ԱԿՆԱՐԿ - 155 - ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒՂՂԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Վերջերս Հայաստանէ ներս մեծ աղմուկ բարձրացաւ Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառութեան մասին: Աղմուկի բարձրանալուն պատճառը կարգալոյծ եղած նախկին եպիսկոպոս Սարոյեանի մէկ անհիմն յայտարարութիւնն էր, ուր կը փորձէ բացատրել, կամ աւելի ճիշդ համոզել, թէ Ռուսաստանի մէջ մեր եկեղեցիներէն մէկուն ցուցատախտակին վրայ Հայ Առաքելական Ուղղափառ Եկեղեցի արձանագրուած է, ինչ որ մեր Եկեղեցւոյ պաշտօական անուանումը չէ, աւելին՝ այսպիսով փորձ կը կատարուի Հայ Եկեղեցին ենթակայացնելու Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիին:
Բնականաբար նման մանկական, անհիմն եւ տարրական տրամաբանութենէ զուրկ մտածում, միայն Եկեղեցւոյ պատմութեան՝ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան անգիտակ մէկը կրնայ ունենալ: Այստեղ, սակայն, այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու նպատակադրուած կատարուած արտայայտութիւն, կամ յայտարարութիւն, որով տուեալ անձը իրեն տրուած յստակ պարտականութիւն մը, աւելի ճիշդ ՀՐԱՄԱՆ մը կը կատարէ…: Նպատակը, այստեղ, ո՛չ թէ Եկեղեցւոյ պաշտօնական անուանումը կամ չանուանումն է, այլ՝ աւելին, նպատակը Հայ Եկեղեցին ինչքան կարելի է հեղինակազրկել, չէզոքացնել, նսեմացնել անոր դարերէն մեզի աւանդ մնացած կարեւոր եւ գործնական դերակատարութիւնը մեր ազգի ու ժողովուրդի կեանքէն ներս:
Անդին, նման յայտարարութիւններով, այս բոլորին ետին կանգնած գերագոյն խաղացողը վարպետօրէն կը խաղայ, տգիտութեան կողքին ատելութիւն, անհանդուրժողութիւն եւ թշնամութիւն սերմանելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ: Իսկ, այս կարգալոյծ հռչակուած եպիսկոպոսն ու միւսները, որպէս նոր իմն Օրէնքի Ուսուցիչներ ու Փարիսեցիներ, պիղատոներու մօտ երթալով կը փորձեն Հայ Եկեղեցին «բարեկարգել», ուղղակի կամ անուղղակիօրէն անգիտանալով, թէ նման քայլի մը հետեւանքը ճի՛շդ է, որ խաչելութիւնն ու թաղումն է, սակայն, խաչելութենէն ու թաղումէն ետք հրաշափառ յարութիւնն է: Այս մարդիկ գոնէ մէկ անգամ եթէ հասկնալով կարդացած ըլլային Աստուածաշունչը եւ յատկապէս Տէր Յիսուսի մատնութեան, չարչարանքներու, խաչելութեան, թաղումին եւ հրաշափառ յարութեան դրուագները, ապա իրենց գլուխները կախ չէին ենթարկուեր զիրենք խամաճիկի ու ճատրակի քարերու նման խաղցնողին: Ըսուածը այն է, որ այս մարդիկ ելած են Հայ Եկեղեցին «բարեկարգելու» առանց Քրիստոսի: Պահ մը ուշադրութեամբ սերտեցէք անոնց խօսոյթն ու յայտարարութիւնները, Քրիստոս բացակայ է, իսկ եթէ տեղ-տեղ ներկայ է, ապա որովհետեւ իրենց խօսքին համար անհրաժեշտ է յիշատակելը… Կարծէք Հայ Եկեղեցին Քրիստոսէ անկախ կառոյց մըն է, որ առանձինն կը գործէ…:
