ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ
«Վախը թերահաւատութեան նշան է. թերահաւատութիւնը մենք վաղուց ենք մերժել մեզանից. թո՛ղ նրա հետ էլ վախը փախչի մեր մտքերից եւ խորհուրդներից»։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ
Ե. դարու երկրորդ մասը շատ ծանր եւ յուզումնալից ժամանակ էր հայ ազգային կեանքի համար։ Յազկերտի բռնած քաղաքականութիւնը հայ աշխարհի նկատմամբ՝ ձուլել հայ ժողովուրդը կրօնքով պարսիկներու հետ՝ օր ըստ օրէ յաջողութիւն կը գտնէր. հաւատուրացներ եւ չարագործներ կը բազմանային. ապականութիւնը վարք եւ բարքի մէջ ընդարձակ ծաւալ ստացած էր, եւ ախտերով վարակուած էին ո՛չ միայն աշխարահականներ, այլ եւ հոգեւորականներ՝ հոգեւորականութեան բարձր ներկայացուցիչներ. մծղնէութեան աղանդական շարժումը՝ որ ծագած է Ե. դարուն Միջագետի մէջ եւ տարածուած Եգիպտոս, Փոքր Ասիա, Հայաստան՝ վարդապետութիւն հիմնուած Ա.-Գ. դարերուն՝ տարածած գնոստիկեան գաղափարներ, բազմաթիւ հետեւողներով կը քանդէր տիրող Եկեղեցին ե՛ւ դաւանաբանութիւնը. եւ բարոյական կարգը մեծապէս կը նպաստէր պարսիկ քաղաքականութեան։
Եկեղեցւոյ դիրքը բարձրացնելու, չարիքները կարճելու եւ հոգեւորական դասակարգը ազնուացնելու համար 444 թուականին Յովսէփ Կաթողիկոսը (Ս. Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի. 440-452) կը գումարէ Շահապիվանի նշանաւոր ժողովը՝ որուն ներկայ էին ո՛չ միայն քսան եպիսկոպոս, նշանաւոր երէցներ, քահանաներ եւ սարկաւագներ, այլ եւ Վասակ մարզպանը, Վահան հազարապետը, Վարդան Մամիկոնեանը, Արշաւիր Կամսարականը եւ այլ բազմաթիւ նախարարներ, գաւառապետներ եւ զօրավարներ։
Ժողովի աշխարհական տարրը կը պահանջէ կրկին հաստատել Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Ս. Ներսէսի, Ս. Սահակի եւ Ս. Մաշտոցի կարգերը, եւ աւելցնել այն՝ ի՛նչ որ լա՛ւ է։ Այսպէս՝ եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու այս խառն ժողովը օրէնսդիր կը հանդիսանայ ընդհանուր ազգի համար եւ յանցանքներու համար պատիժներ եւ տուգանք կը սահմանէ։ Դրամական տուգանք կը սահմանէ ազնուականներու եւ եկեղեցականներու համար, իսկ ծեծ՝ գիւղացիներու համար։ Ժողովը խստիւ կը պատուիրէ թէ՛ աշխարհականներուն եւ թէ հոգեւորականներուն չերթալ բնաւ վհուկներու եւ կախարդներու մօտ, կ՚արգիլէ շահասիրական նպատակներով սուրբերու մասունքներ տեղափոխել եւ միամիտ ժողովուրդը խաբել։
Վերջապէս ժողովը խիստ ծանր պատիժներ կը սահմանէ մծղնէականներու համար, որոնք, ինչպէս վերի տողերուն մէջ յիշուեցաւ, իրենց թիւր վարդապետութեամբ եւ բարոյականութեամբ կը քանդէին տիրող Եկեղեցին։
