ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գումգաբուի Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որ իսկապէս անմոռանալի դարձաւ փոքրիկներուն տեսակէտէ: Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի տղաքը հտպիտներու ուղեկցութեամբ մասնակցեցան Բարեկենդանի խրախճանքի ծրագրին, որ եզակի էր թէ՛ իր ճոխութեամբ եւ թէ աշակերտներուն վրայ գործած տպաւորութեամբ:

Այս նախաձեռնութեան կեանքի կոչման ճանապարհին աշխատանք տարած էր դպրոցի ծնողաց միութիւնը: Խրախճանքին արդիւ, վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր շնորհաւորեց բոլորը եւ մաղթեց, որ արժանի ըլլան Մեծ պահքէն ետք միասնաբար Ս. Զատիկը ողջունելու:

Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2026