Ուրբաթ 30, Յունուար 2026
ՆԱԽԱՐԱՐ ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆԻ ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ՀԻՒՐԵՐԸ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ ընդունեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմ Պարաքը, որ Սուրիոյ հարցերով ԱՄՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչն է։ Ֆիտան այսօր ալ կը հիւրընկալէ Իրանի պաշտօնակիցը՝ Ապպաս Արաղչին, որ Անգարա այցելելու ընդառաջ խօսեցաւ Եւրոմիութեան ռազմավարական սխալներուն մասին։
Ուրբաթ, Յունուար 30, 2026