Բայց այսպիսի կանոններով կեանքը բարելաւել շատ դժուար էր՝ մա՛նաւանդ, որ պարսիկներու գործունէութիւնը կար, որ ո՛չ միայն հաւատուրացութիւնը կը խրախուսուէր, այլ եւ ամուսնական ազատութիւն, որոնց դէմ իսկ աշխատեցաւ կռուիլ Շահապիվանի ժողովը։ Այս ժողովէն մի քանի տարի վերջ կատարուեցան այնպիսի խոշոր դէպքեր, որոնք մեր կեանքը հիմն ի վեր խանգարեցին. այդ դէպքերը հայ պատմութեան մէջ յայտնի են «Ա. կրօնական» կամ «Վարդանանց պատերազմ» անունով։
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ
Պարսիկներու Յազկերտ Բ. թագաւորը իր բովանդակ թագաւորութեան ժամանակ այն քաղաքականութեան կը հետեւէր, թէ՝ իր տէրութեան ապահովութեան համար անհրաժեշտ է հպատակ ազգերը ձուլել պարսիկներու հետ, եւ այն՝ կրօնական հիմքերով։ Այս ծրագիրը իրագործելու համար նախ ան կը յարձակի յունաց տէրութեան վրայ, երբ սա զբաղուած էր արեւմուտքի մէջ պատերազմով եւ համոզուելով, որ յոյները կարող չեն իր նպատակի իրագործման արգելք ըլլալ՝ ան այնուհետեւ, համարձակ, կ՚աշխատի պարսկացման ծրագիրը առաջ տանիլ, եւ կը սկսի ուղղակի՛ Հայոց աշխարհէն, որ անոր պետութեան ամենանշանաւոր մասը կը կազմէր։ Արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն յետոյ թէեւ Հայաստանը պարսիկներու հպատակ էր եւ հարկատու, բայց ներքին ազատութիւն կը վայելէր. երկիրը կը կառավարուէր հայ մարզպանով, զինուորական ուժը ամբողջապէս հայ նախարարներու ձեռքն էր, եւ քրիստոնէական Եկեղեցին բարձր դիրք գրաւած. մէկ խօսքով՝ Հայաստանը այնպիսի դրութեան մը մէջ էր, որ միացեալ ուժերով միշտ կարող էր ազատ ըլլալ պարսից տէրութենէն՝ եթէ մանաւանդ յունաց օգնութիւնը եւս ստանար։
Ահա այս վտանգաւոր դրութեան առաջքը առնելու համար՝ Յազկերտը աշխատեցաւ թէ՛ Եկեղեցիի զօրութիւնը ոչնչացնել եւ թէ նախարարները տկարացնել այլ եւ այլ խարդախ միջոցներով, եւ ժողովուրդին տնտեսականապէս ճնշելով կրօնափոխ ընել։ Ապահովուած յունաց եւ քուշանաց կողմէ՝ Յազկերտը 442-էն 449 թուականը շարունակ մասնակի հալածանքներ կը յարուցանէր քրիստոնեաներու դէմ, զանոնք կ՚արհամարհէր եւ կը բռնադատէր։
Եւ Յազկերտ այսպէս կը վարուէր ո՛չ միայն Պարսկաստանի, այլ իր բովանդակ տէրութեան քրիստոնեաներու հետ։ Ահա այս ուղղութեան հակառակ կ՚աշխատի գործել Շահապիվանի 444 թուականի ժողովը՝ մասնաւորապէս մահուան պատիժ սպառնալով հաւատուրացներուն։ Վերջապէս ժողովուրդի շահերը պաշտպանելու պատրուակով Յազկերտ Դենշապուհ իշխանը առանձին պաշտօնով Հայաստան կ՚ուղարկէ եւ կ՚աշխատի իր նպատակը իրականացնել։
