այդ փորձառութիւնը ամբողջ կեանքին ընթացքին։

Դպրոցը պէտք է ըլլայ ապահով տարածք, ուր երեխան կը սորվի ո՛չ միայն հաշուել ու կարդալ, այլ նաեւ մարդ ըլլալ։ Բռնացումի դէմ պայքարը չի սահմանափակուիր միայն պատժական միջոցներով։ Զայն նախ եւ առաջ կրթական, բարոյական ու մարդկային աշխատանք է։ Ուսուցիչները պէտք է զգօն ըլլան լուռ Մակարներուն նկատմամբ, նկատեն անտեսուած երեխաները, խօսին դասարանին հետ տարբերութեան, արժանապատուութեան, կարեկցութեան մասին։ 

Եւ վերջապէս, աշակերտները պէտք է սորվին պատասխանատուութիւն զգալ իրենց բառերուն եւ վերաբերմունքին համար։ Ամէն ծաղր, ամէն հեգնանք կրնայ դառնալ մէկու մը կեանքին մէջ անջնջելի վէրք։ 

Շատ կան այսօր Մակարներ, որոնք թռուցիկ մը փրկելու առիթ չունին, բայց նոյնքան արժէքաւոր են։

Մակարին պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ ամէն մարդ իր ներսիդին հերոսութիւն մը կը կրէ, բայց հասարակութեան պարտականութիւնն է չսպասել այդ հերոսութեան, որպէսզի ընդունի մարդը։ Բռնացումին դէմ պայքարը կը սկսի այնտեղ, ուր մենք կը տեսնենք մարդը՝ իր թերութիւններով, իր լռութեամբ, իր տագնապներով եւ կ՚ընտրենք չծաղրել, ոչ թէ հասկնալ։

Եւ ընտանիքը, անշուշտ, բռնացման կանխարգիլման առաջին պատնէշն է։ 

Դպրոցական միջավայրի մէջ բռնացումը՝ ըլլայ զայն ուժի, հարկադրանքի, վիրաւորական ծաղրի կամ սպառնալիքի կիրառում՝ ուրիշը նուաստացնելու, ահաբեկելու կամ յարձակողական գերիշխանութիւն հաստատելու նպատակով, երբեք միայն դպրոցի խնդիրը չէ։ Այդ վարքագիծը շատ յաճախ կը կազմաւորուի շատ աւելի վաղ՝ ընտանիքէ ներս, տան պատերուն մէջ, ուր երեխան առաջին անգամ կը սորվի ինչպէ՛ս խօսիլ, ինչպէ՛ս հակազդել, ինչպէ՛ս ուժ գործածել կամ զսպել զայն։

Ընտանիքը այն առաջին դպրոցն է, ուր երեխան կը ձեւաւորէ իր վերաբերմունքը ուրիշներուն նկատմամբ։

Եթէ տան մէջ լեզուն կոպիտ է, վիրաւորանքը՝ սովորական, բարկութիւնը՝ անկառավարելի, ապա զարմանալի չէ, որ երեխան այդ վարքագիծը կը փոխադրէ դպրոց։ Չափազանց կարեւոր է, որ ծնողները իրենց օրինակով դաստիարակեն։ Երեխաները աւելի շատ կը կրկնօրինակեն, քան կը լսեն։ Եթէ տան մէջ մեծերը զիրար կը վիրաւորեն, կը ծաղրեն, կը նսեմացնեն, ապա որեւէ քարոզ դպրոցին մասին դատարկ պիտի մնայ։ Ընտանիքը պէտք է ապրեցնէ այն արժէքները, զորս կ՚ուզէ փոխանցել։

