ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Աշխարհի վրայ շատ շատեր գիտութեան, մշակոյթին, տնտեսութեան եւ այլ արժէքներու զարգացումը կը դիտեն որպէս քաղաքակրթութեան զարգացում. այդ զարգացումը շատեր անհրաժեշտ կը նկատեն, որովհետեւ ժամանակը իր հետ կը փոխէ մտածելակերպը, արժէքները եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու համար անհրաժեշտ է զարգացումը։ Անշուշտ, իւրաքանչիւր անձի, իւրաքանչիւր ազգի համար այդ զարգացումն ու զարգացման ձեւերը մի՛շտ ալ եղած են տարբեր եւ այդ տարբերութեան մէջ կարելի է գտնել այլազան համոզումներ, որոնք մարդուն մէջ առաջ կը բերեն տարբեր հարցադրումներ. քաղաքակրթութիւնները կը յառաջդիմե՞ն՝ թէ կը նահանջեն: 

Այս հարցումին պատասխանը իւրաքանչիւրիս համար կրնայ տարբեր ըլլալ։ Մեր թուականէն 77 տարիներ առաջ, սպանացի փիլիսոփայ ու քննադատ Մարքել տէ Քորթէ հրատարակեց «Քաղաքականութեան վախճանը» (Ensayo sobre el fin de nuestra civilización) խորագրեալ գիրք մը, որուն մէջ այս կապակցութեամբ իր կարծիքը յայտնելով հեղինակը կ՚ըսէր. «Ժամանակից մարդը կը շարունակէ զարգանալով յառաջանալ դէպի աղէտ։ Քաղաքակրթութիւնները մարդոց պէս կը մեռնին՝ որպէսզի իրենց տեղը ուրիշին զիջին եւ այդ ուրիշը անծանօթ է մեզի՝ ինչպէս նոր ծնող մանուկին դէմքը»: Վերլուծելու արժանի հարց մըն է, թէ ինչո՞ւ համար հեղինակը քաղաքակրթութեան զարգացումը «աղէտ» կը կոչէ։ Ժամանակի եւ աշխարհի զարգացման հետ միատեղ, մարդ արարածին կեանքը դիւրանալու եւ շատ աւելի հանգիստ դառնալու փոխարէն՝ դէպի տագնապ, դէպի տառապանք կ՚առաջնորդուի։ Զարգացող քաղաքակրթութիւնը մարդը հանգստացնելու փոխարէն՝ զինք աւելիով տառապանքի կ՚առաջնորդէ՝ աղքատը օրէ օր աւելի աղքատութեան, իսկ հարուստը շատ աւելիին առաջնորդելով։ Քաղաքակրթութեան զարգացումը մարդոց միջեւ հաւասարութիւն հաստատելու փոխարէն՝ անհաւասարութիւն կը ստեղծէ։ Ֆրանսացի յայտնի մանկավարժ Ժան Ժաք Ռուսօ կ՚ըսէ. «Քաղաքակրթութիւնը մարդը կը հեռացնէ իր բնական վիճակէն եւ անհաւասարութիւն կը ստեղծէ»: Իւրաքանչիւր քաղաքակրթութիւն ունի հիմքեր. ինչպէս օրինակ՝ ազգի մը սրբազան արժէքները, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, հաւատալիքները, ընկերային կեանքը. զարգացող արդի քաղաքակրթութիւնը որպէս «նորոգութիւն» մէկ առ մէկ կը քանդէ այդ հիմնասիւները, այն սրբազան արժէքները, որոնք մարդուն արժանապատուութեան արեւելքը կը նկատուէր՝ կ՚առաջնորդուի դէպի մայրամուտ։ Պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնները կամաց կամաց կը կորսնցնեն իրենց արժէքը եւ ժամանակակից եւ աւանդական արժէքներուն միջեւ սկիզբ կ՚առնէ հակամարտութիւն մը. կրօնական հաստատութիւնները իրենց սրբազան արժէքը կը կորսնցնեն, ընտանիքի սրբազան գաղափարը կամաց կամաց կը ցնդի. մարդ արարածի կեանքին մէջ կ՚աւելնան մարտահրաւէրները, որոնց դիմաց շատ շատեր կը յուսահատին. ստեղծագործական միտքը կամաց կամաց կը նահանջէ… եւ այսպէս կարելի է շարքը երկարել: 