Անոր առաջին գործը կ՚ըլլայ եկեղեցականներու վայելած ազատութիւնները կարճել եւ ամէնքը հարկատու դարձնել. նախարարներու միութիւնը ջլատելու համար՝ անոնք խռովեցնել իրարու հետ, դատաւորութեան իրաւունքը եկեղեցականներուն ձեռքէն առնել եւ մոգպետին՝ քրմապետին յանձնել, վերջապէս ժողովուրդին աւելի ծանր հարկեր բեռցնելով՝ անոնք հարկերով նեղել՝ որպէսզի աղքատութեան մատնուին։
Բայց հայ ժողովուրդը համբերութեամբ կը տանի այս բոլոր զրկանքները եւ կեղեքիչ հարկահանները կը գոհացնէ, որովհետեւ արքաներու արքան տակաւին անոր կրօնական համոզմունքին, անոր Եկեղեցին յայտնապէս ձեռք չէր տուած։ Եւ մօտեցաւ այս պահը։ 449 թուականին վերջերը Միհրներսեհը Յազկերտի կողմէ նամակ մը կ՚ուղարկէ հայոց նշանաւոր նախարարներուն եւ բացարձակօրէն կ՚առաջարկէ թողուլ քրիստոնէութիւնը եւ զրադաշտական վարդապետութիւնը ընդունիլ։
Այս նամակին պատասխանելու համար 450 թուականի սկիզբները հայոց իշխաններու հրաւէրով ժողով կը գումարուի Արտաշատի մէջ։ Ժողովին ներկայ կ՚ըլլան 18 եպիսկոպոս, բազմաթիւ երէցներ եւ վանականներ. իսկ հայ իշխաններէն անոնք՝ որոնք ներկայ էին եւ Շահապիվանի ժողովին, այսինքն՝ Վասակ Սիւնին, Վրիւ Խորխոռունին, Վարդան Մամիկոնեանը, Արշաւիր Կամսարականը, Վահան Ամատունին եւ ուրիշներ, ընդամէնը 18 հոգի։ Ժողովը ընդհանուր հաճութեամբ եւ ստորագրութեամբ՝ մերժողական պատասխան կ՚ուղարկէ Միհրներսեհին՝ յայտնելով պատրաստակամութիւն իրենց հաւատքի համար մինչեւ իսկ նահատակուի՛լ։
Հայոց համարձակ եւ ժխտողան պատասխանը մեծապէս կը զայրացնէ արքաներու արքան եւ անոր հրամանով անմիջապէս Պարսկաստան կը կանչուին նամակը ստորագրող հայ նշանաւոր իշխանները։
Տարակուսի մէջ կ՚իյնան հայ իշխանները՝ երթալու կամ չերթալու վերաբերութեամբ, եւ վերջապէս ուրեմն կ՚որոշեն երթալ՝ ճշմարիտ երդումը տալով հաստատուն մնալ իրենց կրօնին վրայ, անոնց կը միանան աղուաններ եւ վրացիներ։ Այսպէս ուրեմն, 450 ապրիլին հայ իշխաններ կը ներկայանան արքաներու արքային, որ կրկին բացարձակապէս կը պահանջէ անոնցմէ՝ իբրեւ հաւատարիմ եւ արդարամիտ ծառայութեան նշան զրադաշտի կրօնը ընդունիլ։
Նախարարներու լռութիւնը կը խզէ Վարդանը, որ իր պապերէն՝ Ս. Սահակ Պարթեւէն եւ ընտանիքի անդամներէն կրօնական ընտիր դաստիարակութիւն ե՛ւ կրթութիւն ստացած էր, եւ համարձակութեամբ իր կողմէ կը պատասխանէ, թէ պատրա՛ստ է մեռնիլ եւ ո՛չ երբեք իր հաւատքը ուրանալ։