Բռնացումը օդէն չի ծնիր․ ան կը սերմանուի, կը սնանի եւ կը կրկնուի։

Շատ դժուար է երբեմն հասկնալ, թէ ինչո՛ւ որոշ երեխաներ կամ պատանիներ կը ձգտին կանոնաւոր կերպով վիրաւորել ուրիշները, յատկապէս երբ բազմիցս խնդրուած է իրենցմէ դադրեցնել այդ պահուածքը։ Սակայն, պատճառները բազմազան են եւ մեծ մասամբ արմատացած՝ հոգեբանական ու ընտանեկան միջավայրին մէջ։

Ոմանք կը դիմեն ծաղրի ու ահաբեկման, որպէսզի տպաւորեն իրենց ընկերները կամ հաստատեն որոշ «հեղինակութիւն» մը խմբակին մէջ։ 

Ուրիշներ, իրենք իրենց կարգին բռնացուած ըլլալով, կը փորձեն շեղել ուշադրութիւնը իրենց ցաւէն՝ զայն փոխանցելով աւելի թոյլի մը։ 

Կան նաեւ անոնք, որոնք բարկացած են, լեցուն՝ ներքին լարումով, եւ կը փնտռեն վրէժի ձեւ մը՝ ուրիշը վիրաւորելով։

Ոմանք կը սիրեն միշտ գտնուիլ ուշադրութեան կեդրոնին, նոյնիսկ եթէ այդ ուշադրութիւնը կը շահուի բացասական միջոցներով։ 

Կան երեխաներ, որոնք տունին կամ դպրոցին մէջ լուրջ դժուարութիւններ ունին՝ լռեցուած վախեր, անլուծելի խնդիրներ, եւ այդ կուտակուած լարումը կը «պայթեցնեն» ուրիշներուն վրայ։ Իսկ շատ մը պարագաներու ալ, ինքնավստահութեան պակասը կը ծնի յարձակողական վարուելաձեւ՝ որպէս ինքնապաշտպանութեան աղաւաղուած մեքենականութիւն։

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ բռնացող երեխան ալ շատ յաճախ օգնութեան կարիք ունեցող երեխայ մըն է։ Եւ հոս է, որ ընտանիքին դերը կը դառնայ վճռորոշ։

Ծնողը պէտք է առաջինը ըլլայ, որ իր զաւկին սորվեցնէ՝ ուժը ոչ թէ ուրիշը նուաստացնելն է, այլ սեփական բարկութիւնը կառավարելը։ Երեխան պէտք է տան մէջ լսէ յստակ ուղերձ մը՝ ծաղրը, վիրաւորանքը, սպառնալիքը ընդունելի չեն, անկախ այն բանէն, թէ ո՛վ է «ուժեղը» կամ «հեղինակաւորը»։ Լռութիւնը այս պարագային չէզոքութիւն չէ, այլ անուղղակի հաւանութիւն։

Ընտանիքները պէտք է սորվին իրենց զաւակներուն հետ խօսիլ՝ ո՛չ միայն գնահատականներու կամ կարգապահութեան մասին, այլ զգացումներու։ «Ի՞նչ զգացիր այսօր», «ինչո՞ւ բարկացար», «ինչպէ՞ս կրնաս ուրիշ ձեւով արձագանգել» հարցումները կը սորվեցնեն երեխային ինքնաճանաչում եւ պատասխանատուութիւն։ Երեխան, որ կը սորվի իր զգացումները բառերով արտայայտել, քիչ հաւանական է, որ զանոնք բռնութեամբ արտայայտէ։

Վերջապէս, ծնողները պէտք է ըլլան զգօն։ Երբ իրենց զաւակը յաճախ կը բողոքէ ուրիշներէն, կը ծաղրէ, կը փորձէ միշտ գերիշխել, պէտք չէ անմիջապէս արդարացնել զինք կամ ըսել՝ «մանկական բան է»։ Այդ պահերը ահազանգեր են, ոչ թէ մանրուքներ։

Դպրոցը կրնայ ուղղել, պատժել, կարգաւորել, բայց տունը կը ձեւաւորէ մարդը։ Իսկ ընտանիք մը, որ կը դաստիարակէ կարեկցող, ինքնավստահ ու պատասխանատու զաւակ, արդէն իսկ կը կոտրէ բռնացման շղթան՝ նախքան ան դպրոց հասնիլը։

ՊԶՏԻԿ ՄԱԿԱՐԸ

ԳԵՂԱՄ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Ա.

