ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որով բոլորը լիուլի ապրեցան Բարեկենդանի ոգեւորութիւնը։ Տղաքը տողանցեցին մասնաւոր տարազներով, իսկ նախակրթարանի փոքրիկները մասնակցեցան զանազան մրցումներու՝ ըստ իրենց մակարդակի։ Իսկ տղոց խմբերգները արդէն բազմապատկեցին ստեղծուած խանդավառութիւնը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026