ՄԱԷՍԹՐՈՅԻՆ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՄՐՑԱՆԱԿ

Կը տեղեկանանք, որ հայազգի աշխարհահռչակ երաժիշտ Կոնստանդին Օրբելեան արժանացաւ 2026 թուականի «Cultural Icon Award»ին։ Հարկ է նշել, որ այս մրցանակը ամէն տարի կը տրուի «ART ESTATE» ամսագրին կողմէ՝ մշակոյթի, արուեստի եւ ժամանակակից մշակութային միտումներու զարգացման ուղղութեամբ ակնառու ներդրում ունեցած անձնաւորութիւններու։ Մրցանակը կը տրուի համաշխարհային մշակութային ասպարէզի խորհրդանշական դէմքերուն, որոնց ազդեցութիւնը կը տարածուի մէկ երկրի կամ ժանրի սահմաններէն շատ աւելի հեռու։

Կոնստանդին Օրբելեան, որ խմբավար է, դաշնակահար եւ արտադրիչ, ցարդ չորս անգամ առաջադրուած է «Կրեմի» մրցանակին։ Ան 2021 թուականի յունիսին նշանակուած է Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» քաղաքային օփերայի երաժշտական տնօրէնն ու խմբավարը։

Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը տեղի ունեցած է յունուարի 31-ին, Նիւ Եորքի մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2026