Այնպէ՜ս խղճալի էր փոքրիկ Մակարի վիճակը…:

Շարունակ կը ծաղրուէր իր տարեկից ընկերներէն, մէկ խօսքով կը նեղէին ամէ՛ն առիթով: Եւ ինչո՞ւ: Որովհետեւ Մակար տգեղ էր դէմքով, բերանը մեծ էր, ականջները մեծ էին եւ աչքերը, կապիճներէն դուրս ինկած, խոլոր-մոլոր կը դառնային: Յետոյ, լուռ կը մնար, քիչ աղմուկ կը հանէր եւ երբ խօսէր, հաստ ձայն մը կը լսեցնէր: Ի՞նչ ընէր. բնութիւնը այդպէս ըրած էր զինքը, ձեռքէն ի՞նչ կու գար: 

Բայց տղաքը, չար ու անգութ տղաքը ատոր վրայ չէին մտածեր ու իրենց զուարճութեան առարկան ըրած էին զայն:

Եւ դժբախտ Մակար կը տառապէր. այո՛, թէեւ լուռ, թէեւ հանդարտ, բայց չէր կրնար ներքնապէս անտարբեր մնալ իրեն նկատմամբ եղած այդ անշնորհք ծաղրանքներուն, սիրտը շատ կը ցաւէր, ու մինակ մնացած պահերուն գաղտուկ կու լար, կու լար: Ի՞նչ կ՚ուզէին իրմէ, իր տգեղութեանը համար ինչո՞վ էր յանցաւոր որ այդպէս վիշտ կը պատճառէին իրեն: Չէ՞ որ ինք ալ իր ընկերակիցներուն պէս հոգի մը կը կրէր, զգացում ունէր, կրնար անոնց պէս աշխատիլ, գրել-կարդալ սորվիլ, եւ մանաւանդ չէ՞ որ ա՜յնքան կը սիրէր իր ընկերները: Ա՛լ ի՞նչ, ի՞նչ կ՚ուզէին իրմէ:

Բ.

Օրին մէկը, գիւղին տղաքը ամէնքը մէկ եղան, մեծ, շա՜տ մէծ թռուցիկ մը շինեցին գոյնզգոյն թուղթերով: Այնպէ՛ս գեղեցիկ, այնպէ՛ս գեղեցիկ եղաւ որ ամէն մարդ զմայլեցաւ: Յետոյ, կիրակի առտու մը հաւաքուեցան եւ կամաց կամաց, հազար ու մէկ ջանքերով եւ աղմուկներով, սկսան բարձրացնել օդին մէջ: Մակար ալ անոնց հետ էր: Բայց ոչ ոք կարեւորութիւն կու տար իրեն. կ՚արհամարհէին զինքը, ու կը ծաղրէին, կը հեգնէին միշտ:

Յանկարծ հովը իր ուղղութիւնը փոխեց, թռուցիկը վարողը չկրցաւ ժամանակին զսպել զայն, եւ ան գնաց ինկաւ ժեռուտքի մը բաւական բարձր սօսիներէն մէկուն վրայ ու անոր ճիւղերուն մէջ անցաւ: Տղաքը ասոր համար շատ ցաւեցան. իրենց ուրախութիւնը տրտմութեան փոխուեցաւ, երբ տեսան որ իրենց շինած թռուցիկը որուն համար օրերով աշխատած էին, այդպէս անգործածելիութեան կը դատապարտուէր: Ի՞նչ կարելի էր ընել: Եթէ քիչ մը քաշէին առասանը, թռուցիկը պիտի պատռտէր, կտոր կտոր պիտի ըլլար: Եւ յետոյ, ո՞վ կրնար համարձակիլ այնչափ բարձր ծառին գագաթը ելլել. օ՜, կը վախցուէր:

Եւ ամէնքն ալ, տխուր, յուսաբեկ, տուն դարձան, առասանը փրցնել առնելէ եւ թռուցիկը ծառին գագաթը թողելէ ետք:

Գ.