Վարդանի համարձակ եւ հաստատամիտ պատասխանէն եւ Յազկերտի բարկութենէն սաստիկ խռովուած նախարարները խորհելու եւ վերջնական պատասխան տալու համար մի քանի օր կը խնդրեն՝ նկատի առնելով առաջարկուած խնդրի ծանրակշռութիւնը։ Նախարարներու խորհուրդը այս դժուար կացութենէն ազատուելու ուրիշ ելք չի գտներ, առ երեսս թագաւորի կամքը կատարել եւ ուրեմն Վարդան Մամիկոնեանը եւս կը համոզեն այս ուղղութեամբ վարուիլ եւ շարժիլ։
Մեծապէս կ՚ուրախանայ Յազկերտ, երբ նախարարներուն որոշումը կը լսէ եւ անոնք մեծամեծ ընծաներով պատուելէ յետոյ՝ շտապով Հայաստան կ՚ուղարկուին բազմաթիւ մոգերու հետ՝ պատուէր տալով մէկ տարուայ ընթացքին ամբողջ Հայաստանի դարձը գլուխ բելեր։
Մոգական՝ քուրմերու բանակը նախարարներու հետ Հայաստան կը հասնի 450 յունիս 1 թուականին, եւ կը հաստատուի Անգղ գիւղաքաղաքը։
Բայց մինչեւ այս բանակի Հայաստան հասնիլը՝ արդէն նախարարներու ուրացութեան համբաւը արդէն շատոնց հասած էր եւ ընդհանուր շփոթութիւն յառաջացուց. վիճակաւոր եպիսկոպոսները իրենց վիճակները գացած էին, քորեպիսկոպոսները՝ գիւղերը եւ աւանները, եւ կը դրդէին թէ՛ գիւղացիները եւ թէ ազատները՝ պաշտպանել Եկեղեցին իրենց հաւատուրաց իշխաններուն դէմ, կռուիլ եւ պատժել զանոնք։ Մեծապէս կը շփոթուին, կը շուարին նախարարները՝ երբ կը տեսնեն հայ ժողովուրդի եւ իրենց մերձաւորներու այս ընդդիմադիր ոգին. բայց միւս կողմէ, չեն համարձակիր իսկոյն միանալ այս զայրացած ամբոխի հետ եւ պարսիկներու դէմ ապստամբութեան դրօշ բարձրացնելով իրենց կատարած գործը՝ ժողովուրդը հանդարտեցնել։
Սակայն մոգերու ներկայութիւնը եւ անոնց անհամբեր ցանկութիւնը՝ քրիստոնէական տաճարները փակել եւ ատրուշաններ շինել՝ ժողովուրդը եւ եկեղեցականներու գրգռմունքը աւելի, առաւել եւս կը սասկացնեն, եւ այդ զայրոյթը առաջին անգամ կ՚արտայայտուի Անգղ գիւղը Ղեւոնդ երէցի ձեռքով, երբ մոգպետը փորձ մը կ՚ընէ ժողովուրդի տրամադրութիւնը հասկնալու համար։ Վասակ մարզապանը կերպով մը կ՚աշխատի այս անցքը խաղաղացնել։ Բայց հայ նախարարներէն ոմանք դէպքէն օգտուելով Վարդանը կը ստիպեն յայտնապէս ապստամբութեան դրօշ պարզել՝ կարծելով, թէ այդ ապստամբութիւնը կորստաբեր կ՚ըլլայ իրենց անձնական թշնամի Վասակի համար։
Վարդանը նախապէս կը տատանուի ապստամբելու մասին, բայց յետոյ կը յօժարի, եւ միաբան նախարարներու եւ եկեղեցականներու հետ կ՚աշխատի Վասակը եւս նոյն մտքի կողմը շահիլ։ Վասակը նոյնպէս տատանումի մէջ կը մնայ, բայց հարկէն ստիպուած կը միաբանի եկեղեցասէր իշխաններու հետ եւ կ՚որոշէ եւ կը խոստանայ «արիւն թափել քրիստոնէական հաւատքի եւ մեղքերու թողութեան համար»։