Մարդ կ՚ապրի ու կը տառապի՝ որպէսզի քաղաքակրթութիւն ստեղծէ, սակայն, միւս կողմէ, օրէ օր կը տեսնէ իր իսկ ստեղծած քաղաքակրթութեան բացասական ազդեցութիւնները։ Ի դէպ, այստեղ աւելորդ կը նկատենք «ստեղծել» բառը, որովհետեւ մարդ տառապի թէ ոչ՝ նոյնիսկ իր անգործութեանը մէջ քաղաքակրթութիւն մը կը ստեղծուի։ Մարդուն տառապանքն ու պայքարը աւելի լաւը, աւելի բարձրը ստեղծելու մարդկային ձգտումն է, որովհետեւ քաղաքակրթութիւններու լոյսին տակ է, որ ապագայ սերունդները պիտի յառաջանան։ Մարդոց ստեղծած քաղաքակրթութիւնները թէ՛ ներկային եւ թէ ապագային կը պատկանին, որովհետեւ այսօրուանը վաղուան հիմքը պիտի հանդիսանայ՝ հակառակ անոր, որ լաւապէս տեղեակ է մարդ արարածը, որ իր այսօրուան արժէքը վաղուան «անարժէք» մէկ «արժէք»ը կրնայ դառնալ: 

Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք մարդկային պատմութեան ընթացքին ծնած ու մեռած բոլոր քաղաքակրթութիւնները՝ այդտեղ հասարակաց նոյն գիծերը պիտի գտնենք. ընտանիք, հաւատաք, մշակոյթ եւ ինքնութիւն, որովհետեւ ամէ՛ն ազգ իր քաղաքակրթութիւնը կը ստեղծէ նախ ընտանիքին մէջ, ապա որպէս հաւաքականութիւն, ազգ դառնալով՝ կ՚ունենայ իր դիմագիծը, սովորութիւններն ու ըմբռնումները: Հասարակաց գիծերը՝ որպէս արմատ նոյնն են, սակայն, բովանդակութեամբ կը տարբերին, այդ է պատճառը, որ մարդկութիւնը չունի մէկ քաղաքակրթութիւն (թէեւ համաշխարհայնացման հիմնական նպատակներէն մէկն ալ գուցէ այդ է)։ Եթէ քաղաքակրթութիւնը մարդուն երեւոյթներուն, դէպքերուն եւ արժէքներուն հանդէպ ունեցած արտայայտչաձեւէն ծնունդ կ՚առնէ, ապա անոնք մի՛շտ ալ պիտի ըլլան տարբեր:

Այս բոլորին մէջ, սակայն, մեզ մտահոգողը հետեւեալն է. ամէ՛ն օր մարդկային քաղաքակրթութիւնը իր արժէքները կը կորսնցնէ եւ մարդկային կեանքի մէջ կորսուած արժէք մը յաւիտենական մահուան դատապարտուած կը նկատուի։ Հին քաղաքակրթութիւններուն մէջ կային բազմաթի՜ւ արժէքներ, որոնք այսօր գոյութիւն չունին։ Մեր ներկայ քաղաքակրթութեան մէջ կան բազմաթի՜ւ արժէքներ, որոնք վաղը գոյութիւն պիտի չունենան։ Այդ անհետացող արժէքները մարդկային կեանքին ու քաղաքակրթութեան մէջ դարձեալ վերադարձնելը գրեթէ անհնար է։ Հիները իրենց ունեցած արժէքները ամբողջական ձեւով չեն կրնար փոխանցել նորերուն եւ նորերը իրենց կարգին հիները ժամանակավրէպ նկատելով՝ նորերը կը ստեղծեն՝ ամբողջութեամբ հինէն հեռու: Օրէ օր կը փոխուին մարդու մտածումները. այսօր տարբեր է մեր կրօնին, արուեստին, գրականութեան, գիտութեան, սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն հանդէպ ունեցած մեր ըմբռնումները. տարբեր է մեր գոյութեան ըմբռնումը. հինն ու նորը իրար կը խառնենք ու կը ստեղծենք ամբողջութեամբ տարբեր նոր մը՝ որ ո՛չ մեր նախորդ նորին եւ ո՛չ ալ անցեալինին արժէքն ու ըմբռնումը ունի:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Եթէ Հայաստանի խնդիր չկայ, ազգութեան խնդիրն ալ կը դադրի գոյութիւն ունենալէ: Ուրիշ պետութիւններու համար հայկական խնդիրը միջանկեալ խնդիր է, իսկ մեզ համար Հայաստանի գոյութեան հարց է: Անկախ մեր քաղաքական դաւանանքներէն՝ դաշնակցական, հնչակեան, ռամկավար, ինչ ալ ըլլայ, յարգելի եւ ոչ յարգելի, ամէն խնդրոյ շուրջ կարելի է վէճ ունենալ, բայց Հայաստանի հանդէպ ոչ: Ոչ մէկ տարակարծութիւն ասոր շուրջ, Հայաստանը պէտք է ըլլայ շէն, կազմակերպուած, գիտակից ազգային պարտականութեանց, ու պէտք է ընենք ամէն հնարաւորը, Հայաստանը իրապէս Հայաստան դարձնելու համար: Ընդհանուրի սկզբունքը պէտք է ըլլայ ասիկա, քանի որ մեր ապագայ հնարաւորութիւնը միայն Հայաստանն է եւ առանց անոր մենք ոչինչ ենք:

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 30, 2026