ՉԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ չարախօսութիւնները աւերիչ ազդեցութիւններ կը գործեն մարդուն թէ՛ անհատական ներքին կեանքին, թէ՛ հաւաքական արտաքին կեանքին մէջ։ Ուրեմն, պէտք է ամենէն առաջ զգուշանալ մա՛նաւանդ բանակրկիտ անձերու խառնակիչ ազդեցութենէն, սաստիկ զգուշանալ այդ վերջին վատ դերը ուղղակի կամ անուղղակի, կամաւ թէ ակամայ ինքն իր անձին վրայ փորձելու։
Արդարեւ, այսպիսի չարախօսութիւններու եւ մանաւանդ բամբասանքներու ամենէն գործնական եւ անմիջական դարմանն է՝ առանց ժամանակ կորսնցնելու արհամարհել բանակրկիտ եւ բամբասող անձը՝ եւ ուղղակի՛ բամբասողէն բացատրութիւն պահանջել, եւ պիտի տեսնուի, որ ամենամեծ, ամենածանր թիւրիմացութիւններ կը շտկուին այդ համարձակ եւ թէ քաջութիւն եւ անկեղծութիւն պահանջող քայլին շնորհիւ. թիւրիմացութիւններ՝ որոնք շատ յաճախ մարդոց դժուարութիւններու եւ խանգարումներուն պատճառ կ՚ըլլան։
Ուստի, Քրիստոսի բոլոր «վայե՜ր»ը (ՄԱՏԹ. ԻԳ 13-36) այդպիսի չարախօս կեղծաւորներու վրայ են. այդպիսիներ կը հաւասարին այն ստորին մակդիրներուն՝ որոնք գործածուած է անոնց դէմ Ս. Աւետարանին մէջ եւ որոնց առջեւ սրբութիւնը եւ մարգարիտը նետելու պիտի վախնայ ամէն ուղղամիտ մարդ։
Այնպիսիներն են Քրիստոսի յիշած այն չարախօսները՝ ստախօսները եւ կեղծաւորները՝ որոնք մարդոց կու գան «ոչխարի հագուստ»ով, իբրեւ թէ անոնց օգուտը ուզելու համար՝ ուրիշը չարախօսելով եւ, սակայն, ներսէն յափշտակող քայլեր են անոնք։ Փուշեր են անոնք՝ որոնցմէ խաղող չի կթուիր, տատասկներ են անոնք՝ որոնցմէ թուզ կարելի չէ՛ քաղել։
Անոնց «պտուղ»էն ճանչցէք զիրենք, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս Քրիստոս, այսինքն իրենց՝ ձեզի բերած բամբասանքի խօսքերուն ստորին աստիճանէն դատեցէք անոնց նկարագիրը՝ աննկարագիր անձնաւորութիւնը մանաւանդ։ Զգուշանալ անհրաժե՛շտ է անոնցմէ, քանի որ «անոնք պիտի կտրուին եւ կրակը պիտի նետուին» իբրեւ մարդկութեան «վնասակար չորցած անպիտանի ճիւղեր», եւ ինչպէս կը զգուշացնէ մեզ Յիսուս Քրիստոս մեր Տէրը։ Այլապէս պէտք է զգուշանալ՝ որ մի՛ գուցէ բարեմիտներն ալ իրենց հետ չչորցնեն եւ կրակը նետեն, ո՜րքան ալ «բարեպաշտ» ձեւացնեն իրենք զիրենք, ո՜րքան ալ իմաստուն, անոնց կեանքը եւ ապրելակերպը դէպի կորուստ կը տանի զիրենք։
Հետեւաբար, պէտք է խցել մեր ականջները այդ խեղճ եւ թշուառ անձերու բերած տմարդի բամբասանքներուն, չարախօսութիւններուն, եւ ուղղակի՛ կտրուկ կերպով մեր ընկերոջ հետ մեր խնդիրը կարգադրենք. անշուշտ, եթէ պատասխանէ, փոխադարձապէս լաւատես եւ անկեղծ ըլլալով իրարու նկատմամբ, առանց կասկածամտութեան, անկեղծապէս խորհելով անոր բարիքը եւ օգուտը՝ ուրախ ըլլալով անոր յաջողութիւններուն, լաւ վիճակին եւ երջանկութեանը համար, ատով մենք ալ յաջող եւ երջանիկ կ՚ըլլանք եւ արդար իրաւունքը կ՚ունենանք ընդունելու փոխադարձը՝ փոխանակ չարախօսութեան եւ բամբասանքի…
Եւ ո՜րքան երանելի է երկայնամիտ եւ բարեհամբոյր սէրը. անկեղծ ճշմարիտ սէրը, աննախանձ եւ ինքնագոհ սէրը, ինքնագիտակից խոնարհ, համեստ, անխառն փափկանկատ եւ պաղարիւն սէրը եւ բարեացակամութեան սէրը…
Սէր. զուտ եւ հարազատ սէր՝ որ դժբախտաբար կը պակսի այսօր շատերէ, այսինքն՝ սէր մը անկեղծ, որ ընկերին չարիքը չ՚ուզեր, որ անոր դէմ եղած անիրաւութիւններու, զրպարտութիւններու վրայ չի խնդար, չ՚ուրախանար, չի համաձայնիր, այլ կը պաշտպանէ ընկերը. այլապէս կ՚ուրախանայ անոր վրայ ստոյգ՝ իրական եւ օգտակար բարեմասնութիւններ եւ բարեմաղթանքներ լսելով եւ տեսնելով, այդպիսի «սէր» մը իրաւունք կ՚ունենայ «առաջին պտուղ»ը վայելելու։ Այսինքն փոխադարձապէս ինքն ալ սիրուելու, իրաւունք եւ արժանիք կ՚ունենայ սէր գտնելու անկէ՝ որուն վրայ ունէր այդ բարի եւ անկեղծ զգացումը, եւ երբ այդ բոլորը գործնականի կը վերածէ՝ աշխատելու եւ ընելու ընկերին համար բարիք եւ զոհողութիւն, այն ատեն իրաւունք եւ արժանիք կ՚ունենայ փոխադարձապէս անոր զոհողութիւնը եւ աշխատութիւնը ընդունելու։
Եւ յաճախ հարցման առարկայ կ՚ըլլայ՝ քանակը՞ թէ որակը կարեւոր է մարդկային որեւէ գործի մէջ։ Այս հարցումը, արդարեւ կարելի է հարցնել բարեկամութեան համար, թէ՝ հաստատ, իրական բարեկամութեան մը համար տարիներու քանակը՞ թէ՝ անձերու որակը՝ անկեղծութիւնը, անշահախնդիր սէրը, բարձր նկարագիրը ազդու դեր կը խաղան։ Զոր օրինակ, 50-60 տարուան ընկերներ իրապէս բարեկա՞մ են, թէ՝ քիչ ժամանակամիջոցի մը մէջ ծանօթացած, բայց, բարձր նկարագրի տէր, անկեղծ սիրով իրարու կապուած անձեր… կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այս մասին տարիները որեւէ ազդեցութիւն չունին, այլ՝ մաքուր, անկեղծ սիրտերը եւ անկէ բխած ճշմարիտ սէ՛րը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 9, 2026, Իսթանպուլ