Հայ աշխարհի մեծամեծներու այս միահամուռ ուխտը մեծապէս կը քաջալերէ հայ ժողովուրդը, եւ ընդհանուր ոգեւորութենէ դրդուած հայ զօրքի մը մասը իսկոյն ատրուշան կ՚աւերէ. յանցանք մը՝ որ մեծապէս պատիժի կ՚ենթարկուէր Պարսկաստանի մէջ, այլ եւ բաւական թիւով մոգեր կը կոտորեն։ Եւ այսպէս ահա՛ սկսաւ հայոց առաջին ապստամբութիւնը։
Այնուհետեւ պարսիկներու ձեռքէն մի առ մի առնուեցան նշանաւոր բերդեր եւ կրակատները կործանուեցան։ Բայց հասկնալով գործի ծանրութիւնը, Վարդան անհրաժեշտ գտաւ յունաց, ինչպէս եւ յունաբաժին հայերու օգնութեան դիմել՝ մանաւանդ, որ պարսիկները արդէն ահագին պատրաստութեամբ աղուաններու երկրէն հայոց երկիրը մտնելու կը պատրաստուէին։
Ամբողջ հայ աշխարհի կողմէ պաղատական նամակ գրուեցաւ յունաց Թէոդոս կայսեր, որպէսզի օգնէ հայ աշխարհին։ Բայց կայսրը ճիշդ այդ ժամանակ վախճանեցաւ եւ անոր յաջորդ Մարկիանոսը, որ առանձին դեսպանութեամբ վստահեցուց Յազկերտին, թէ բնա՛ւ պիտի չօգնէ հայոց։ Անլսող գտնուեցան իրենց արենակից եւ հաւատակից հայ եղբայրներու ձայնին նաեւ յունաց բաժնի հայ իշխանները, եւ այսպէս պարսից բաժնի հայերը միմիայն իրենց ուժին եւ կարողութեան թողուցին։
Տակաւին հայ դեսպանները չէին վերադարձեր, երբ Վարդան իրեն հաւատարիմ իշխաններու հետ աղուաններու երկիրը գնաց թէ՛ իր հայրենիքը եւ թէ միանգամայն աղուաններու երկիրը պաշտպանելու համար, այստեղ ծանր հարուած մը հասցուց պարսիկներուն։ Սակայն այս յաղթութեան խնդութիւնը նսեմացաւ երբ լուր հասաւ, թէ ի՛նչպէս Վասակը ընդհանուր ուխտէն հեռանալով եւ իրեն կողմէ գրաւելով նաեւ նշանաւոր նախարարներ՝ պարսիկներու հետ միացած է, եկեղեցիներ կողոպտած, քահանաներ բանտարկած եւ հայոց բերդերը պարսիկներու յանձնած։
Վարդանը իր զօրքով շտապեց Արարատեան աշխարհը 450 թուականի վերջերը, իսկ Վասակը քաշուեցաւ Սիւնեաց երկիր։ Իրողութիւնը եւ իրերու դրութիւնը ճշդութեամբ Յազկերտին իմացնելու եւ գործը խաղաղութեամբ եւ հաշտութեամբ վերջացնելու համար՝ Վարդանանք նշանաւոր պարսիկ մը ուղարկեցին Պարսկաստան՝ երկրի խռովութեան բովանդակ պատճառը Վասակին վրայ ձգելով։ Միւս կողմէ, Վասակ եւս պատգամաւոր ուղարկեց՝ բոլոր անյաջողութիւններու պատճառ՝ եկեղեցական դասը համարելով։
Յազկերտ, հասկնալով երկրի վիճակը՝ թողութեան հրովարտակ հանեց, կրօնի կատարեալ ազատութիւն շնորհեց եւ յափշտակուած կալուածները վերադարձուց։ Արքաներու արքային այս հրովարտակը իրեն կուսակից քահանաներու ձեռքով տարածեց Վասակը բովանդակ Հայաստանի մէջ՝ յորդորելով հայ գեղջուկին եւ իշխաններուն միմիայն հեռանալ Վարդանէն եւ անոր հետ չկորսուիլ։
Եւ արդարեւ, շատեր հեռացան։ Բայց շուտով պարզուեցաւ եւ հասկցուեցաւ, որ թողութեան հրովարտակը պատրանք մըն էր եւ 451 թուականի Զատկին՝ պարսիկները ապահովուած, որ յոյները հայերուն պիտի չօգնեն եւ ոչ մէկ կերպով անոնց կողքին պիտի ըլլան, մեծ բանակով հայոց երկիրը մտան։
