ԱՇԽԱՐՀԸ ԳԵՂԵՑԻԿ Է, ԲԱՅՑ…

Աշխարհը իսկապէս գեղեցիկ է։

Արեւը ամէն առաւօտ հեզօրէն կը ծագի՝ առանց խտրութեան լոյս տալով լեռներուն, ծովերուն, ծառերուն ու լռութեան մէջ քնացող քաղաքներուն։ Քամին կը շոյէ տերեւները՝ առանց ատելութեան, անձրեւը կը թափէ իր օրհնութիւնը՝ առանց հաշիւ պահելու, իսկ երկիրը կը շարունակէ շնչել՝ նոյնիսկ երբ իր կուրծքը կը պատռուի։

Բայց այս գեղեցկութեան մէջ կայ խոր վէրք մը, որուն անունը մարդ է։ Մարդը, որ ծնաւ բնութեան գիրկը, բայց մոռցաւ մայր մը ունենալը։ Մարդը, որ ստացաւ խօսելու ձիրք, բայց սորվեցաւ վիրաւորել։ Մտածելու կարողութիւն ստացաւ, բայց ընտրեց կուրութիւնը։ Սիրտ ստացաւ, բայց զայն ծանրացուց ատելութեամբ։

Երկիրը մեզի տուն տուաւ, մենք զայն վերածեցինք ռազմադաշտի։ Ծովերը մեզի ճանապարհ եղան, մենք զանոնք լեցուցինք աղբով ու արեան յիշողութեամբ։ Ծառերը մեզի շունչ տուին, մենք զանոնք կտրեցինք՝ աւելի արագ շահի համար։ Կենդանիները մեզի լուռ եղբայրներ եղան, մենք զանոնք դարձուցինք խաղալիք կամ զոհ։

Մարդը չգիտցաւ սահման պահել։ Իր փափաքները դարձուց աստուած, իր եսը՝ օրէնք։ Ան ուզեց տիրել ամէն ինչի, բայց չսորվեցաւ պահպանել որեւէ բան։

Եւ ահա՛, երկիրը կը հիւանդանայ։ Ո՛չ թէ որովհետեւ ան թոյլ է, այլ որովհետեւ ան շատ համբերատար է։ Մայր Երկիրը կը տենչայ մեզ արթնցնել, բայց մենք կը շփոթենք անոր ցաւը բնական աղէտի հետ։ Մենք չենք ուզեր ընդունիլ, թէ մեր իսկ ձեռքերով կը փորենք մեր կործանումը։

Մարդու հիւանդագին բնոյթը միայն բնութեան դէմ գործուած բռնութիւնը չէ։ Ան նաեւ ներքին խզում մըն է։ Մարդը կը կորսնցնէ իր կապը իր խղճին հետ, կը սորվի ապրիլ առանց լսելու ներքին ձայնը։ Ան կը շինէ քաղաքներ, բայց կը կործանէ հոգիները։ Կը ստեղծէ մեքենաներ, բայց կը

մոռնայ զգալ։ Կը խօսի յառաջընթացի մասին, բայց յաճախ այդ յառաջընթացը կը սնանի ուրիշի կորուստով, լռութեամբ, արցունքով։ Հիւանդութիւնը այն է, որ մարդը կը սորվի արդարացնել իր դաժանութիւնը գաղափարներով, դրօշներով, շահերով…

Բայց, տակաւին յոյս կայ։ Քանի նոյն մարդը, որ կրնայ քանդել, կրնայ նաեւ սիրել։ Նոյն սիրտը, որ սորված է ատել, կրնայ նորէն սորվիլ կարեկցանքը։ Նոյն ձեռքերը, որոնք այրեցին, կրնան նաեւ բուժել։ Քանզի մարդը միայն քանդող չէ։ Ան նաեւ միակ արարածն է, որ կրնայ գիտակցիլ իր մեղքին, ամչնալ, զղջալ եւ փոխուիլ։ Մարդու մէջ կայ սէր, որ կրնայ կանգնեցնել պատերազմը եւ կարեկցանք, որ կրնայ բուժել վէրքը։ Հիւանդութիւնը անբուժելի չէ, եթէ մարդը յիշէ, որ ինք հիւր է այս աշխարհին մէջ, ոչ թէ տիրակալ։

Եթէ մարդը կրկին սորվի լսել քամիին ձայնը առանց զայն խլացնելու, եթէ օր մը մարդը նորէն լսէ իր խղճին ձայնը, եթէ օր մը ան սորվի խոնարհիլ գեղեցկութեան դիմաց, նայիլ գետին առանց զայն թունաւորելու եւ նայիլ ուրիշ մարդուն՝ առանց զայն թշնամի դարձնելու, ապա աշխարհը պիտի շարունակէ գեղեցիկ ըլլալ։ Ո՛չ թէ որովհետեւ մարդը պիտի փոխէ աշխարհը, այլ որովհետեւ վերջապէս պիտի որոշէ չհիւանդացնել զայն։

Գուցէ խնդիրը մարդ ըլլալը չէ, այլ մոռնալ՝ մարդ մնալը։ Մոռնալ՝ որ մենք հողէն ենք եւ հողին պիտի դառնանք։ Մոռնալ՝ որ մենք տէրը չենք այս աշխարհին, այլ հիւր ենք միայն։

Մինչ այդ, այս խօսքը կը մնայ որպէս ծանր յիշեցում՝ աշխարհը գեղեցիկ է… բայց մարդը դեռ անոր ամենածանր հիւանդութիւնն է։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2026