Բայց Մակար կը խորհէր: Կրնա՞ր արդեօք ծառին վրայ ելլել ու վար առնել թռուցիկը: Ա՜խ, եթէ ատիկա ընէր, այն ատեն տղաքը ով գիտէ որքա՜ն գոհ պիտի մնային. պիտի սիրէին եւ այլեւս չպիտի արհամարհէին զինքը: Բայց այդ քաջութիւնը կրնա՞ր ունենալ: Հապա եթէ վար իյնա՜ր: Մակար խորհեցաւ, երկար խորհեցաւ: Ուշ ատեն, երբ ամէն ոք քաշուած էր արդէն, անձայն ու կամաց, գնաց սօսիին քով, նայեցաւ վեր. յետոյ փորձեց ծառն ի վեր ելլել: Բայց որովհետեւ մութ էր, չկրցաւ շարունակել վերելքը, եւ տուն դարձաւ: Հանգիստ չէր կրնար մնալ, քունը չէր տաներ. միշտ կը խորհէր իր ծրագրին վրայ, կրնա՞ր թէ չէ: Անհուն, տենդավառ ըղձանքով մը լեցուած էր՝ արիութեան ապացոյց մը տալու զինքը ծաղրող տղոց: Ու վճռեց: Այո՛, ի՛նչ ալ ըլլար, ինք պիտի ելլէր ծառին կատարը եւ թռուցիկը վար պիտի առնէր:

Հետեւեալ իրիկուն, երբ դպրոցէ դարձին տղաքը նորէն հաւաքուած էին սօսիին շուրջ, Մակար ալ հոն կը գտնուէր արդէն: Ամէն տղայ կարծիք մը կը յայտնէր, բան մը կ՚ըսէր, բայց ամէնքն ալ յուսահատած էին թռուցիկը ազատելէ: Այդ պահուն Մակար մօտեցաւ ծառին: Ամէնքը մէկ սկսան քրքջալ բարձրաձայն, եւ նորէն ծաղրեցին Մակարը: Ի՜նչ, անո՞ր էր մնացեր ծառին վրայ ելլելու փորձը ընել: Արհամարհելու կարգը Մակարինն էր հիմա. առանց ուշադրութիւն ընելու այդ անպիտան ծաղրերուն, ամուր մը փարեցաւ ծառին, եւ իր բոլոր ճիգերը ժողված, սկսաւ մագլցիլ սօսիէն վեր: Բարձրացաւ, բարձրացաւ մինչեւ կատարը, սողոսկելով սաղարթներուն մէջէն եւ մինչ տղաքը՝ զարմացած ու ապշահար վեր կը նայէին, մեղմիւ առաւ թռուցիկն իր տեղէն, եւ անոր կապուած առասանը մատներուն մէջէն սահեցնելով, թող տուաւ որ ան իջնէ։ Թռուցիկին ետեւէն, ինք ալ մեծ ուշադրութեամբ սկսաւ վար իջնել նորէն: Քիչ ետք ոտքը հողին վրայ կը դնէր արդէն:

Եւ այն տղեկը որ քիչ առաջ կ՚արհամարհուէր, կը ծաղրուէր, հիմա, հակառակը, պզտիկ հերոս մը եղած, ջերմ խանդավառութեան առարկայ դարձած էր: Ամէն տղայ մեծ գուրգուրանքով, մեծ սիրով կը վարուէր հետը, եւ եթէ մէկ քանի չարեր կը նախանձէին, անոնք ալ լուռ կը մնային:

«Ծաղիկ» 1908, թիւ 2

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 27, 2026