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ. 451
Վարդանի հրաւէրի ձայնը լսելով՝ հայրենիքի եւ եկեղեցիի պաշտպանութեան նուիրուած 66 հազար կտրիճներ՝ իշխաններ եւ հասարակ շինականներ, գեղջուկներ հաւաքուեցան Աւարայր գիւղի մօտ. այնտեղ հաւաքուեցան նաեւ Յովսէփ Կաթողիկոսը, Ղեւոնդ երէ-ցը եւ ուրիշ բազմաթիւ եկեղեցական-հոգեւորականներ։
Պատերազմի նախընթաց գիշերը հսկումով եւ աղօթք-խնդրուածքներով անցաւ, եւ Կաթողիկոսի թոյլտուութեամբ Ղեւոնդ երէց քաջալերեց հայ զօրքը՝ որ չվախնայ բնաւ թշնամիի ահաւոր բանակէն։ Նոյնպէս քաջալերական ճառ խօսեցաւ նաեւ Վարդան եւ այնուհետեւ բոլորն ալ հաղորդուեցան։
Այս նշանաւոր ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 451 թուականի մայիսի 26-ին, այնտեղ ինկան հայ նշանաւոր իշխաններ եւ զօրքին մէկ մասն ալ ցիրուցան եղաւ։ Այս նահատակներու յիշատակը Հայոց Եկեղեցին կը տօնէ մինչեւ այսօր «Սրբոց Վարդանանց 1035 վկայից» անունով։
Երբ պատերազմի արդիւնքը իմացաւ Պարսկաստանը, անմիջապէս պարսից զօրքի հրամանատարը ետ կանչուեցաւ եւ Հայաստանի վրայ Արշական Ատրոմիզդը մարզպան կարգուեցաւ՝ երկիրը խաղաղութեամբ նուաճելու համար։ Սա ամէն կողմ նամակներ ուղարկեց՝ յորդորելով բոլորին իրենց տեղերը դառնալ եւ ազատօրէն իրենց կրօնը պաշտել։ Բայց միւս կողմէ ալ զէնքով աշխատեցաւ նուաճել զանոնք՝ որոնք տակաւին հաւատարիմ Վարդանի ուղղութեան՝ լեռներու մէջ ապաւինած կ՚աշխատէին պարսից զօրքին դիմադրել։
Ատրոմիզդը յաջողութիւն ունեցաւ, բռնի ուժով, բայց աւելի խաղաղութեան խօսքերով բոլոր նշանաւոր աշխարհական եւ հոգեւոր գործիչները կալանաւորեց եւ զանոնք Պարսկաստան ուղարկեց 452 թուականին՝ ուր պէտք է քննուէր այս ապստամբութեան գործը, որպէսզի յանցաւորը պատժուէր։ Դատաստանը արդարեւ տեղի ունեցաւ եւ Վասակը իբրեւ յանցաւոր պատժուեցաւ, բայց հայ եկեղեցականները բանտարկուեցան Ապար աշխարհի Նիւշապուհ բերդի մէջ եւ ապա Ռեւան գիւղի մօտ նահատակուեցան, 453 թուականի յուլիսի 26-ին։ Անոնք «Սրբոց Ղեւոնդեանք» անունով մինչեւ այսօր կը յիշուին եւ յիշատակը կը տօնուի Հայոց Եկեղեցիի մէջ։ Միեւնոյն Նիւշապուհ քաղաքի բանտի մէջ երկար ժամանակ բանտարկուած կը մնային հայ իշխաններ՝ 35 հոգի եւ միայն Պերոզի թագաւորութեան ժամանակ բանտէն ազատուեցան 461 թուականին, եւ յաջորդ տարին իրաւունք ստացան Հայաստան վերադառնալու 461 թուականի վերջերը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 11, 2026, Իսթանպուլ