ԱՐՄԵՆԻԱ ԵՒ ՈՒՐԱՐՏՈՒ

«Ուրարտու» կամ «Արարատ»՝ դասական հայերէնով Հայաստեանի Այրարատեան թագաւորութիւնը, անունը կ՚երեւի առաւելաբար սեմական լեզուներու աղբիւրներու մէջ (Ասրեստանի լեզուներ, եբրայերէն, եւ այլն), իսկ «Արմենիա» անունը՝ դասական հայերէնով «Արմիք», «Արամեանք», «Արամազնեայք» կ՚երեւի առաւելաբար հնդեւրոպական լեզուներու աղբիւրներուն մէջ՝ պարսիկ, պահլաւ, յոյն եւ լատին, մինչ հնդեւրոպական վաղագոյն աղբիւր՝ հիթիթական արձանագրութիւնները՝ Ք.Ա. երկրորդ հազարամեակ, Հայ երկիրը կը յիշատակեն «Հայասա» անունով (դասական հայերէնով. «Հայք»)։

Ուրարտու եւ Արմենիա զոյգ անունները երբեք չեն յիշատակուած միեւնոյն որեւէ լեզուի մէջ։ Օտար հեղինակները եւ անոնց հետեւողութեամբ հայերն ալ, կը խաղան Հայ երկրի պատմութեան զանազան աղբիւրներու կողմէ յիշատակուած անուններով, այն ալ՝ քսանհինգ դարեր ետք միայն։ Կը յաւակնին, թէ Հայաստանի բնակչութիւնը եւ պետութիւնը փոխուեր են Ք.Ա. 6-րդ դարուն, իբր թէ Ուրարտուի յաջորդեր է Արմենիան։ Այդ մտամարզանքները ամենեւին կապ չունին Հայաստանի իսկութեան հետ։ Մեզի բնաւ չ՚ազդեր այն պարագան, թէ օտարները ի՛նչ անունի տակ կը ճանչնան հայոց երկիրը։ Ոչ մէկ արձանագրութիւն կայ այն մասին, թէ «Արմէններ»ը յաջորդած են այսպէս կոչուած ուրարտացիներուն, կամ թէ Ուրարտու անուն պետութիւն մը անհետացած է Ք.Ա. 6-րդ դարուն։

Արդ, այն ի՛նչ որ անհետացած է Ք. Ա. 7-րդ դարու վերջին՝ Ասորեստանի աշխարհակալ տիրապետութիւնն է, եւ Ասորեստանի անկումին զուգահեռ չքացած է տիրապետութիւնը իր լեզուին, որուն արձանագրութիւններու մէջ «Հայաստան»ը կը յիշատակուէր իբրեւ Ուրարտու։ Ուրարտուն չէ անհետացած. ան մնացած է միեւնոյն «Հայաստան»ը։

Պարսիկ պետութեան հզօրացումով Ք.Ա. 6-րդ դարուն, բնաւ զուգադիպութիւն չէ՛, որ, այդ դարուն սկսած է, առաւել գործածական դառնալ, հայոց ցեղակից պարսիկներուն մօտէն ծանօթ եղող Հայաստանի ընդհանրական «Արմենիա» անունը։ Իսկ ասորեստանցիները եւ եբրայեցիները, նկատի ունենալով գլխաւորաբար Հայոց Այրարատեան թագաւորութիւնը եւ Հայոց Այրարատ նահանգին մէջ գտնուող Մեծ եւ Փոքր Մասիսները՝ «Ուրարտու» եւ «Արարատ» անուանաձեւերը գործածած են իրենց պատմական աղբիւրներուն մէջ։ Գալով բաբելացիներուն՝ անոնք Հայաստանը նշած են իբրեւ «Ուրաշտու»՝ հայոց Ռշտունեաց գաւառի անունով։

«Ուրարտու» անուանաձեւը անգիտացուած էր մինչեւ որ 19-րդ դարու սեպագրագէտները զայն մէջտեղ նետեցին իբրեւ ենթադրեալ նախորդողը «Արմենիա»յի։ Հարկ է նշել, որ «Հայք», «Հայաստան» անուանաձեւերն ալ հազուադէպօրէն յիշատակուած են նախքան Հայ գիրերու գիւտը 5-րդ դարուն։ Միթէ այդ կը նշանակէ՞, թէ Հայաստան ծնունդ առաւ այդ գիւտին հետ՝ այդ դարուն։ Պէտք է աւելցնել, որ «Ուրարտու» (Արարատ) անունը նորութիւն մը չէր։ Ան արդէն յիշատակուած էր Ասորեստանի ժամանակակից եբրայերէն Հին կտակարանին մէջ, սեմական լեզուներու գրութեան մէջ կարճ ձայնաւորները սղուած են, նոյն բառը կրնայ կարդացուիլ իբր «Արարատ», «Ուրարատ», «Ուրարտու» եւ այլն։

Հին, յոյն եւ լատին մատենագրութիւնները կը վկայեն, թէ «Ուրարտու» (Արարատ) եւ «Արմենիա» նոյն Հայաստանն են։ Քրիստոսէ դարե՜ր առաջ, ինչպէս նաեւ շատ դարեր ետք, եբրայերէնի եւ ասորերէնի մէջ յիշատակուած «Ուրարտու» (Արարատ) անունը թարգմանուեր է իբր «Արմենիա» յունարէնի եւ լատիներէնի մէջ։

Լատիներէն լեզուի որեւէ բառարանի մէջ չէք գտներ «Արարատ» կամ «Ուրարտու» գործածուած Հայաստանի համար…

- Հատուածներ՝ քաղուած Սահակ Պալըգճեանի նոյն խորագրով յօդուածէն, փետրուար 1990, Ռիօ տէ Ժանէյրօ։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 28, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 29, 2026