ՄԵՍՐՈՊԱԾԻՆ ՀՐԱՇՔ

Կը դիտեմ քեզ: Կը դիտեմ անկուշտ ու վայրագ: Ու երկարօրէն քեզի կը նայիմ:

Միշտ աչքերուս մէջ ես: Ու մտածումներէս կառչած, անօրինակ զգացում մըն է, որ կրկին կը բարձրանայ կուրծքիս վրայ ու արագօրէն կը լեցնէ հոգիս:

Սուրբ, պարզ ու անմեղ տառերդ, արդէն իսկ ներգրաւած են նայուածքս: Մանկութենէս քեզի հետ եղած եմ միշտ: Ինքնաճանաչման գնացքս քեզմով սկսած էր:

Դուն ինծի համար այն տաճարներէն ես, որոնք երկինքէն կախուած լապտերներ կ՚ունենային եւ որոնք լուսնի լոյսի կարկտաններով կը ջերմանային: Քեզմով է, որ ես զիս ճանչցած էի:

Ու այսօր իսկ, այս տարիքիս, դարձեալ անկուշտ կը դիտեմ քեզ ու մանուկի մը նման ամբողջ մարմնովս կը դողամ, ուրախութեան սարսուռով:

Յետո՛յ... յետոյ, սակայն, վերջ ի վերջոյ ո՞վ եմ ես, որ այդպէ՛ս յանդուգն աչքերուդ մէջ նայելով, պեղել կը փորձէ տառերովդ ստեղծուած ամբողջ թանգարանները: Ամբողջ անցեալիդ հարստութիւնը: Պէտք է գիտնաս եւ աւելին՝ պէտք է գիտնայիր, որ դուն տարիներէ ի վեր ինծի համար երկինքէն իջած, ծնունդ առած բարի հրաշք մըն էիր, Աստուածային տեսիլքով եւ աչքերուդ մէջ լուսաղբիւրի մը ծագումով:

Եւ ահա տասնամեակներով պարզ ու անմեղ, նոյնիսկ կեանքիս փոթորկոտ ալեկոծումներուն հետ քեզ պտտցուցի:

Ըսի՛: Տարիներ առաջ, ծնողքս, յաճախած հայ վարժարանս, քե՛զ, իբրեւ մատաղ, իբրեւ մեծ աւանդ, ինծի հրամցուց: Ու ես մի՛շտ փորձեցի պահել, որպէսզի մի՛շտ վերապրէի:

Իսկ այժմ, բնածին ուժ մըն է, որ կ՚արթննայ մէջս ու կը վանէ ժամանակի ամչկոտ զգացումը: Բառերս, այս առթիւ ինքնաբերաբար մարմին կը հագնին ու անցեալի անուշ մեղեդին յանկարծ ծնունդ կ՚առնէ:

Ու բոլորին կը յայտնեմ գաղտնիքս... ՔԵ՛Զ սիրած եմ..., ո՛չ... ո՛չ... ՔԵ՛Զ պաշտած եմ:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, անկէ ետք ու մինչեւ այսօր երջանիկ եմ, որովհետեւ աչքերուս եւ մտքիս մէջ քեզի ապաստան տուած էի: Տաքուկ եւ քաղցր: Հաստատ եւ ամուր: Խոստովանիմ, որ թէեւ մանուկ օրերուս, փոքր ու կղզիացած ուղեղս, չէր կրցած գիտակցիլ հսկայութեանդ: Բայց անկէ ետք, երբ Քեզ աւելի մօտէն ճանչցայ, հպարտութեանս հուրը Քեզ պաշտել տուաւ:

Քեզմով աղօթեցի, քեզմով կենակցեցայ, սիրեցի, խօսեցայ ու քեզմով հսկեցի գաղափարներս, որպէսզի զիս չդաւաճանեն:

Մի՛ մոռնար, որ երբ շատ մօտիկէն Քեզի ու հոգիիդ գաղտնիքներուդ մօտէն ծանօթացայ, որոնք սկսած էին շրջիլ ամէնօրեայ մտածումներուս մէջ, շատ սիրեցի Քեզ:

Ու նոյն այդ սէրն էր, որ յաճախ նայուածքիս ջերմութիւն եւ արեւ բերաւ ու դէմքիս ալ խանդավառ ցնծութիւն եւ յոյսերուս առատ երազ:

Ու այսօր կրկին կ՚ըսեմ.- սիրած եմ Քեզ: Արդէն նախապէս ալ յայտարարած եմ ու կրկին կը յայտարարեմ՝ նոյնքան հաստատ: Հաւատայ... նոյնը կ՚արձագանգեն զգացումներս ալ՝ միատեղ:

Հիմա որ աչքերուս մէջն ես, Քեզ կը դիտեմ տողերուս վրայ, նոյն անձկութեամբ ու նոյն բաղձանքով, եւ նոյն երազկոտ բոցով, սիրտս վայրկենապէս կը ցանկայ տարիներու նոյն հաճելի ու ցանկալի իր պարը պարել:

Հաւատա՛, որ այսպէս աչքերուս մէջ պիտի մնաս, ալ Քեզ փնտռելու կարիքը չունիմ: Կը խոստանամ այդպէս ալ պահել այնքան ատեն, որ տառերդ դէմքիս նոր փայլ կու տան, ու միաժամանակ մտածումներուս հարազատ թարգմանը սիրայօժար կը դառնան:

Քեզ այսպէս կ՚ուզեմ պահել, միայն թէ դո՛ւն, ո՜վ սիրելիս, յիշողութեանս մէջ  մնա՛, որպէսզի հոգիս հանդարտութեամբ օրօրուի, եւ միտքս ալ իր կապոյտ երազները միշտ վերապրի:

Մնա՛ մօտս, դո՛ւն Մեսրոպածին հրաշք ԱՅԲՈՒԲԵՆՍ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Լոս Անճելըս

Շաբաթ, Փետրուար 14, 2026