Աւելի չերկարելու համար անցնինք Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառութեան հարցին: Կ՚աղմկեն շատեր, յատկապէս գործող իշխանութիւններու որոշ ներկայացուցիչներ եւ անոնց մանկլաւիկները հանդիսացող անհատներ, թէ փորձ կը կատարուի մեզ քաղկեդոնականցնելու, Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հպատակեցնելու, եւ այլն, թէ մեր Եկեղեցւոյ պաշտօնական անուանումը Հայ Առաքելական Եկեղեցի է, եւ այլն: Այո՛, մեր Եկեղեցւոյ պաշտօնական անուանումը ա՛յդ է, սակայն, պաշտօնական անուանումը ո՛չինչ է, այդ անուանումին ետին չկայ ուղղափառութիւնը, որ գլխաւոր պատճառն է այդ անուանումին:
Առաքելական՝ կը նշանակէ առաքեալներուն հետեւող:
Ուղղափառ՝ կը նշանակէ ուղիղ, ճիշդ, ճշմարիտ հաւատք:
Առաքեալները ճշմարիտ, ուղիղ՝ ուղղափառ հաւատքը ստացան Քրիստոսէ եւ աշխարհով մէկ քարոզեցին զայն: Մենք այն երանեալ ժողովուրդներէն մէկն ենք, որ այդ ուղղափառ հաւատքի քարոզութիւնը ուղղակիօրէն ստացանք Քրիստոսի անմիջական առաքեալներէն՝ Սուրբ Թադէոսէ եւ Սուրբ Բարթուղիմէոսէ: Հետեւաբար, երբ այսօր մենք մեզ կը կոչենք Հայ Առաքեալական Ուղղափառ Եկեղեցի, ատով մեր վկայութիւնը կու տանք այն բացարձակ ճշմարտութեան, թէ մենք կրողներն ու շարունակողներն ենք Քրիստոսի ճշմարիտ հաւատքին:
Մեր Եկեղեցին սկիզբէն ի վեր մաս կազմած է Ընդհանրական Եկեղեցւոյ, որ հինգերորդ դարուն ինչ-ինչ պայմաններու բերումով բաժնուած է, եւ յառաջացած են մի քանի ընտանիքներ: Մեր Եկեղեցին այդ ընտանիքներէն Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներուն (Oriental Orthodox Churches) կը պատկանի, որ իր մէջ կ՚ընդգրկէ հետեւեալ եկեղեցիները՝ իրենց պաշտօնական անուանումներով.
- Հայ Առաքելական Եկեղեցին (Armenian Apostolic Church)։
- Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցին (Coptic Orthodox Church of Alexandria)։
- Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցին (Syriac Orthodox Patriarchate of Antioch and All the East)։
- Մալանքար Ուղղափառ Եկեղեցին (The Malankara (Indian) Syrian Orthodox Church)։
- Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցին (Ethio-pian Orthodox Tewahedo Church)։
- Էրիթրէի Ուղղափառ Եկեղեցին (Eritrean Orthodox Tewahedo Church):
Ասոնք, ինչպէս նշեցի տուեալ եկեղեցիներու պաշտօնական անուանումներն են: Հիմա հարցում. ինչո՞ւ Արեւելեան Ուղղափառ ընտանիքի միւս բոլոր եկեղեցիները ՈՒՂՂԱՓԱՌ անուանումը ունին, իսկ մենք ո՛չ: Բնական չէ, որ պատմութեան հոլովոյթներու ընթացքին, ինչ-ինչ պատճառներով ՈՒՂՂԱՓԱՌ անուանելէ զերծ մնացած են մեր հայրերը, որովհետեւ ինչպէս գիտենք, մեր Եկեղեցին միշտ հալածանքներու ենթարկուած է, եւ մեր իմաստուն հայրերն ու հայրապետները փորձած են լաւագոյն ձեւով կառավարել մեր Եկեղեցին, որպէսզի ան պահէ իր անկախութիւնը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելականութեան եւ մանաւանդ ուղղափառութեան: Տակաւին, եթէ խնդիրին այլ դիտանկիւնէ մօտենանք, կրնայ ըլլալ նաեւ այդ անուանումը չէ շեշտուած, որովհետեւ կարիք չէ՛ եղած շեշտելու, որովհետեւ անուանումէ աւելի ՈՒՂՂԱՓԱՌՈՒԹԻՒՆը կենսակերպ է, առանց որուն եկեղեցի մը կը դադրի եկեղեցի ըլլալէ:
Միւս կողմէ, եթէ պահ մը մտածենք կարգալոյծ Սարոյանի տրամաբանութեամբ, ապա անմիջապէս պէտք է տուեալ եկեղեցիներու Սրբազան Գահակալները կարգալոյծ հռչակուին եւ բանադրուին, որովհետեւ ՈՒՂՂԱՓԱՌ անուանումը պահած են եւ իրենք զիրենք եւ իրենց խնամքին յանձնուած հաւատացեալները որեւէ մէկ քաղկեդոնական ուղղափառ եկեղեցւոյ ենթակայութեան տակ դրած են: Ողորմելի տգիտութիւն:
Ինչ կը վերաբերի Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի Ներսոյեան Սրբազանին ուղղած գիրին կամ նամակներուն, ապա այդ մէկը պէտք չէ բերանի ծամոնի վերածած մէջտեղ նետել, առանց լաւապէս ուսումնասիրելու եւ քննելու այդ գիրին ու նամակներուն տեղ տուող պատճառները (ինչը մեր այս յօդուածի ծիրէն դուրս կը մնայ):
Վերը նշեցինք, թէ առանց ուղղափառութեան եկեղեցի մը չի՛ կրնար գոյատեւել: Հետեւեալ մէջբերումը զետեղեմ ու աւարտեմ այսօրուան գրութիւնս:
«Հարցում. Ո՞րն է տասներորդ աստիճանն, եւ ո՞վ ըսաւ:
Պատասխան. Տասներորդ աստիճանն է այս. «Ի սուրբ կաթուղիկէ եկեղեցի»: Եւ այս ըսաւ Սիմոն կանանացին:
Հարցում. Մեկնէ՛ որ իմանամ:
Պատասխան. Ես կը հաւատամ ի սուրբ կաթուղիկէ եկեղեցին: Բայց իմացիր, որ կաթուղիկէ եկեղեցին՝ չէ այս քարաշէն եւ փայտաշէն եկեղեցին, որ կ՚ըսուի նիւթական եկեղեցի. այլ ամենայն քրիստոնէից ժողովն է, որ կ՚ըսուի զինուորեալ եկեղեցի: Որ ամէնքն ի միասին մէկ մարմին են միոյ գլխոյ. եւ այն գլուխն է Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս. եւ մէկ հաւատք, մէկ մկրտութիւն, եւ մէկ սրբարար շնորհք ունին եւ ամէնքն միմիեանց հետ հաղորդութիւն կ՚ընեն աղօթքով եւ բարի գործով: Ուստի կ՚աղօթեմք յարեւագալի ժամուն՝ ըսելով. Յարեւելից մինչեւ յարեւմուտս ընդ ամենայն տեղիս քրիստոնէութեան, ուր եւ կարդան զանուն Տեառն սրբութեամբ. Տէր աղօթիւք նոցա եւ բարեխօսութեամբն մեզ ողորմեսցի: Եւ այս ՈՒՂՂԱՓԱՌ [մատնանշումը մե՛րն է] եկեղեցին ունի այս չորս արտաքին նշանս, այսինքն՝ մի, սուրբ, կաթուղիկէ եւ առաքելական: Ինչպէ կը քարոզէ եկեղեցին. Աղաչեսցուք զամենակալն Աստուած, վասն միայնոյ, սուրբ, կաթուղիկէ եւ առաքելական եկեղեցւոյ» (Գրիգոր Վարժապետ Փէշտիմալճեան, «Քրիստոնէական Վարդապետութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» հրամանաւ Ազգային կրօնական ժողովոյ, Բ. տպագրութիւն, Կ. Պոլիս, 1861, էջ 14-15):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
9 փետրուար 2026, Վաղարշապատ